Թիւ 379 - ՏԵՒԱԿԱՆ ԱՐԺԷՔԸ

 

Առաջնորդել եւ առաջնորդուիլ, ղեկավարել եւ ղեկավարուիլ, այս է ընկերային, հասարակական, միութենական թէ ընտանեկան կեանքին հիմնական սկզբունքը։

Չկայ որեւէ հաստատութիւն, կազմակերպութիւն թէ պետութիւն, որ առանց առաջնորդի եւ ղեկավարութեան կարենայ գոյութիւն ունենալ եւ արդիւնքի հասնիլ։

Առաջնորդելու համար պէտք է խոր հաւատք ունենալ մեր քարոզած սկզբունքներուն եւ, յարատեւօրէն ու հաւատարմօրէն, մեր կեանքով հաստատել այդ սկզբունքները։

Աշխատանք մը կատարելու, ծրագիր մը յաջողցնելու հրահանգ արձակող առաջնորդը բոլորէն առաջ ի՛նք պէտք է գործնապէս օրինակ դառնայ առաջնորդուողներուն։

Ազգերու եւ միութիւններու պատմութեան մէջ կարելի է հանդիպիլ բազմաթիւ առաջնորդներու, որոնք յաջողած են իրենց հետեւորդները նուաճումներու բարձունքին հասցնել, պարզ այն պատճառով որ հաստատ համոզումը եւ հաւատքը ունեցած են իրենց իտէալին, քաջութիւնը` իրենց կեանքին գնով հաստատելու առաջնորդի իրենց դերը։

Հարցը անպայման կուռքերու կամ գերբնական կարողութիւններու տէր մարդոց չի վերաբերիր։ Հրաշագործութիւններու ժամանակն ալ շատոնց անցած է։ Պէտք է իրապաշտ ըլլալ եւ ընդունիլ, որ հարցը շատ աւելի պարզ է։

Կեանքի առօրեան շատ դասեր կը պարունակէ իր մէջ։ Մենք ամէն օր կը գործենք։ Մենք ամէն օր առաջնորդի դեր կը ստանձնենք։ Սկաուտական խմբակի մը վարիչը, մարզական խումբի մը մարզիչը, մասնաճիւղի մը վարչական մէկ անդամը առաջնորդ մըն է։ Ան եթէ լաւ կատարէ իրեն վստահուած պարտականութիւնը եւ յարատեւէ իր գաղափարական գործին մէջ, ինքնին յարգուած առաջնորդ մը կը դառնայ։ Մեծ ու պզտիկ առաջնորդներու գումարն է, որ հաւաքականութեան մը համար տեւական արժէք կը ներկայացնէ։

Հ.Մ.Ը.Մ. այս սկզբունքով գործեց անցնող 96 տարիներուն, իբրեւ առաջնորդ ունենալով ոչ թէ հրաշագործ դէմքեր, այլ՝ բարոյական հզօր ուժով, բարեխիղճ ու յարատեւ աշխատողներ, որոնք իրենց բովանդակ կեանքը զոհաբերեցին հաւաքականութեան շահին համար, միութեան վերելքին համար, հայակերտման վեհ գործին համար։ Դէմքեր, որոնք ո՛չ միայն բարոյական արժէքներու անունով խօսեցան, այլեւ՝ այդ արժէքներով գործեցին։ Ու ո՛չ միայն հաւատացին այդ արժէքներուն, այլեւ՝ այդ արժէքներով ապրեցան իրենց կեանքն ու իտէալը։

Շատերը այդ դէմքերէն ունեցան համեստ եւ անշուք կեանք մը եւ, սակայն, դարձան մեծ հեղինակութիւններ, ուժ եւ հմայք ունեցող առաջնորդներ։ Անոնց կենդանի օրինակը, գործի դաշտ նետուելու, ամէնէն աւելի զոհաբերուելու պատրաստակամութիւնը կ’ոգեւորէ մեզ, թափ ու թռիչք կու տայ մեր շրջապատին, մեր գործին ու մեր գաղափարականին, պատուիրելով մեզ միշտ ընթանալ անոնց ուղիով, արժանի ըլլալու համար մեր անցեալին, մեր ներկային, այլ մանաւանդ՝
Մեր իտէալին
Եւ լուսապայծա՛ռ ապագային։

Տարածենք