Թիւ 367 - «ԲԱՐՁՐԱՑԻ՛Ր-ԲԱՐՁՐԱՑՈ՛ՒՐ»
(Հ.Մ.Ը.Մ.Ի 95-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)

 

Բարձրանալու ձգտումը մարդկային է։ Մարդ էակը այդ ձգտումով կ’արժեցնէ իմացական ու բարոյական իր գերակայութիւնը կենդանական աշխարհին վրայ։

Հակառակ այն իրողութեան, որ կենդանիներու մօտ եւս մտքի եւ բարոյականի ըմբռնումը երբեմն կը համապատասխանէ մարդկայնական իտէալներու, մենք կը հաւատանք սակայն այն աւանդութեան, որ կ’ըսէ թէ՝ «Աստուծոյ պատկերով ստեղծուած է մարդը», այսինքն՝ կատարեալին ձգտումը, ազնիւին ու բարիին հասնելու տենչը, սիրոյ եւ եղբայրութեան ծարաւը միայն մարդը կրնայ գործնական արտայայտութեան վերածել։

«Բարձրանալ»ու հանգանակը անհատական նպատակ մը ըլլալով հանդերձ՝ հաւաքական կոչում մըն ալ կ’ենթադրէ։ Մարդկային ընկերութեան մէջ ապրող ամէն անձ, որքան ալ հարուստ ըլլայ նիւթական, մտաւորական ու հոգեկան կարողութիւններով, ան կախեալ է հաւաքականութենէ մը, որուն մաս կը կազմէ ան մարդկային, ազգային կամ միութենական գծով։ Հաւաքականութեան մը արժէքներն ու շահերը այս պարագային նոյնքան պարտադիր ուժ ունին՝ որքան անձնական շահերը։ Ու եթէ մարդիկ ներդաշնակուելու ստիպողութեան կը հաւատան կեանքի մէջ, անպայման պիտի ունենան նաեւ ձգտումը համամարդկային այն կոչին, որ կ’ըսէ՝

- «Մի՛ ըներ ուրիշին այն, ինչ որ չես ուզեր որ ուրիշը ընէ քեզի։ Ըրէ՛ ուրիշին այն, ինչ որ կ’ուզես որ ուրիշը ընէ քեզի»։

Մարդ էակին արժանապատուութիւնը ճշդելու ամէնէն անսխալ փորձաքարն է այս։ Ու կը մղուինք ենթադրելու, թէ մարդիկ իրենց կեանքի ամէնէն դժուար քննութիւնը կու տան այս ճամբուն վրայ։

Այս իմաստով, բարոյական ու մարդկային խորիմաստ հանգանակ մըն է այն, զոր 1918-ին բանաձեւեցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադիրները, անոնք որոնք հայ մարմնակրթական շարժումին ռահվիրաները եղան.

- «Բարձրացի՛ր-բարձրացո՛ւր»։

Մի՛ գոհանար բարձրանալու ձգտումով, որ անհատաբար միայն քեզ կը շահագրգռէ. ունեցիր նաեւ իտէալը ուրիշները բարձրացնելու, ինչ որ բովանդակ ազգը կը շահագրգռէ։

Ձգտէ՛ բարօրութեան, սակայն ջանա՛ որ շուրջդ տկարներ ու կարօտեալներ չմնան։

Ձգտէ՛ փառքի, սակայն փառքի բաժին մըն ալ ճանչցիր նաեւ նմաններուդ համար։

Ձգտէ՛ հոգեմտաւոր զարգացման, սակայն աջակցէ նաեւ ուրիշներու իմացական վերելքին։

Ձգտէ՛ գոյութեանդ ապահովութեան, սակայն մի անտեսեր ազգային հաւաքականութեանդ ապահովութիւնը։

Կը հետեւի, ուրեմն, որ եթէ «բարձրացո՛ւր»ը չ’ընկերանար «բարձրացիր»ին՝ ընկերութեան մէջ անխուսափելի կը դառնայ անհաւասարակշռութիւնը։ Անխուսափելի կ’ըլլան ատելութիւնն ու թշնամանքը, չար մրցակցութիւնն ու քէնը, փոխադարձ նախանձն ու անհանդուրժողութիւնը։ Իսկ տուժողը ուրիշները չեն ըլլար, այլ՝ բոլոր անոնք որոնք կը յաւակնին իրենց անհատական բարձրացումին մէջ անխոցելի նկատել իրենց անձերը, փառքերը, հարստութիւնը, մտաւոր պատրաստութիւնը եւ ամէն ինչ։

Բարձրացող ու բարձրացնող մարդն է, որ սիրոյ, ներդաշնակութեան, բարութեան, կատարելութեան եւ հաւաքական վերելքի ճամբան կը հարթէ ընկերութեան դիմաց։ «Բարձրացուր»ին դաւանանքն է, որ մարդուն կու տայ հանրային եւ հաւաքական դերակատարութեան կոչումը եւ արժանաւորութիւնը։

Ու մենք, իբրեւ հայ թէ իբրեւ հայութիւն, այսօր, բոլոր ժամանակներէ աւելի կարօտը ունինք այս դաւանանքի խոր համոզումին ու անկեղծ գործադրութեան։

Տարածենք