Թիւ 378 - ՀԱՐՑՈՒՄ ՄԸ
(ԵՂԲ. ՄԻՀՐԱՆ ՇԻՄՇԻՐԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ)

 

Ոչ եւս է եղբայր Միհրան Շիմշիրեան։ Ա՛լ չկայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան բազմավաստակ անդամը, շրջահայեաց ղեկավարը, հաւատաւոր միութենականը, ժրաջան գանձապահն ու «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի ներկայացուցիչը։ Մեծ մը միութեան մեծերէն, մեծ՝ իր նուիրումով, մեծ իր վաստակով ու մեծ իր արժանիքներով։

Բայց արդեօք մեծերը կը մեռնի՞ն. Յովհաննէս Շահինեանը, Նշան Թիւսիւզեանը, Վարդգէս Տէր Կարապետեանը, Տոքթ. Միսաք Արզումանեանը մեռա՞ծ են…

Մեծերը չեն մեռնիր, որովհետեւ անոնք ապագայի հիմնադիրները կը հանդիսանան, հետեւաբար անոնց գործերը կը շարունակուին նոյնիսկ իրենց բացակայութենէն ետք։

Եղբայր Միհրան Շիմշիրեան Հ.Մ.Ը.Մ.ի ապրող սերունդի վերջին մեծերէն էր, այն հազուադէպ օրինակներէն, որոնց կեանքն ու վարքը կրնան ուղեցոյց ըլլալ յաջորդական սերունդներու։

Մեծերը մեծ են իրենց գործով, խօսքով, մտածումով եւ շրջապատին հետ իրենց յարաբերութիւններով։ Եղբայր Միհրան մեծ էր բառին իսկական առումով, որովհետեւ սկաուտութեան հիմնադիրին կեանքի սկզբունքը դարձուցած էր ի՛րը։ Պէյտըն Փաուըլի նման ան կը հաւատար, որ կեանքի երջանկութիւնը չի կայանար հարստութեան եւ յաջողութեան մէջ, այլ՝ իսկական երջանկութիւնը մարդ կը գտնէ ուրիշներուն օգտակար դառնալուն մէջ։ Ան ապրեցաւ այս համոզումով, տուաւ ի՛նչ որ ունէր, տուաւ անսակարկ, հասոյթի գլխաւոր աղբիւր ունենալով իր հարուստ հոգին։

Միութենական պարտականութեամբ եղբայր Միհրան աշխարհը շրջեցաւ քանի մը անգամ։ Ան ծանօթացաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի համահայկական կառոյցի բոլոր միաւորներուն։ Վերջին կէս դարուն չպատահեցաւ համա¬Հ.Մ.Ը.Մ.ական նախաձեռնութիւն մը, որուն մասնակիցը, կազմակերպիչը կամ աջակիցը չեղաւ ան։ Եղբայր Միհրան ապրեցաւ ամէնուն շունչով, բոլորին համար։ Ունեցաւ առաքելութեան մը ձգտումը, հաւատաց արժէքներու, որոնք ո՛չ ժամանակ կը ճանչնան, ո՛չ ալ աշխարհագրական սահման։ Ան գործեց անմնացորդ նուիրումով եւ իր միութեան տուաւ նկարագիր ու դիմագիծ, իր ժողովուրդին՝ պատիւ ու հպարտութիւն։

Եղբայր Միհրան հաւատաց, որ յառաջդիմելու, թրծուելու եւ ազգովին կատարելագործուելու խթան մըն է Հ.Մ.Ը.Մ.ը։ Իսկ Հ.Մ.Ը.Մ.ը պահողը նիւթականը չէ, որքան՝ ոգեղէն արժէքներու հարստութիւնը, բարոյական այն ուժը, որմով կերտուած է այս միութեան փառքը առաւելաբար։

Դժուար է, բայց պէտք է հաշտուիլ մեր մեծ եղբօր մեծ կորուստին հետ։ Ի վերջոյ «Կեանքը իր ճամբով, մահը իր ճամբով»։ Սակայն, եղբայր Միհրանի եւ իր նմաններու կորուստին հետ չենք կրնար չմտահոգուիլ իրեն արժանի յաջորդներու ապագայով, իր եւ իր սերունդին գործը նոյնքան նուիրումով եւ բարեխղճութեամբ շարունակելու կարելիութեամբ։

Ի՞նչ ընել եւ ի՞նչպէս ընել, ուրեմն, որպէսզի անտէր չմնայ եղբայր Միհրանին եւ իր նմաններուն միութենական ժառանգութիւնը, որպէսզի պատրաստուած նոր ուժեր լեցնեն պարպուած դիրքերը, որպէսզի արշալոյսները յաջորդեն վերջալոյսներուն։

Հարցում մը, որուն պատասխանը եղբայր Միհրան պիտի փափաքէր ունենալ անպայմա՛ն։

Տարածենք