Թիւ 380 - ՏՕՆԱՀԱՆԴԷ՛ՍԸ

 

Մոնտիալ է դարձեալ. ֆութպոլի սպասուած տօնը, տօնահանդէ՛սը։ Աշխարհի չորս ծագերուն տօնական ցնծութիւն է 32 օր։ Մարդկութիւնը կ’ապրի մոնտիալի կշռոյթով, մրցակցութեան, բախտի եւ յաղթանակի անսահման վայելքով։ Երազն ու իրականութիւնը խառնուած են իրարու։ Մարզասէրներ ֆութպոլի անցեալը, ներկան ու ապագան կը փորձեն տեսնել մոնտիալի ընդմէջէն։

Բոլոր ճամբաները կը տանին… Պրազիլ, ուր մոնտիալի կազմակերպիչները կը խոստանան ներկայացնել անմոռանալի ու գեղեցիկ աւարտականներ։ Գեղեցիկ աւարտականներ՝ գեղեցիկ ֆութպոլի հայրենիքին մէջ, ուր Փելէն եւ Կարինչան, Զիքոն եւ Սոկրատեսը, Ռոմարիոն եւ Ռոնալտոն ֆութպոլի պատմութեան փառքը հիւսած են յաղթանակի իրենց սամպաներով։

Գրաւիչ է մոնտիալը, կախարդական նկատուելու աստիճան։ Մոնտիալի «փոքրիկ կախարդ»ին՝ կլոր գնդակին շուրջ կը միանան աշխարհի բոլոր ժողովուրդները։ Կը խօսին անոր լեզուով։ Կ’ենթարկուին նոյն օրէնքներուն եւ պատիժներուն։ Քաղաքականութեան բաժնածը կը միացնէ մոնտիալը։ Կրօնական, ցեղային թէ գաղափարական բոլոր տարբերութիւնները կը ջնջէ ան։

Իր գրաւչութեամբ, մոնտիալը կը մօտեցնէ ժողովուրդներու աշխարհագրական հեռաւորութիւնները, կը հեռացնէ հարուստ-աղքատի անոնց ընկերային պատնէշները։ Կանաչ դաշտերու շուրջ բոլորը երկրպագուները կը դառնան միեւնոյն «կրօնք»ին՝ ֆութպոլին։ Մոնտիալը աշխարհի նորագոյն այս «կրօնք»ին կարեւորագոյն «ծիսակատարութիւններէն» մէկն է։

Մոնտիալը նորութիւններու մրցաշարքն է նաեւ։ Բոլորը անհամբեր կը սպասեն չորս տարին անգամ մը ծնող ֆութպոլի նոր աստղերուն («կրօնք»ի չաստուածներուն), մարզիչներու նորարար խաղաոճերուն, համակիրներու գիւտարար խենթութիւններուն։ Ուշագրաւ նորութիւնները կը հետաքրքեն բոլորը։ Արիւնը կ’եռայ մարզասէրներու երակներուն մէջ, հոգիները կը լեցուին խանդավառութեամբ, սիրտերը՝ անձկութեամբ.
- Օ՛ն, յառա՜ջ, դէպի փոքր քառակուսի, հարուածէ՛, կոոո՜լ…

Կոլէն ետք կարգը կու գայ հռչակին ու համբաւին։ Մոնտիալը ամէնէն աւելի փայլելու եւ անուն շահելու տեղն է։ Մոնտիալին փայլող ֆութպոլի աստղեր կրնան գնուիլ ու ծախուիլ աստղաբաշխական գումարներով։

Անշուշտ, կայ նաեւ ազգային արժանապատուութեան հարցը։ Մոնտիալի մասնակից խումբերը կը ցանկան ու կ’երազեն իրենց հայրենիքները վերադարձին դիմաւորուիլ օդակայաններու մայր դռներէն, յաղթական հերոսներու վայել ընդունելութեամբ։ Ո՞վ պիտի փափաքէր դուրս գալ օդակայաններու ետեւի դռներէն, լոլիկի եւ հաւկիթի տարափներու տակ…։

Կամենալը սակայն այս պարագային կարենալ չէ։ Մրցակից 32 խումբերուն համար ալ օրացոյցի բախտի վերջին թերթիկը կախուած է պատէն։ Խումբերէն 31-ը պիտի պատռեն ու նետեն զայն մոռացութեան գիրկը, իսկ միայն մէկը, փրցուածին փոխարէն, 13 Յուլիս 2014-ին տեղ պիտի զետեղէ մոնտիալի ախոյեան հռչակման ի՛ր թերթիկը։

Բախտն ու բաժակը խումբերէն մէկուն կրնան ժպտիլ։ Մենք կը սպասենք այդ ժպիտին, Պրազիլի մոնտիալի գեղեցկագոյնի՛ն։

Տարածենք