Թիւ 404 - ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՆ ԳԱՂՏՆԻՔԸ
(Հ.Մ.Ը.Մ.Ի 98-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)

 

Մարդիկ, հայեր ու մանաւա՛նդ օտարներ, յաճախ զարմացած հարց կու տան, թէ ո՞րն է Հ.Մ.Ը.Մ.ի յաջողութեան գաղտնիքը։ Աշխարհը կ’ընթանայ դէպի անհատապաշտութիւն, նիւթապաշտութիւն, ընկերային անապահովութիւն եւ մեքենապաշտութիւն, մինչդեռ Հ.Մ.Ը.Մ.ը կը թիավարէ այս բոլորին դէմ, կը դիմանայ ու կը մեծնայ քանակով եւ որակով։

«Մարզիկ»ի այս թիւին ընթերցողը կրնայ ափ ի բերան մնալ ի տես այն գործունէութեան, զոր այս միութիւնը ծաւալած է աշխարհի չորս ծագերուն։ Կ’արժէ ուշի-ուշով դիտել խմբանկարները ընթացիկ տարուան բանակումներուն, որոնք Հ.Մ.Ը.Մ.ական եռանդուն գործին վկաները կը հանդիսանան հեռաւոր Աւստրալիայէն մինչեւ ամերիկեան ցամաքամաս, Մոսկուայէն մինչեւ Եւրոպա եւ Միջին Արեւելք։ Հոն ուր հայութիւն կայ, հոն Հ.Մ.Ը.Մ.ի շնչող ու ներշնչող ներկայութիւնը կայ։ Կազմակերպական իր հսկայ ցանցով եւ համակարգեալ ծրագրումով, Հ.Մ.Ը.Մ. ամէնուրեք հայեցի միջավայր ու մթնոլորտ կը ստեղծէ։ Ազգային նկարագիր ու դիմագիծ կը կերտէ։

Ու պատահական չէ, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասնաճիւղերը, ուր ալ գտնուին, անոնք իրարու կը նմանին իրենց աշխատանքներով, մտահոգութիւններով եւ ապագայի հեռանկարներով։ Բոլորը յուզող նիւթերը միեւնոյնն են։ Բոլորին տագնապը Հայն է ու Հայաստանը։ Տեղական-տեղայնական իրենց առանձնայատկութիւնները պահելով հանդերձ, բոլորը կը դաւանին ազգային, միութենական այն արժէքները, որոնք 98-ամեայ այս միութեան փառքի պատուանդանը կը հանդիսանան։

Ընդունինք, որ աշխարհը տարտնող ազդակ է, կեդրոնախոյս տրամադրութիւններու միջավայր է, Հ.Մ.Ը.Մ.ը հակառակն է՝ համախմբող ուժ է, հայ մարդը իր ազգային արմատներուն կապող միութիւն է։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի պարտականութիւնն է տեւաբար հաւաքել, համախմբել ու դաստիարակել նորահաս սերունդները, նպատակի մը շուրջ միաձուլել զանոնք եւ, իբրեւ պատրաստի ուժ, ներկայացնել մեր ժողովուրդի ծառայութեան ասպարէզ։

Շատերուն կրնայ անհասկնալի թուիլ այս գործին տարողութիւնն ու ծաւալը։ Երկիրներ ու ցամաքամասներ իրարու կապելու համար անհրաժեշտ են մարդուժի, նիւթական, վարչական-կազմակերպչական հսկայական միջոցներ, որոնք միշտ ձեռնտու չեն։ Հ.Մ.Ը.Մ. կամաւոր աշխատանքի ախոյեան է սակայն։ Միութենականներու նուիրաբերումի եւ զոհողութեան գումարով ան կը յաջողի այդքան գործ կատարել պատուաբեր կերպով։

Դժուար է գործը, անկասկա՛ծ։ Բայց ե՞րբ դիւրին պայմաններու մէջ գործած է Հ.Մ.Ը.Մ.ը։ Ներքին ու արտաքին պայմանները առհասարակ նպաստաւոր եղած չեն միութենական աշխատանքի համար, սակայն այնքան ատեն որ Հ.Մ.Ը.Մ.ականի հաւատքն ու կամքը անպակաս եղած են, երթը շարունակուած է։ Կը բաւէ աչքի առջեւ ունենալ այսօրուան պայմաններուն մէջ կատարուող գործն ու անոր արդիւնքը։

Այն պահուն, երբ արդի արհեստագիտութիւնը նոր սերունդը կը հեռացնէ ծնողական, ընկերային ու ազգային իր շրջանակէն։

Այն պահուն, երբ համաշխարհայնացած աշխարհը կը խորտակէ ազգային ամէն արժէք, կառոյց եւ ըմբռնում։

Ու այն պահուն, երբ մարդկային իրաւունքներու եւ ազատութիւններու անունով անձեւ, անգոյն ու անդիմագիծ ընկերութիւններ կը ստեղծուին հոս ու հոն։

Հ.Մ.Ը.Մ. կը մնայ պատուար՝ մեր իրականութենէն ներս տեսակաւոր վտանգներու թափանցումին դէմ։

Հ.Մ.Ը.Մ. կը մնայ հայ կեանքի երիտասարդական մեծագոյն կազմակերպութիւնը, որ կարգապահութեան եւ խստապահանջութեան լաւագոյն օրինակները կը փոխանցէ իր անդամներուն, մատղաշ տարիքի անոնց խանդավառութեան միացնելով կազմակերպուելու եւ կանոններու ենթարկուելու միութենական յատկութիւնը։

Հ.Մ.Ը.Մ. կը մնայ «ապահովագրական» այն միութիւնը, որ հաւաքական դաստիարակութեան իր ըմբռնումով կը կերտէ բարոյական սկզբունքներու տէր մարդիկ՝ հաւատարիմ մարդկային արժէքներու եւ գիտակից քաղաքացիական պարտաւորութիւններու։

Հ.Մ.Ը.Մ. կը մնայ այն ապահով միջավայրը, ուր «Տարագիր հայն իր կեանքը կը նորոգէ», ազգային խանդավառութեան եւ հպարտութեան ապրումներով։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մէջ հայ մարդը կ’ապրի ազգային ամբողջութեան մը մէկ մասնիկը ըլլալու զգացումը։ Համահայկական բանակումներու, մարզախաղերու, սեմինարներու եւ խորհրդաժողովներու ճամբով, կը կատարուին տեղեկութիւններու եւ փորձառութիւններու մնայուն փոխանակումներ, որոնք Հ.Մ.Ը.Մ.ականը կը մղեն հայութեան մէկութեա՛ն հաւատալու եւ այդ մէկութեա՛ն համար գործելու։

Մասնաճիւղէ մասնաճիւղ, շրջանէ շրջան, Հ.Մ.Ը.Մ. համահայկական առաջադրանքներով եւ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական ձեռնարկներով նորահաս սերունդները հաղորդակից կը դարձնէ նախ իրարու եւ ապա՝ մեր ազգային ընդհանրական իտէալներուն, անկախ հայրենիքի իրականութեան, Հայ Դատին եւ հայ ժողովուրդին ծառայելու հրամայականին։

Իսկ կա՞յ աւելի վսեմ հրամայական՝ քան Հայ Դատին եւ հայ ժողովուրդին ծառայութիւնը, հայեցի դիմագիծով երիտասարդութեան մը պատրաստութիւնը, իբրեւ երաշխիք մեր ժողովուրդի գոյատեւման, իբրեւ գրաւական մեր հայրենիքի հզօրացման։

Ահա՛ Հ.Մ.Ը.Մ.ի դերակատարութիւնն ու կարեւորութիւնը՝ իր հիմնադրութենէն 98 տարի ետք։

Ահա՛ նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի յարատեւութեան եւ յաջողութեան գաղտնիքը։

Տարածենք