Թիւ 406 - ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ (Հ.Մ.Ը.Մ.Ի 100-ԱՄԵԱԿԻՆ ԸՆԴԱՌԱՋ)
Պատրաստութեան մէջ է Հ.Մ.Ը.Մ.ի ընտանիքը։ Բոլորը կը պատրաստուին ադամանդեայ յոբելեանին՝ միութեան 100-ամեակին։ Ծրագիրները մշակուած են արդէն։ Թուականները յստակացած են։ Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզախաղեր, համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական բանակում, 100-ամեակի մեծաշուք տօնակատարութիւններ՝ Հայաստանի եւ սփիւռքեան տարբեր ափերու վրայ, գիտաժողով, ցուցահանդէս, կայքէջ, հրատարակութիւններ միայն օրինակներ են նախատեսուած ծրագիրներու երկար շարքէն։
Պատրաստութիւնը գործի մը յաջողութեան կէսն է, ըսուած է իրաւամբ։ Երկրորդ կէսը գործի մը լաւագոյն ձեւով կատարումն է։
Պատրաստութիւնը մաս կը կազմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ական մշակոյթին։ Սկաուտական իր առաջին քայլերը առնող պատանին միութեան մէջ կը սորվի որեւէ նախաձեռնութենէ առաջ թղթածրար ու նախահաշիւ պատրաստել, նպատակ ու առաջադրանք ճշդել։ Մարզական կեանքի մէջ, նորահաս պատասխանատուներ չեն կրնար որեւէ քայլի դիմել՝ առանց նախապէս ծրագիր, յայտագիր եւ պիւտճէ պատրաստելու։
Պատրաստութիւնը միութենական դաստիարակութեան կարեւոր մէկ մասն է, որովհետեւ ան կ’ենթադրէ ի սկզբանէ սերտել ու ճանչնալ տուեալ ձեռնարկի մը իրականացման միջավայրը, ձեռնարկի մասնակիցներուն մտայնութիւնն ու հոգեբանութիւնը, կազմակերպչական աշխատանքներու հանգրուանային ընթացքը, հաւանական դժուարութիւնները, անոնց դիմագրաւման կարելիութիւնները, անհրաժեշտ մարդուժի եւ նիւթականի ապահովման միջոցները եւ այլն։ Պատահականութեան բան չի կրնար ձգուիլ։
Պատրաստութիւնը կ’ենթադրէ նաեւ որոշ կարգապահութիւն՝ աշխատանքի մը յաջորդական հանգրուաններուն յարգումին համար։ Ժամանակացոյց եւ առաջնահերթութիւններ կը պարտադրեն յստակ կանոններ, որոնց շրջանցումը ձախողութեան կրնայ մատնել կազմակերպիչներուն գործը։
Ու տակաւին, մերօրեայ աշխարհին մէջ, պատրաստութիւնը կ’ենթադրէ արդի արհեստագիտութեան նորագոյն միջոցներու կատարեալ տիրապետութիւն։ Երկիրէ երկիր ու ցամաքամասէ ցամաքամաս փոխանցուող տեղեկութիւնները, թղթածրարները եւ համացանցային ժողովները հեռաւորութիւնները կը մօտեցնեն եւ ժամանակի ու նիւթականի ահագին խնայողութիւն կը կատարեն։
Ահա, թէ ինչպիսի՛ հսկայական աշխատանքի լծուած են այսօր Հ.Մ.Ը.Մ.ի վարիչները քիչ մը ամէն տեղ, Կեդրոնական, Շրջանային, Մեկուսի թէ մասնաճիւղային մակարդակի։ Շնչասպառ վազք մըն է, որ տեղի կ’ունենայ ճիշդ ժամանակին, ճիշդ տեղը եւ ճիշդ ձեւով Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատմութեան մեծագոյն մարզախաղերը իրականացնելու, սկաուտական ամէնէն մեծաթիւ բանակումը յաջողցնելու եւ ադամանդեայ յոբելեանին վայել տօնակատարութիւնները կատարելու համար։
Այս բոլորը, անշուշտ, կրնային դիւրին ըլլալ, եթէ երբեք Հ.Մ.Ը.Մ. ունենար նիւթական լայն կարելիութիւններ։ Բախտաւոր այդ օրուան չենք հասած տակաւին եւ, հետեւաբար, մեծ ճիգեր ի գործ կը դրուին նախատեսուած ծրագիրներու պիւտճէները ապահովելու, պատուոյ նախագահներ գտնելու եւ միութեան առաքելութեան հաւատացող բարերարներ ապահովելու համար։ Սկզբունքը յստակ է. նիւթականի պատճառով ո՛չ մէկ Հ.Մ.Ը.Մ.ական պէտք է զրկուի 100-ամեակի հաւաքներուն մասնակցելու կարելիութենէն։ Վարչութիւններ թէ Շրջանային Վարչութիւններ հարկ է դիմեն կարելի ամէն միջոցի՝ նախատեսուած իրադարձութիւնները առաւելագոյն մասնակիցներով արժեւորելու համար։
100-ամեակի պատրաստութիւնները ունին նաեւ այլ կարեւորութիւն։ 100-ամեակը հանրային քննութեան ներկայացման պահն է։ Հարկ է գնահատումը կատարել միութեան 100-ամեայ երթին եւ, ըստ այնմ, հրապարակային հաշուետուութեամբ ներկայանալ ամէնուր։ Անհրաժեշտ է լուսարձակի տակ առնել միութեան պատուաբեր անցեալը՝ պարզելու համար դէպի յաղթական ապագայ առաջնորդող անոր ուղին։ Անցեալը գրուած պատմութիւնն է, արխիւ եւ լուսանկար է, արձանագրուած ձայն ու ֆիլմ է։ Պէտք է դասաւորել, ուսումնասիրել եւ օգտագործել այդ բոլորը՝ հաւաքական հաշուետուութեան բաց ճակատով ներկայանալու համար ներքին ու արտաքին ճակատներու վրայ։ Աշխատանքին տարողութիւնը մեծ է, լուրջ պատրաստութիւն կ’ենթադրէ ու տեղ-տեղ մասնագիտական մօտեցում կը պահանջէ։
100-ամեակի պատրաստութիւնները, բնականաբար, կ’ընդգրկեն նաեւ միութեան 100-ամեակին յաջորդող հանգրուանը։ Բոլորը կը խորհրդածեն, պէ՛տք է խորհրդածեն, որ 100-ամեակը ի՞նչ պիտի փոխէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մէկ դարեայ կեանքին մէջ։ 2018-էն վերջը չի կրնար 2018-էն առաջուան նման ըլլալ, այլապէս 100-ամեակի տօնակատարութիւնները պիտի մնան ընթացիկի եւ ձեւականութեան սահմաններուն մէջ։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի բովանդակ ընտանիքը այսօր պարտաւորութիւնը ունի ճշդելու միութեան երկրորդ 100-ամեակին ընդհանուր ուղղութիւնն ու դերակատարութիւնը՝ յարափոփոխ մեր կեանքին մէջ։ Նման աշխատանք մը սկսուած է արդէն Հ.Մ.Ը.Մ.ի ռազմավարական ծրագիրին մշակումով, կը մնայ որ պատրաստութիւնները շարունակուին եւ 100-ամեակի նշանակալից այս հանգրուանին մշակուին նաեւ այդ ծրագիրին անմիջական գործնականացման միջոցները։
100-ամեակը կոչուած է անկիւնադարձային հանգրուան մը նշելու Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատմութեան մէջ։ Պատրաստութիւնները կ’ընթանան այդ ուղղութեամբ։ Պէտք է յուսալից ըլլալ, որովհետեւ Հ.Մ.Ը.Մ. երբ կը պատրաստուի՝ կը յաջողի՛։
Սպասենք ու տեսնենք անպայմա՛ն։