Թիւ 407 - ՄԵԾԱԳՈՅՆ ՅԱՂԹԱԿԱՆԸ

 

Վարագոյրը իջաւ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 10-րդ մարզախաղերուն վրայ։ Պատուիրակութիւններ իրենց շրջանները վերադարձան յաղթանակի ցնծութեամբ կամ… պարտութեան յուսախաբութեամբ։ Մրցանիշներ պատմութեան անցան, նկարներ եւ տեսանիւթեր դիմատետրի էջերը ողողեցին։

Ու հիմա, ընդհանուր արժեւորման փորձ մը կատարելով, բնական է հարցնել, թէ ո՞վ եղաւ մարզախաղերուն մեծագոյն յաղթականը։ Շատեր կրնան դիտել տալ, որ հարցումը անտեղի է, որովհետեւ գլխաւոր յաղթականը, անկասկած, առաւելագոյն թիւով մետալներ եւ բաժակներ շահած շրջանն է։ Ուրիշներ կրնան պնդել, որ յաղթականը շահուած մետալներու եւ բաժակներու թիւով չի ճշդուիր, այլ՝ մարզական ոգիով եւ միութենական տիպար ընթացքով։ Հետեւաբար, մարզախաղերուն ամէնէն օրինակելի կեցուածք ցուցաբերած շրջանը պէտք է նկատել գլխաւոր յաղթականը։

Այս բոլորը կրնան ճիշդ ըլլալ։ Սակայն, նոյնքան ճիշդ կրնայ ըլլալ այլ մօտեցում մը, որ կ’ըսէ, թէ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 10-րդ մարզախաղերուն մեծագոյն յաղթականը, անտարակոյս, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հայաստանի շրջանը պէտք է նկատել՝ հիմնական քանի մը պատճառով։ Արդարեւ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ո՞ր շրջանն է, որ կրնայ իր անդամական շարքերուն կէսը ընդհանուր զօրաշարժի ենթարկել համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական հսկայական նման նախաձեռնութիւն մը յաջողցնելու համար։ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ. յաջողած էր ամրան արձակուրդի շրջանին, իր անդամներուն կէսը, թերեւս ալ աւելին, գործի լծել՝ դաշտերու, պանդոկներու, բացման ու փակման մեծաշուք հանդիսութիւններու, ընկերային տարբեր ձեռնարկներու, յաղթանակի ճաշկերոյթի եւ առօրեայ հազարումէկ աշխատանքներու կազմակերպման համար։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի ո՞ր շրջանն է, որ կրնայ այդքան մեծաթիւ մարզական խումբերով հանդէս գալ եւ լուրջ մրցակից դառնալ այնպիսի շրջաններու, որոնք փայլուն յաջողութիւններու պատկառելի անցեալ եւ վաստակ ունին իրենց ետին։ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի տղոց ու աղջկանց խումբերը, իրենց արդիւնքներով եւ բարձրորակ խաղարկութեամբ, գերազանցեցին բոլոր նախատեսութիւնները եւ յաջողեցան տպաւորել ու հմայել ամէնէն դժուարահաճ մարզասէրները նոյնիսկ։

Տակաւին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի ո՞ր շրջանն է, որ կարգապահական նուազագոյն խախտումներով կրնայ նման մարզախաղերու մասնակցիլ, յաղթանակ թէ պարտութիւն արձանագրել եւ երկու պարագային ալ զանոնք ընդունիլ մարզական բարձր ոգիով, շնորհաւորելով յաղթական մրցակիցը եւ խրախուսելով պարտեալ խմբակիցը։ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի մարզիկները օրինակելի էին թէ՛ դաշտերուն մէջ եւ թէ դաշտերէն դուրս։

Այս հաստատումներով, անշուշտ, անտեսած չենք ըլլար Հ.Մ.Ը.Մ.ի մնացեալ շրջաններուն ցուցաբերած միութենական ոգին եւ կեցուածքը, ոչ ալ թերագնահատած կ’ըլլանք անոնց յաջողութիւնները։ Սակայն, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի պարագային յատուկ շեշտադրումի կ’ենթարկենք զանոնք, որովհետեւ անոնց ետին կը տեսնենք երկար տարիներու դաստիարակչական սերտուած աշխատանքի մը արդիւնքը։

Իսկ ի՞նչ խօսք մարզախաղերու կազմակերպչական աշխատանքներու ընդհանուր ընթացքին մասին, որոնք յատկանշուեցան իրենց կանոնաւորութեամբ, ճշդապահութեամբ եւ բծախնդրութեամբ։ Պատահականութեան մը ծնունդը չէին կրնար ըլլալ այս բոլորը, այլ՝ բաւական լուրջ ծրագրումի, կազմակերպումի եւ պատրաստութեան արդիւնք, հարստացած՝ նախորդ երկու մարզախաղերու կազմակերպման փորձառութեամբ եւ կեդրոնական կազմակերպիչ մարմնի լայն աջակցութեամբ։

Հետեւաբար, ճշմարտութեան մօտ կը թուի այն տեսակէտը, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հայաստանի շրջանը կը նկատէ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 10-րդ մարզախաղերուն իսկական յաղթականը, ինչ որ ուրախացնող եւ գօտեպնդող երեւոյթ է։

Վերջին հաշուով, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հայաստանի շրջանը ունի հասուն երիտասարդի տարիք։ 28 տարեկան է ան։ Ու եթէ ան նուաճած է կազմակերպական նման մակարդակ, պատիւ եւ հպարտութիւն է այդ միութեան մեծ ընտանիքին համար, որ անցնող երեք տասնամեակներուն ոչինչ խնայեց շրջանը այս վիճակին հասցնելու համար։

Հայաստանեան թէ համահայկական չափանիշով երեւոյթ է այս, որուն դիմաց կ’արժէ կանգ առնել եւ մտածել, որ ի՞նչ ընել եւ ի՞նչպէս ընել, որպէսզի նման իրագործում մը յումպէտս չվատնուի, այլ՝ ամբողջովին ծառայէ համազգային մեր նպատակներուն։

Տարիներու երազ էր Հայաստանի մէջ տեսնել միութենական ստուար շարքեր, որոնք սկաուտական գործունէութենէ անկախ՝ ծաւալէին վարչական եւ մարզական լայն գործունէութիւն։ Այսօր, երբ նման կացութեան մը պայմանները հասունցած կը թուին ըլլալ, աւելիով պէտք է գուրգուրալ այդ կառոյցին եւ անոր բաղադրիչներուն վրայ, որպէսզի 28 տարի առաջ սկսուած աշխատանքը օրէ օր աւելի ծաւալի, ուռճանայ եւ զարգանայ՝ հայրենի նորահաս սերունդներու քաղաքացիական առողջ կրթութեան ի խնդիր։

Ի վերջոյ, մետալներն ու բաժակները կը հիննան եւ կը մաշին, միութենական բարոյական կեցուածքները կը ծափահարուին եւ ատեն մը ետք կրնան մոռցուիլ, բայց ինչ որ բազմահարիւր Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու ժրաջան ջանքերով կ’իրագործուի, ինչ որ միութենական արժէքներու եւ արժանիքներու հաստատման կը ծառայէ, անկասկա՛ծ, ամուր ենթահող կը հանդիսանայ նորանոր իրագործումներու եւ յաջողութիւններու։ Եւ այս արդէն մեծագոյն յաղթանակն է միութեան 100-ամեակի սեմին՝ 100-ամեակէն ետք մեր առնելիք քայլերուն հաշուոյն, Այսօրուան եւ վաղուան մեր հայրենիքին հաշուոյն, Կազմակերպ եւ հզօր հայութեան մը կերտման հաշուոյն։

Տարածենք