Թիւ 409 - «ՍԵՐՈՒՆԴՆԵՐ ԴՈՒՔ ՁԵԶ ՃԱՆԱՉԷՔ ՍԱՐԴԱՐԱՊԱՏԻՑ…» (ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)

 

28 Մայիս 2018 թուականը կը նշէ Հայաստանի անկախութեան 100-ամեակը։ 100 տարի առաջ, Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի մէջ «ամէն բան նորից սկսուեց, երբ ամէն բան պիտի վերջանար այնտեղ»:

600 տարուան զրկանքէ եւ անարգանքէ ետք, 28 Մայիս 1918-ին հայ ժողովուրդը ինքնահաստատումի, ինքնակերտումի եւ վերապրումի իր կամքով աշխարհին ներկայացաւ իբրեւ ինքնուրոյն պետութիւն:

«Ընդ հուր» եւ «ընդ սուր» ծնած Հայաստանի Հանրապետութիւնը շրջադարձ մը արձանագրեց հայ ժողովուրդի հոգեբանութեան եւ քաղաքական գիտակցութեան մէջ: Դարերու օտար լուծը այլափոխած էր հայ մարդը, զայն պարպած էր իր մարդկային էութենէն եւ վերածած՝ անջիղ, անկամ ու անդիմագիծ էակի: Մայիս 28-ը կերտեց գաղափարապաշտ, յանձնառու եւ իր իրաւունքներուն տէր կանգնող նոր մարդը, հա՛յ մարդը, որ այսուհետեւ դարձաւ հայկական պետութեան քաղաքացի:

Մայիս 28-էն առաջ հայութիւնը կը հաշուէր առանձին հատուածներ, հայեր, բայց ո՛չ հայութիւն: Մայիս 28-ը կերտեց հայութիւնը, իբրեւ ազգային մէկ միաւոր, մէկ ուժ, մէկ կամք, որուն զաւակները խիզախութիւնը ունեցան իրենց բորբ արեամբ սրբագրելու «աւազակապետներու կողմէ գծուած սահմանները»:

1918-էն առաջ կային Սասունը, Կարսն ու Վանը, սակայն չկար Հայաստանը: Վերջին անգամ 1045-ին երեւցած էր ան ազգերու քաղաքական քարտէսին մէջ: Մայիս 28-ը պատմութեան փոշիներէն հանեց եւ իբրեւ յաւերժական հայութեան յաւերժական հայրենիք՝ զայն կոթողեց իր ներկայ սահմաններով, իբրեւ պատուար ցցելով համաթրքութեան երազին իրականացման դէմ:

Հայկական պետութեան հետ ծնաւ նաեւ հայկական բանակը: Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի հերոսամարտերուն հայութիւնը առաջին անգամ ըլլալով իր թշնամիին դէմ հանեց ո՛չ թէ ֆետայական խումբեր կամ ինքնապաշտպանութեան ջոկատներ, այլ՝ կանոնաւոր բանակ, Դանիէլ Բէկ Փիրումեանի, Դրաստամատ Կանայեանի հրամանատարութեամբ եւ զօրավար Մովսէս Սիլիկեանի ընդհանուր ղեկավարութեամբ:

Մայիս 28-ով նուիրագործուած անկախութիւնը սերտօրէն շաղկապուած է հայ մարդուն վաղուան ընելիքին, որովհետեւ ան թանկագին ժառանգ մը ձգած է անոր՝ ո՛չ միայն հայրենիքին ու իր ոտնակոխուած իրաւունքներուն պաշտպանութեան պարտականութիւնը, այլ նաեւ՝ Մայիս 28-ը կերտած սերունդին գաղափարական ու բարոյական կերպարը, իբրեւ օրինակ եւ ուղեցոյց:

Արդարեւ, 1918-ի պատմական օրհասական օրերուն հրապարակ եկաւ իր ժողովուրդին ճակատագիրին պատասխանատու, գիտակցութեան եւ զոհաբերութեան բարձր ոգիի տէր ազգային ղեկավարութիւն մը, որ յանձնառու եղաւ լքելու Թիֆլիսի նման բարեկարգ հարուստ ոստան մը՝ երթալ-հաստատուելու համար այդ օրերուն երկրորդական գիւղաքաղաք մը՝ Երեւանը, ուր սով, համաճարակ եւ անապահովութիւն կը տիրէր:

Քաջազնունիներու, Խատիսեաններու, Օհանջանեաններու եւ Վրացեաններու այդ սերունդը հայ ժողովուրդին տուաւ իր սեփական ուժերուն հաւատալու եւ ապաւինելու քաղաքական հասունութիւն, իրեն հանդէպ գործուած պատմական անարդարութիւնները սրբագրելու կամք եւ ամուր պետութիւն կերտելու վճռականութիւն, ապագայ սերունդներուն փոխանցելով խորիմաստ ճշմարտութիւն մը, թէ՝ պետականօրէն լաւ կազմակերպուած ժողովուրդներն են միայն, որոնք ի վիճակի են ապահովելու իրենց խաղաղ զարգացումը, տնտեսական վերելքը եւ ազգային շահերուն հետեւողական պաշտպանութիւնը:

Ու եթէ այսօրուան Հայաստանին խնայուած է դրացի հանրապետութիւններուն նման՝ ներքին զինեալ հակամարտութիւններով մաշումն ու ջլատումը, ապա այդ եւս բարենիշ մըն է 1918-ի ազգային ղեկավարութեան՝ Արամներուն, Ռուբէններուն եւ Նժդեհներուն, որոնք գիտցան թրքական պալարը ինչպէ՛ս հեռացնել Երեւանէն, Արագածի փէշերէն ու Սիւնիքէն:

Մայիս 28-ով կերտուած Հայաստանի Հանրապետութիւնը շատ դասեր ունի տալիք այսօրուան հայ մարդուն: Այդ դասերէն մէկն ալ, հաւանաբար, Սփիւռք-Հայաստան յարաբերութիւններուն կարճատեւ, բայց արդիւնաւէտ փորձառութիւնն է: 1918-ին, իր պետականութեան հանդէպ հայ ժողովուրդի մեծ մասին անվստահութիւնը փարատեցաւ եւ արեւմտահայ ժողովուրդը, իր ղեկավարութեամբ, անկախութեան յաջորդող ամիսներուն տուաւ վստահութեան բազմաթիւ ապացոյցներ, Հայաստանի Հանրապետութիւնը նկատելով ապագայ միացեալ Հայաստանի կորիզը։

Ճիշդ է, 1918-ի Հանրապետութիւնը ունեցաւ միայն երկուքուկէս տարուան կեանք, բայց պատմական երեւոյթները իրենց տեւողութեամբ չէ որ կը կշռուին, այլ՝ իրենց ներդրումովը ժողովուրդի մը կեանքին մէջ, ազգային եւ համամարդկային տարողութիւններով: Իսկ ո՞վ կրնայ ուրանալ, որ առանց Մայիս 28-ի ազգային մեր իրականութիւնը այսօր տարբեր պիտի ըլլար, շատ աւելի բացասական եւ դժբախտ բովանդակութեամբ:

Ինչ որ Հայաստանի մէջ կատարուեցաւ անկախութեան երկուքուկէս տարիներու ընթացքին, քաղաքական, զինուորական, կրթական, ընկերային, մշակութային, տնտեսական թէ առողջապահական մարզերու մէջ, կ’ենթադրէ հրաշքի համազօր հաւաքական ճիգ մը, որ պատի՛ւ միայն կը բերէ 21 Սեպտեմբեր 1991-ի անկախութեամբ իր պետականութեան վերատիրացած եւ 23 Ապրիլ 2018-ի ժողովրդային շարժումով իր արժանապատուութիւնը վերականգնած հայ մարդուն, ազգային ու համամարդկային բարձր արժէքներու նժարի առջեւ դնելով իր զաւակներուն կեանքը, միտքն ու գործը՝ ազատ, արդա՛ր, ժողովրդավա՛ր եւ միացեա՛լ Հայաստանի մը կերտման ի խնդիր:

Տարածենք