Թիւ 376 - ՀՈԳԱՏԱՐ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆ
(95-ԱՄԵԱԿԻ ԱՌԻԹՈՎ ԱԿՆԿԱԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԵՐԷՑ ՍԵՐՈՒՆԴԷՆ)

 

Ամէն միութիւն նախ պէտք ունի ժառանգութիւն ստեղծողներու, ապա՝ ժառանգութիւնը պահողներու եւ անոր վրայ նոր բան աւելցնողներու։ Ժառանգութիւնը, միութեան մը պարագային, բարոյական¬միութենական այն արժէքներն են, գործի եւ վաստակի տարիներու այն գումարն է, որ միութիւն մը միութի՛ւն կը դարձնէ, անոր ինքնուրոյն նկարագիր եւ դիմագիծ կու տայ։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի 95¬ամեակի մեր ակնկալութիւններու շարքին, միութեան կրտսեր եւ միջին սերունդներուն անդրադառնալէ ետք, կարգը հասած է երէց սերունդին՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ական ժառանգութիւն ստեղծած քոյրերուն եւ եղբայրներուն, որոնք տասնամեակներու ծառայութենէ ետք՝ այժմ հրապարակի վրայ չեն, սակայն արժանի են յատուկ ուշադրութեան եւ գնահատանքի։

Կար ժամանակ, երբ երէց սերունդի այս ներկայացուցիչները իրենց հաւատքին զօրութեամբ եւ միութենական գիտակցութեամբ, գիշերը ցերեկին խառնած, անկարելին կարելի կը դարձնէին Հ.Մ.Ը.Մ.ական գործը յառաջ տանելու համար։

Կար ժամանակ, երբ նոյն սերունդի ներկայացուցիչները հանգիստ, ժամանակ եւ հաճոյք կը զոհէին, իրենց ժողովուրդի ծառայութիւնը կեանքի նպատակ դարձուցած։ Անոնք հաւաքական շահը կը նկատէին անձնական շահերէ գերիվեր, հաւաքական նպատակներն ու նախաձեռնութիւնները՝ սեփականէն առաջնահերթ։

Այսօր, սպիտակահեր այդ քոյրերու եւ եղբայրներու նուիրումի պատրաստակամութենէն բան չէ պակսած, սակայն տարիքի բերումով անոնք այլեւս չեն ցուցաբերեր իրենց անցեալի կենսունակութիւնն ու աշխուժութիւնը։ Կան նաեւ անոնք, որոնք պահած ըլլալով հանդերձ երբեմնի իրենց խանդն ու կորովը, դրօշարշաւի տրամաբանութեամբ, իրենց տեղերը զիջած են աւելի երիտասարդներուն։ Ինչ ալ ըլլան պարագաները, սակայն, ամէն ինչ աւարտած չէ այս սերունդին համար։

95¬ամեայ Հ.Մ.Ը.Մ.ը կ’ակնկալէ, որ միութեան երէց սերունդի ներկայացուցիչները իրենց շուքը անպակաս ընեն մեր ներկայէն եւ տարիներու քրտինքով շահած իրենց փորձառութենէն չզրկեն նորերը, որոնց՝ գործին հանդէպ ունեցած խանդավառութիւնը առանձինն կրնայ բաւարար չըլլալ նոր իրագործումներ արձանագրելու համար։

Երէցներու հոգատար ներկայութիւնը շատ բան կրնայ թելադրել նորերուն։ Անոնց խստաբիբ ու պահանջկոտ մօտեցումները կրնան զգաստացնել նպատակասլաց աշխատանքէ տկարացողներն ու խուսափողները։ Միութենական արժէքներ կրողներու դիմաց, նորերը կը պարտաւորուին հազար հաշիւ կատարել՝ նախքան միութենական ժառանգութիւն մը մսխելը կամ արհամարհելը։

Երէցները ակնածանք կը պարտադրեն նորերուն եւ կը մնան օրինակելի՝ տարիներու իրենց զոհաբերութեան գումարով եւ հաւատքով։

Երէցները մեր պատմութիւնն են, հետեւաբար՝ մեր հպարտութիւնը, անոնց ներկայութիւնը մեր մօտ, մեր մէջ, աւելի քան երբեք անհրաժեշտութիւն է այսօր եւ մի՛շտ։

Տարածենք