Թիւ 408 - ՄԷԿ ՎԱՅՐԿԵԱՆ ՅՈՏՆԿԱ՛ՅՍ
Յարգանքը հազար ձեւ ունի։ Ձեւերէն մէկն ալ յետ-մահու յարգանքն է անոնց, որոնք կեանք մը ամբողջ նուիրաբերած են իրենց միութեան եւ ժողովուրդին։ Տքնած են, վազվզած են, միտք ու հոգի մաշեցուցած են, առողջութիւն սպառած են՝ իրենց կենդանութեան մնալով շուքի եւ լուսանցքի մէջ։
Խօսքը խոնարհներուն մասին է, որոնք պատմութեան էջերուն հազիւ յիշատակութեան մը արժանացած են։ Տարիներով լուռ ու մունջ ծառայած են՝ առանց սակայն օրին մէկը բեմերու մարդ ըլլալու։ Յանձնախմբային թէ վարչական հազարումէկ աշխատանք կատարած են՝ առանց անպայման ծափ ու գնահատանք ստանալու, միակ վարձատրութիւն ունենալով բարոյական գոհունակութիւնը, տալո՛ւ, ուրիշին օգտակար դառնալու մարդկային վսեմ զգացումը։
Շատ են նմանները մեր կեանքին մէջ։ Ծանօթ-անծանօթներ են անոնք։ Իրենց կենդանութեան շրջապատը յաճախ չէ նկատած, որ ինչպիսի՛ արժանիքներու տէր են անոնք, որովհետեւ անոնց գործը ստուերի մէջ ձգած է անձը։ Անոնց անդարձ մեկնումէն ետք միայն՝ մարդիկ անդրադարձած են, թէ ինչպիսի՜ վաստակ կերտած են անոնք եւ ինչքա՜ն հետք ու դրոշմ ձգած են իրենց շրջապատին մէջ։
Դժուար է թուել նմաններու նկարագրային բոլոր բարեմասնութիւնները՝ համեստութենէն մինչեւ կարգապահութիւն, խոնարհութենէն մինչեւ անշահախնդրութիւն, եւ դեռ աւելին։ Անոնց կեանքը իբրեւ դասագիրք կրնայ ծառայել յետնորդներու, մինչ իրենք զոհաբերութեան մէկական ուսուցիչներ կրնան ըլլալ տարբեր սերունդներու։
Նմաններով հարուստ է Հ.Մ.Ը.Մ.ը, որ գիտէ յարգել զանոնք, մանաւա՛նդ հանդիսաւոր ժողովներէ եւ ձեռնարկներէ առաջ, երբ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեան կը հրաւիրէ ներկաները՝ յիշելու եւ պատուելու իր վաստակաւորները, որոնք անցեալին մեզի հետ էին, բայց այսօր չկան։
Վայրկեան մը յոտնկայս լռութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ. կը հաստատէ, որ ինք ներկայի մէջ գործող կազմակերպութիւն մը չէ միայն։ Ներկան ծնած է անցեալէն, ուր անթիւ նուիրեալներ գործած են ,հսկայ նուիրմանե կամքով, Եռագոյն դրօշը բախտաւոր օր մը ,հայրենի լերանց հեռագոյնե կոթողելու տեսիլքով։
Առանց այդ կամքին ու տեսիլքին Հ.Մ.Ը.Մ. գոյութիւն պիտի չունենար այսօր։ Կամքի ու տեսիլքի մարդիկն էին, համոզումի եւ գաղափարի Հ.Մ.Ը.Մ.ական խենթերն էին, որոնք այս միութեան 100-ամեայ փառքը կերտեցին։ Անոնք արժանի են միշտ յիշուելու, որպէսզի նորերը արդար հպարտութիւնը ապրին անոնց հարազատ ժառանգորդները ըլլալու։ Անոնց սկսած գործը շարունակելու։
Վայրկեան մը յոտնկայս լռութիւնը թելադրանք է միաժամանակ, ազգային-միութենական մեր կեանքի կարեւոր առիթներուն, որեւէ աշխատանքի ձեռնարկելէ առաջ, մտքով ու հոգուով պահ մը ըլլալու անոնց հետ, որոնք իրենց սեփական օրինակով ուղեցոյց կը հանդիսանան մեզի։ Ուժ եւ կորով կը ներշնչեն ընկրկումի եւ փորձութեան մեր պահերուն։ Վայրկեան մը լռութիւնը, այս պարագային, կրնայ բաւարար չըլլալ յիշելու միութեան բոլոր երախտաւորները, անոնք՝ որոնց հետ գործակցելու բախտն ու պատիւը ունեցած ենք եւ անոնք՝ որոնց մասին լսած կամ կարդացած ենք պարզապէս։
Վաստակաւոր մը յետ-մահու յարգել կը նշանակէ հեղինակութիւն մը մեծարել ու արժեւորել։ Կը նշանակէ՝ մեծութիւն մը յարգելով նախ ինքզի՛նք յարգել։ Յարգանքի այս արտայայտութիւնը արդիւնք է Հ.Մ.Ը.Մ.ական դաստիարակութեան, վարուելակերպի եւ կեցուածքի։ Հետեւաբար, արժէք է ան։ Հ.Մ.Ը.Մ. 100 տարի բարձրացած է յարգանքով եւ անով արժեւորած է ինքզինք։ Ի՞նչպէս կարելի է բարձրանալ-բարձրացնել առանց յարգանքի։
Վաստակաւորներու յարգանքը, անկասկած, յարգանք է նաեւ միութեան պատմութեան։ Ուխտ եւ յանձնառութիւն է այդ պատմութեան տէ՛ր կանգնելու եւ անոր թաւալքին մասնակցելու, այնքան ատեն որ այդ պատմութիւնը կանգ չէ առած։ Վկա՛յ նոյն այդ պատմութիւնը. Պոլիսէն մինչեւ Պուրկաս, Պէյրութէն մինչեւ Պըրպէնք եւ Պուէնոս Այրէս, Հ.Մ.Ը.Մ.ի առաքելութիւնը անխափան կը շարունակուի՝ այնքան ատեն, որ աշխարհի վրայ մէկ հատիկ հայ կայ։
Հ.Մ.Ը.Մ. կը շարունակէ գործել ,Պատուաբեր անցեալէն՝ յաղթական ապագայե նշանաբանով, 100-ամեայ փորձառութեամբ եւ այն խոր համոզումով, որ վայրկեան մը յոտնկայս լռութիւնը ապրուած կեանքի մը բազմամիլիոն վայրկեաններէն տարբեր վայրկեան մըն է, որովհետեւ ան իր մէջ կը խտացնէ միութեան բիւր-բիւրաւոր խոնարհներուն ադամանդեայ արժէքով քրտինքը։ Ու նաեւ՝
Կը խտացնէ գաղափարանուէր ծառայութիւնը Շաւարշ Քրիսեաններու, Յովհաննէս Հինդլեաններու եւ Գրիգոր Յակոբեաններու։
Կը ներկայացնէ անսահման նուիրաբերումը Նշան Թիւսիւզեաններու, Յովհաննէս Շահինեաններու եւ Լուտեր Մասպանաճեաններու։
Կը մարմնաւորէ բոլորանուէր զոհաբերութիւնը Վարդգէս Տէր Կարապետեաններու, Բիւզանդ Թորիկեաններու եւ Միհրան Շիմշիրեաններու։ Կը խորհրդանշէ անձնուրաց հայրենապաշտութիւնը Վահան Չերազներու, Վարդան Բախշեաններու եւ Վիգէն Զաքարեաններու։
Մէկ վայրկեանը ամբողջ մէկ դար կ’ամփոփէ իր մէջ, յարգանքով ապրուած դար մը, յարգանքի՛ դար մը, արժանի անպայման յոտնկա՛յս յարգուելու։