Թիւ 403 - ԱՄՈՒՐ ԿԱՄՔՈՎ
(Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՓԼՈՎՏԻՎԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 95-ԱՄԵԱԿԻՆ ԵՒ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՄԱՆ 25-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)

 

2016-ը յոբելենական տարի է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Փլովտիվի մասնաճիւղին համար։ Եւ ինչպէս ամէն յոբելեան, այս մէկը եւս ուրախութեան եւ հպարտութեան աղբիւր է։ Սերունդներու վաստակը եւ զոհողութիւնը յիշելու առիթ է։ Յիշել եւ նորերուն յիշեցնել, թէ ի՞նչպէս սկսաւ այս մասնաճիւղը Պուլկարիոյ մէջ։ Ինչո՞ւ սկսաւ ան եւ ի՞նչպէս կարողացաւ դիմանալ այսքան տարի։

Ամէն ինչ սկսաւ Հայոց Ցեղասպանութենէն քանի մը տարի ետք, Փլովտիվ ժամանած Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պոլսոյ գործիչներով։ Վերապրումի եւ մաքառումի ժամանակներ էին 1920-ական տարիները գաղութին համար։ Եկան նուիրեալներ եւ ֆութպոլի ու աթլեթիզմի խումբեր ստեղծելով մեծ խանդավառութիւն ստեղծեցին շրջանին մէջ։ Յետոյ, կազմեցին սկաուտական շարքեր եւ կազմակերպեցին սկաուտական բանակումներ, որոնց առաջինը տեղի ունեցաւ 85 տարի առաջ, Պուլկարիոյ կեդրոնական քաղաքներէն Քազանլըքի մէջ։ Տասնօրեայ այդ բանակումին ընդհանուր խմբապետութիւնը ստանձնեց եղբ. Խաչեր Վարդազամեան, պահեստի նախկին սպայ մը, որ մասնակցած էր առաջին համաշխարհային պատերազմին։ Յաջորդեցին տարեկան այլ բանակումներ եւ Փլովտիվը ապրեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ական փառքի իր օրերը, մինչեւ չարագուշակ 1944 թուական, երբ ամէն ինչ լուծուեցաւ, արգիլուեցաւ եւ փակուեցաւ՝ երկրին մէջ համայնավար իշխանութիւններու հաստատումով։

Մարդիկ Հ.Մ.Ը.Մ.ը արգիլեցին մեր կեանքին մէջ, բայց երբեք չկարողացան զայն դուրս հանել մեր կեանքէն։

Մարդիկ, երբեմն նոյնիսկ հայանո՛ւն անձնաւորութիւններ, հալածեցին Հ.Մ.Ը.Մ.ը, ձերբակալեցին ու բանտարկեցին անոր պատասխանատուները, բայց բնաւ չյաջողեցան զայն մեր ժողովուրդի միտքերէն եւ հոգիներէն հեռու վանել։

Մարդիկ ուրացան Հ.Մ.Ը.Մ.ական արժէքները՝ Եռագոյնը, անկախութիւնը եւ անկախութիւն կերտած սերունդը, սակայն այդ բոլորը պահուեցան եւ պահպանուեցան տասնամեակներ շարունակ, որովհետեւ Փլովտիվի պարարտ հողին վրայ նետուած Հ.Մ.Ը.Մ.ական հունտերը առո՛ղջ էին եւ ամուր։

47 տարի Հ.Մ.Ը.Մ. դադրեցաւ Փլովտիվի մէջ իբրեւ կազմակերպութիւն գոյութիւն ունենալէ, սակայն ան մնաց ու գոյատեւեց իբրեւ ոգի՛, մթնոլորտ եւ մտայնութիւն։ Հ.Մ.Ը.Մ.ական արժէքները՝ հայրենիքի սէրը, նուիրումը, զոհաբերութեան ոգին եւ հայը հա՛յ պահող յատկութիւնները փոխանցուեցան սերունդէ սերունդ, հասնելով մինչեւ արժանաւոր այն սերունդին, որուն ներկայացուցիչները հանդիսացան եղբայրներ Թորոս Տօնիկեան, Պօղիկ Մեսրոպ, Ազատ Յովսէփեան, Տիգրան Պարտիզպանեան, Զաւէն Փափազեան, Կարօ Աքթէրեան եւ ուրիշներ։

Շնորհիւ այս սերունդին, Հ.Մ.Ը.Մ. 1991 թուականին արտակարգ ճիգի պէտք չունեցաւ իր գործունէութիւնը վերականգնելու համար շրջանին մէջ։ Շնորհիւ այս սերունդին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի դրօշը պատուով ծածանեցաւ Փլովիտիվի մէջ, երբ համայնավար բռնատիրութիւնը վերջ գտաւ եւ Հ.Մ.Ը.Մ. իր արժանի տեղը վերագտաւ պուլկարահայ կեանքին մէջ։

Հ.Մ.Ը.Մ.ը վերադարձաւ, որպէսզի հայը հա՛յ մնայ Փլովտվիտի մէջ։

Հ.Մ.Ը.Մ.ը վերադարձաւ, որպէսզի նորահաս սերունդները սկաուտական եւ մարզական գործունէութեան շնորհիւ մեր ժողովուրդի երթը շարունակեն եւ մեր ազգային երազներուն իրականացումը հետապնդեն։

Հ.Մ.Ը.Մ.ը վերադարձաւ, որպէսզի մարդուն մէջ քաղաքացին, հայուն մէջ տիպարը եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ականին մէջ հաւատաւորը կերտուի անպայման։

Հ.Մ.Ը.Մ.ը ինքնանպատակ կերպով չվերադարձաւ։ Ան առաքելութեան մը կոչումը ունեցաւ, դերակատարութեան մը պարտականութիւնը ունեցաւ։ Այդ առաքելութիւնը, այսօր, 1991-ի պայծառ թուականէն 25 տարի ետք, կը մնայ անփոփոխ։ Միջոցները կրնան փոփոխութեան ենթարկուիլ, արդիականանալ, սակայն նպատակը կը մնայ միեւնոյնը. ծառայել հայութեան եւ Հայաստանին, ապագայ սերունդներու պատրաստութեան նուիրական գործին ճամբով։

Գիտենք, դիւրին չէ այդ գործը։ Աշխարհի տարածքին քիչ մը ամէն տեղ սերունդ դաստիարակելը դժուարացած է։ Ա՛լ չենք խօսիր հայեցի դիմագիծով, հայերէն խօսող, հայերէն մտածող սերունդներու մասին, որոնք Հ.Մ.Ը.Մ.ի նման փառաւոր պատմութիւն ունեցող միութեան մը ժառանգորդները պիտի ըլլան։

Ու երբ կը խօսինք գործին մասին, չենք կրնար չխօսիլ գործողներուն մասին։ Անոնց, որոնք իրենց կեանքը մաշեցուցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի ծառայութեան ճամբուն վրայ։ Անոնց, որոնք համայնավար բանտերու մէջ իրենց նահատակութեամբ նոր պատմութիւն գրեցին։ Ու անոնց, որոնք անցնող 25 տարիներուն գործեցին դժուարագոյն պայմաններու մէջ, զոհելով սեփական հանգիստ, հաճոյք եւ ընտանիք։

Պատի՜ւ այդ սքանչելի միութենականներուն, Հ.Մ.Ը.Մ.ը Հ.Մ.Ը.Մ. դարձնող նուիրեալներուն։ Պէտք է խոնարհիլ բոլորին վաստակին դիմաց եւ վերահաստատել անոնց գործը շարունակելու մեր աներեր յանձնառութիւնը, զիրենք ուղեցոյցներ ունենալով լաւ թէ վատ օրերուն։

Լաւ օրերուն փառք տալով անոնց, որ անցնող տասնամեակներուն, շնորհիւ իրենց Փլովտիվի մասնաճիւղը հասաւ իր պատուաբեր յաջողութիւններուն։

Վատ օրերուն յիշելով զանոնք, որպէսզի տկարութեան մեր պահերուն ուժ եւ կորով առնենք անոնցմէ եւ, իրենց օրինակով, մեր գործը շարունակենք ամուր կամքով, անսասան հաւատքով եւ անսպա՛ռ խանդավառութեամբ։

Տարածենք