Թիւ 370 - Օ՛Ն, ԿՐՏՍԵՐ ՍԵՐՈՒՆԴ
(ԱԿՆԿԱԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ 95-ԱՄԵԱԿԻ ԱՌԻԹՈՎ)

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի 95-ամեակի տօնակատարութիւններուն հետ, բոլորին աչքերը սեւեռած են միութեան կրտսեր սերունդին, այսօրուան գայլիկ-արծուիկին, մարզական խումբերու դողդոջ ներկայացուցիչին, որ վաղը, միւս օր կոչուած է ըլլալու միութեան առաջնորդող տարրը։ Ինչե՜ր չեն թագնուած այդ սերունդի ներաշխարհին մէջ. ի՜նչ երազներ, ի՜նչ ծրագիրներ։ Այդ վառվռուն աչքերը, որոնք միութեան ապագան կը ցոլացնեն, իրենց բոցկլտող կրակը առած են անցեալէն ու իրենց սէգ նայուածքը ուղղած են ապագային։

Այսօրուան կրտսեր սկաուտը կամ մարզիկը վաղուան երէց-պարմանուհին է, ներկայացուցչական խումբի մարզիկը, հուսկ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի վարչականն ու պատասխանատուն։

Կրտսեր Հ.Մ.Ը.Մ.ականը ազգին կորիզն է, վաղուան ազգը ամբողջ։

Կրտսեր Հ.Մ.Ը.Մ.ականները գիտե՞ն այս բոլորը։

Կրտսեր Հ.Մ.Ը.Մ.ականները ունին իրենց երազները, ծրագիրները։ Անոնք պէտք ունին անբասիր առաջնորդներու։ Անոնք պէտք ունին իրենց հոգերով զբաղող պատասխանատուներու։

Իւրաքանչիւրը ունի իր երազը, որ ազգի մը երազն է։ Բոլորն ալ բարի երազներ են, շինիչ նպատակով։ Բոլորն ալ ունին իրենց իտէալները, ուրեմն՝ բոլորն ալ իրաւունք ունին ապրելու։

Կրտսեր Հ.Մ.Ը.Մ.ականը բոլոր կրտսերներէն աւելի ձգտում մըն ալ ունի.- ծառայել ազգին ու հայրենիքին։ Կրտսեր Հ.Մ.Ը.Մ.ականին աւիւն տուող ազգն ալ ունի իր ձգտումը, որ բոլորին իտէալներուն խտացումն է.- ամբողջական ու հզօր Հայաստանը։

Բոլոր ազգերէն աւելի մե՛նք սիրած ենք հայրենիքը եւ անոր համար զոհած ենք ամէն ինչ։

Արդ, կրտսեր Հ.Մ.Ը.Մ.ականէն կ’ակնկալուի առաջին հերթին ըլլալ եռանդուն հայրենասէր եւ ամէն ճիգ ի գործ դնել ապագային այդ հայրենասիրութիւնը գործնապէս արտայայտելու համար, ամբողջական ու հզօր Հայաստանը քար առ քար կերտելու համար։

Կրտսեր Հ.Մ.Ը.Մ.ականը, իբրեւ պարտականութեան գիտակից, արի ու վեհանձն մարդ, կը սպասուի որ գիտնայ արժէքը կարգապահութեան եւ հնազանդութեան։ Արդարեւ, կեանքի մէջ յաջողելու գլխաւոր պայմանը կարգապահութիւնն է։ Գիտակցութենէ մղուած հնազանդութիւնը կարգապահութեան լծակն է։ Կարգապահութեամբ երաշխաւորուած անձերը եւ հաւաքականութիւնները միայն կրնան իրենց վստահուած գործերը յաջողութեամբ կատարել։

Կրտսեր Հ.Մ.Ը.Մ.ականը կը պատկանի այն միութեան, որ իրեն հաւատամք ընդունած է հայութիւնը։ Հետեւաբար, իբրեւ հայ կարենալ ապրելու համար, կրտսեր Հ.Մ.Ը.Մ.ականին անհրաժեշտ է նուիրում։ Անհրաժեշտ է Արարատի հաւատք՝ հայու աննկո՛ւն հաւատք։

Օ՛ն, կրտսեր Հ.Մ.Ը.Մ.ական, 95-ամեակը կը պատգամէ՝
Ծառայել գաղափարին, երբեք՝ մարդոց։
Ծառանալ ընդդէմ չարին, ըլլալ պաշտպանը արդարին ու բարիին։
Հպարտանալ հայութեամբ եւ հայօրէ՛ն քալել առաջ։

Որովհետեւ՝
Քուկդ է ապագան։ Բոլորին յոյսերը կապուած են քեզի։ Չդողաս ու չսայթաքիս։
Քալէ՜ հաստատ, Հ.Մ.Ը.Մ.ականի ոգիով ու հայու հաւատքով։

Տարածենք