Թիւ 381 - ԴՐՕՇԱԿԸ

 

Գիտակից մարդու մը համար կեանքի մեծագոյն հարստութիւններէն մէկն է հայրենիքը։ Կտոր մը հող, ուր պապենական արմատները թաղուած են։ Հող, ուրկէ կը սնանի ան իր զգացումներով, երազներով, ոգիով եւ բովանդակ էութեամբ։ Հող, որ քաղցր, ջերմ, ապրող ըլլալէ աւելի՝ անգին է ու սրբազա՛ն։

Այս է պատճառը, որ մարդ կը պայքարի իր հայրենի հողին պահպանման համար։ Եթէ կորսնցուցած է զայն՝ կը պայքարի ամէն գնով անոր վերատիրացման համար։ Ու կը պայքարի անոր պաշտպանութեան սիրոյն, յանձն առնելով ամէն ձեւի զոհողութիւն։ Արդարեւ, մարդ, իր շրջապատը, ընկերութիւնը, ժողովուրդն ու ազգը կը կազմաւորուին, կը գոյատեւեն ու կը յառաջդիմեն միայն հարազատ հողի վրայ, սեփական հայրենիքի մէջ։

Հայրենիքը ժողովուրդի ոգին սնուցանող, կամքը կռանող, նկարագիրը կերտող բնաշխարհն է, որ սակայն աշխարհագրական իր միջավայրէն անդին, դիրքէն ու ֆիզիքական գոյութենէն անկախ, մարդկութեան կը ներկայանայ իր խորհրդանշաններով՝ քայլերգ, զինանշան, դրամանիշ եւ դրօշակ։

Դրօշակը այս պարագային կտոր մը կերպաս չէ, այլ՝ ժողովուրդի մը յաւիտենական ապրումն է, հարստացած նոյն ժողովուրդի դարաւոր ապրումներով։ Ան ծնունդ կ’առնէ ժողովուրդի մը յոյզերէն եւ կը մարմնաւորէ անոր անցեալը՝ պատմութիւնը, յիշողութիւնը, վիշտն ու տառապանքը, երազն ու հաւատամքը, պարտութիւնն ու յաղթութիւնը, երէկը, ներկան եւ ապագան։

Դրօշակի մը խորհուրդը կը գրուի կեանքի գնով այն ժողովուրդին, որ անոր շուքին տակ կը ծնի եւ անոր շուքին տակ կը մեռնի։

Դրօշակը զինք ծնող ու փայփայող ժողովուրդին հոգին է ու ոգին, անոր միտքն է ու բանականութիւնը, անոր երգն է ու պարը, անոր իմացական ճարտարապետութիւնն է ու երազներուն տեսանելի մարմնաւորումը։ Դրօշակը ժողովուրդի մը գութաներգն է ու ռազմերգը։

Սերունդէ սերունդ փոխանցուող դրօշակը անցեալի զգացումի մը արտացոլացումը չէ, այլ՝ պատմութեան մարմնացումը։ Դրօշակն է, որ կը գօտեպնդէ զինուորն ու գաղափարի նուիրեալը՝ յանուն անկախութեան եւ ազատութեան։ Անկէ ուժ կ’առնէ վիրաւոր հերոսը։ Ան կը հանդիսանայ յոյսն ու ապաւէնը իրաւազրկուած մարդուն։

Դրօշակը իր ժողովուրդին եւ խորհրդանշած հայրենիքին անձնագիրն է ու կալուածագիրը։ Անոր գոյութիւնն է ու էութիւնը։

Մարդ իր աչքերը կը բանայ դրօշակով զարդարուած հայրենիքի մէջ։ Ան իր պատանեկան եւ երիտասարդական քայլերը կը նետէ դրօշակի առաջնորդութեամբ։ Չափահաս տարիքին դրօշակին ծածանումը իր գերագոյն երջանկութիւնը կը դարձնէ։ Հասուն տարիքին անոր օրհնութեան վայելքով կը զօրանայ, իսկ մայրամուտին՝ անոր շուքին ներքեւ յաւիտենականին յանձնուելու գոհունակութիւնը կ’ապրի։

Իսկական մարդու կեանքը դրօշակի հովանիին ներքեւ իմաստ ու արժէք կը ստանայ։

Դրօշակը մարդն է։ Մարդը առանց դրօշակի ունայնութի՛ւն է։

Դրօշակը կեանքն է։ Կեանքը առանց դրօշակի անիմա՛ստ է։

Դրօշակը հայրենիքն է։ Հայրենիքը առանց դրօշակի անապա՛տ է։

Տարածենք