Թիւ 17 - ԵՂԱՒ

 

Իւրաքանչիւր ձեռնարկէ ետք, մանաւանդ երբ յաջողութեամբ պսակուած է ան, հոգեկան անհուն խաղաղութեամբ անոնք կþըսեն՝

- Եղաւ։

Անոնք՝ նախաձեռնողները։

Մանաւանդ երբ ձեռնարկ մը նոր է, նոր է իր տարողութեամբ եւ բնոյթով, մանաւանդ երբ ձեռնարկը կþենթադրէ ռիսք, հազիւ աւարտած, որպէս գերագոյն երջանկութեան գերագոյն արտայայտութիւն, անոնք մէկ բառի մէջ կը սեղմեն իրենց հպարտութիւնը.

- Եղաւ։

Անոնք՝ աշխատողները։

Մեծ ու պզտիկ բոլոր դերակատարները, ձեռնարկի յաջողութեան իրենց մաղթանքը անգամ բանաձեւողները, ձեռնարկին ներկայ թէ ձեռնարկով հետաքրքիր իւրաքանչիւր ոք, հաճելի էջ մը դարձնող ընթերցողի մը նման, կþըսէ.

Եղա՛ւ։

Այդ «Եղաւ»ը անկասկած ըլլալիքի նախաճաշակն ալ կþարտայայտէ, քայլ մը առաջ երթալու գրաւականն է նաեւ այդ «Եղաւ»ը, որ գնահատանք է եւ խոստում միաժամանակ։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան նախաձեռնած միջ-գաղութային պասքեթպոլի առաջին մրցումները վերջացան, ակնկալուած մթնոլորտը ստեղծեցին Գանատայի մէջ։ Նախքան ձեռնարկի իրագործումը անհաւատալի թուող նիւթական հսկայ յանձնառութիւնը, ձեռնարկէն ետք, Հ.Մ.Ը.Մ.ին յաւելեալ վարկ ապահովեց, իրագործուեցա՛ւ, եղա՛ւ։

Աշխարհի հինգ ցամաքամասերէն ծիածան նետեց Հ.Մ.Ը.Մ.ը գանատական երկինք, հաւաքեց իր հաւատաւորներէն (միութենական-համակիր) մեծ գումար մը, ծախսեց, այդ ծախսով ալ՝ բանակ մը անխոնջ նուիրեալներու, օրն ի բուն աշխատանքով, իր մարզիկներուն ապահովեց նոր խանդավառութիւն ու, մանաւանդ յագեցուց հազարաւոր պապական հայորդիներու կարօտի ծարաւը։

Գործ էր. եղաւ։

Հաշուեկշիռը պերճախօս է։

Տարիներու հետք գծեց հոգիներու մէջ մեր դրօշը, դրօշով յատկանշուող ամէն նուիրական զգացում, ու անգամ մը եւս տեսանք, որ մարզախաղ մը կրնայ ազդակ մնալ ազգահրահրումի, որուն կարիքը ունի իւրաքանչիւր գաղութ, Սփիւռքը լրիւ։

Այդ է։

Փորձը ցոյց տուաւ, որ կարելի է եւ պէ՛տք է իւրաքանչիւր մարզախաղի անունով համագաղութային ձեռնարկ կազմակերպել, օր մը պասքէթ, ուրիշ օր մը ֆութպոլ, այլ օր մը փինկ-փոնկ ու հեծանիւ ու, թերեւս, բոլորը նոյն օրուան մէջ, բայց ամէն քանի մը տարին անգամ մը՝ տեղ մը։

Անպայմա՛ն։

Շատ են ու պատրաստ անոնք, որոնք կը հաւատան Հ.Մ.Ը.Մ.ին եւ անոր գործին.

Մարզախաղը ազգապահպանման ծառայեցնելու կարելիութեան։

Այս երթը, ո՜վ գիտէ, թերեւս տանի անոր, որ օր մը Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը ճշդէ իր պասքեթպոլի, ֆութպոլի եւ այլ մարզախաղերու կեդրոնակա՛ն խումբերը, որոնք, որպէս Հ.Մ.Ը.Մ.ի միջ-գաղութային ներկայացուցչական խումբ մակարդակ մը եւս բարձրացած, կարենան մրցիլ աղմկայարոյց մրցորդներու հետ եւ փրոփականտ դառնալ այս միութեան, մանաւանդ ազգի՛ն։

Ուրիշ երջանկութիւն մը կրնայ ըլլալ եւ այդ։

Ու մինչ ա՛յդ, ու ատո՛ր համար, ցարդ եղածը՝ լա՛ւ եղաւ։

Տարածենք