Թիւ 405 - ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ ՄՈԼՈՒԹԻՒՆԸ
Վնասաբեր մոլութիւններու մասին շատ խօսուած է։ Ծանօթ եւ ընդհանրացած մոլութիւններ են ծխախոտի, խմիչքի, բախտախաղի եւ գրաւախաղի մոլութիւնները։ Յաղթանակի մոլութիւնը սակայն նորութիւն է, իբրեւ երեւոյթ եւ վտանգ։
Վտանգը կու գայ արդի մարզախաղերու պարզած իրավիճակէն։ Մինչեւ մեր մօտիկ անցեալը մարզախաղերը կը ծառայէին առողջ մարմնի մէջ առողջ միտք կերտելու աշխատանքին, սակայն արհեստավարժութեան եւ առեւտրական մրցակցութեան զարգացումով, նաեւ՝ քարոզչութեան եւ ընկերային ցանցերու գերիշխանութեան հաստատումով, այսօր անոնք դիմագիծ եւ նպատակ փոխած են՝ դարձած են հսկայ ճարտարարուեստ, ուր գերակշռող մօտեցումը շահն է, նիւթականը։
Պէտք է շահիլ, շահելու համար՝ յաղթել։ Ուրեմն, «Ամէն գնով պէտք է առաջնութեան տիրանալ։ Ընդունելի եւ անընդունելի բոլոր ձեւերով յաղթել, որովհետեւ իւրաքանչիւր յաղթանակ կ’ապահովէ նիւթական նոր հովանաւոր, իւրաքանչիւր յաջողութիւն՝ նոր ծանուցում»։ Ա՛յս է ընդհանուր տրամաբանութիւնը յաղթանակի մոլութենէ տառապողներուն։
Այս տրամաբանութիւնը կրնայ ճիշդ ըլլալ մարզական միջազգային ակումբներու պարագային, որոնք կազմուած են շահակցական նկատառումներով, շահի ու վնասի հաշուեկշիռով։ Ակումբներու բաժնետէրեր միշտ պիտի ուզեն կրկնապատկուած զէրոներով տեսնել իրենց պիւտճէները։ Այդ պատճառով ալ անոնք խտրութիւն պիտի չդնեն յաղթանակի հասնելու իրենց միջոցներուն մէջ։ Պիտի գնեն ու ծախեն տեսակ-տեսակ մարզիկներ եւ… մրցումներ, պիտի ծախսեն անհաշիւ գումարներ՝ մարզական բարոյականութեան ամէն սկզբունք մէկդի դրած։
Այս տրամաբանութեամբ հասակ պիտի առնէ մարզական արժէքներէ պարպուած սերունդ մը, որ յաղթանակի գինովութեամբ տարուած՝ անհակակշռելի պիտի ըլլայ դաշտերէ ներս թէ դուրս։ Սերունդ մը, որ նուազագոյն պարտութիւնն իսկ պիտի դիմաւորէ դժգոհութեամբ, կռիւով եւ… մրցակիցին հանդէպ անտեղի ոխակալութեամբ։
Այս ընդհանուր պատկերին մէջ ո՞ւր է Հ.Մ.Ը.Մ.ին դերն ու տեղը։
Հ.Մ.Ը.Մ.ը կամաւոր աշխատանքի հիմքով գործող ազգային մարմնակրթական միութիւն է, որուն համար մարզախաղերը միջոց են եւ ոչ՝ նպատակ։ Հ.Մ.Ը.Մ. իր գործունէութիւնը յառաջ կը տանի սկաուտական, մարզական եւ վարչական թեւերով։ Երեք թեւերէն որեւէ մէկը նախապատուութիւն չի վայելեր, ընդհակառակն՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ական սկաուտներ, մարզիկներ ու վարչականներ կը կազմեն մէ՛կ ամբողջութիւն, միութենական միեւնոյն նկարագիրով, ինքնութեամբ եւ պատկանելիութեամբ, ինչ որ օտարները կը ճանչնան Հ.Մ.Ը.Մ.ականութիւն անունով։
Հ.Մ.Ը.Մ.ականութիւնը նմաններով ապրուած կեանք մըն է, դաստիարակութիւն է, միութենական կազմաւորում է։
Հ.Մ.Ը.Մ.ականութիւնը միութենական արժէքներով եւ սկզբունքներով գործելու համոզում է, կամք է։
Հ.Մ.Ը.Մ.ականութիւնը միութեան ճամբով ազգին ծառայելու հաւատք է, պատրաստակամութիւն է։
Առանց այս բոլորին ի՜նչ Հ.Մ.Ը.Մ.ականութիւն, ի՜նչ յաղթանակ։
Հ.Մ.Ը.Մ.ականութիւնը կը թելադրէ, որ մեր մատղաշ տղոց մարզական կուռքերը ըլլան միութենական կենսագրութեամբ հարուստ դէմքեր եւ ոչ թէ նիւթական վարձատրութեամբ հարուստ մարզիկներ, որոնք միութեան շապիկը կրելէ անդին՝ միութենական ոչ մէկ արժէք կը կրեն իրենց երակներուն մէջ։
Ընդունինք, որ մարզական յաղթանակներու ձեռք բերումը ինքնաբերաբար չի կրնար ըլլալ։ Որեւէ յաղթանակ կը պահանջէ երեք նախապայման.- ենթակառոյց, նիւթական եւ մարդուժ։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի նման միութիւններ ունի՞ն, կրնա՞ն ունենալ անհրաժեշտ այն ենթակառոյցը, որոնք անպարտելի կրնան պահել զիրենք (արդիական դաշտեր, նորագոյն սարքաւորումներ, մասնագիտական գրասենեակներ…)։ Անշուշտ, պէտք է ձգտիլ այդ բոլորը ունենալու, սակայն իրապաշտութիւնը կը թելադրէ նկատի ունենալ սեփական կարելիութիւններն ու կարողութիւնները եւ ըստ այնմ որոշել ակնկալութիւններու չափն ու սահմանը։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի նման միութիւններ ի վիճակի՞ են տարեկան հսկայական գումարներ յատկացնելու որոշ մարզախաղերու՝ այլ մարզախաղեր անտեսելու գնով։ Միութիւնը առեւտրական հաստատութիւն չէ, որ նիւթականի անվերջ հոսք ունենայ։ Այլ հարց, որ իբրեւ սկզբունք, արդա՞ր է 15-20 մարզիկի համար ծախսել միութեան մը մնացեալ բոլոր անդամներուն համար ծախսուած գումարին տասնապատիկը կամ քսանապատիկը։
Իսկ մարդո՞ւժը. սիրողական սկզբունքներով գործող միութիւն մը ի՞նչպէս կրնայ չափուիլ մեր օրերու ամէնէն արհեստավարժ մարզիկներով օժտուած խումբերուն դէմ։ Իսկ ինչո՞ւ չափուիլ, երբ միութեան կանոնագիրով ճշդուած նպատակը մասնակցութիւնն է եւ այդ ճամբով՝ սերունդ համախմբելը, կրթելն ու դաստիարակելը, հայը հա՛յ պահելը։ Արհեստավարժներու դէմ կրնան դնել արհեստավարժները միայն, ի հեճուկս պահեստի նստարաններուն վրայ նստող կրտսերներուն, որոնք տարիքային խումբերու մէջ իրենց տարիները մաշեցնելէ ետք՝ կարգ կը սպասեն միութեան շապիկը կրելու համար։
Մրցակցութիւնը լաւ բան է, յաղթանակի ձգտիլը՝ աւելի լաւ, սակայն «յօնք շինելու տեղ աչք պէտք չէ հանել»։
Յաղթանակի մոլութիւնը «ա՛չք կը հանէ», մարզասէրները կը կուրցնէ եւ հաւաքականութիւնները կ’առաջնորդէ նիւթաբարոյական սնանկութեան՝
Հո՛ն, ուր իբրեւ միութիւն երբեք պիտի չուզէինք հասնիլ ո՛չ այսօր, ո՛չ ալ վաղը։