Թիւ 16 - ՀԱՄԱՍՓԻՒՌՔԵԱ՛Ն

 

Պարզ է, որ հայկական գաղթօճախները ինքնանպատակ չեն չեն կրնար ըլլալ կամ մնալ, որովհետեւ անոնց՝ գաղթօճախներուն հիմադրութիւնը, կազմաւորման պատճառները նոյնն են, արիւնլուայ նո՛յն թուականի ծնունդ եւ նոյն պատճառներու հետեւանք։

Տրամաբանութեան բնական ընթացքով, մեր բոլոր գաղթօճախները գոյութեան նոյն նպատակն է որ կը հետապնդեն, ժամանակաւոր «հանգստաւէտ կամ ապահով» թաքստոցներու վիճակը կը պարզեն, առժամեայ են, առժամեայ պէտք է հռչակուին, մինչեւ, «մինչեւ բացուին դռներն յուսոյ»։

Մինչեւ բացուին դռներն յուսոյ, գաղթականութի՛ւնն է որ տեսակ կը փոխէ, կ’արձանագրուին գաղթականութեան մէջ գաղթականութիւններ, կը շարունակուի տեղի փնտռտուքը, սակայն անփոփոխ կը մնայ հարազատ տան հասցէն։

Գաղթօճախները շատ են, բազմազան են, բազմազան խնդիրներով, բարդ ընթացքով, սակայն, ինչ ալ ըլլայ իւրաքանչիւրի ներկան կամ ապագան, այդ գաղթօճախներու գումարն է որ կը կոչուի Սփիւռք։

Իսկ Սփիւռքը մէկ ամբողջութիւն է։ Ան առաքելութիւնը ունի հայրենիք ապրեցնելու՝ հայրենիքէն հեռու, հայրենիքի՛ն համար, եւ, իր անմիջական կամ հեռաւոր, սակայն մնայուն եւ անվերաքննելի նպատակն է՝ տուն դարձ։

Այս իրողութեան լոյսին տակէ, որ աշխատանքի կարկինները կը բացուին տակաւ, մտածողութիւնները կը խորանան եւ կը նոյնանան։

Ա՛յդ է։

Ազգային մեր դժուարութիւնները կը յաղթահարուին միայն համագաղութային գործակցութեամբ եւ լրացումներով, ինչպէս եւ մեր ազգային ձգտումները առաւել կարելիութիւններ կը ստեղծեն, երբ առ այդ շարժումները կ’ըլլան ներդաշնակ եւ համընդհանուր։

Համասփիւռքեան մտածողութիւնը եւ գործելակերպը ամրացնելու ճամբան անկասկած որ կþանցնի միջ-գաղութային շփումներէն, միջ-գաղութային կապերէն եւ միջ-գաղութային գործակցութենէն։

Իր հիմնադրութենէն ի վեր, Հ.Մ.Ը.Մ. համագաղութային եղաւ գործով եւ Հ.Մ.Ը.Մ. ամէնէն երախտաշատ արդիւնքը արձանագրեց միջ-գաղութային շարժումներու ճամբով։

Պարզապէս յիշենք միջ-մասնաճիւղային հանդիպումները, յիշենք տողանցող կակուղ թաթիկներէն մինչեւ միւս երիտասարդները, դնդերաւոր ու հաւատաւոր բանակ, ու զանոնք դիտող յուսալից բազմութիւններն ու անոնց խորհրդաւոր լացը, ի տես զանազան դրօշներու մէկ ու նոյն դրօշով առաջնորդուելու փաստին։

Այսօր, միջ-գաղութային շարժումներու մղիչ նոյն միութիւնը՝ Հ.Մ.Ը.Մ. արդէն ԿԱՆՈՆԱԳՐԱՅԻՆ կառոյցով ալ դարձած է համագաղութային։

Այլ բացատրութեամբ, եթէ Հ.Մ.Ը.Մ. երէկ ազգային բնազդով կը գործէր, իր գործի բնականութի՛ւնն էր միջ-գաղութային կապի թրթռացումը, այսօր այդ կապի ամրացումը արդէն պահանջ ու պարտաւորութիւն է Հ.Մ.Ը.Մ.ին համար։

Գործը այսօր աւելի լայն է, աւելի հիմնական, աւելի պատկառելի, հետեւաբար՝ աւելի գործակցութիւն ակնկալող։

Համագաղութային, համասփիւռքեան տիրականութեամբ մարզիկ ու մարզասէր հասարակութիւն շարժելու յանձնառութեան տակ է Հ.Մ.Ը.Մ.ը, որուն համար անհրաժեշտ վարկը պէտք է քուէարկուի բոլորի՛ն կողմէ։

Կեդրոնական Վարչութիւն, միջ-գաղութային շարժումներու Կեդրոնական Օրգան, կեդրոնակա՛ն մնալու եւ կեդրոնացնելո՛ւ համար ազգային մեր ձգտումները, ԳՈՐԾՈՎ բարձրացած են ԿԱՆՈՆԱԳՐԱՅԻՆԻ՛Ն, որով գրաւականները չեն կրնար տարակուսանքի տակ առնուիլ։

Օր մը հաւաք Կիպրոսի մէջ, յաջորդ օր՝ Ֆրանսայի, այսօր՝ Գանատայի։

Պարզ է։ Վաղը՝ Կեդրոնական Վարչութի՛ւնը կ’որոշէ թէ ո՛ւր։

Համասփիւռքեան տարողութեամբ արդիւնքներու հասնելու համար, միջ-գաղութային եռուզերը պէտք է խոչընդոտ չճանչնայ։

Տարածենք