Թիւ 412 - ՄԻՒՍ ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆԸ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100-ամեակի տօնակատարութիւններու աւարտին, գրուած ու արտասանուած խօսքերու լոյսին տակ, անպայման հարցում մը կը ծագի հայ մարդուն ուղեղին մէջ, թէ՝ ո՞ւր պէտք է փնտռել մարմնակրթական այս մեծ միութեան դար մը գոյատեւման գաղտնիքը։

Իսկապէս, ո՞ւր պէտք է փնտռել՝

- Արդեօք իր երդումի՞ն մէջ։ Ա՛յն երդումին, որմով ճամբայ ելան Հ.Մ.Ը.Մ.ական սերունդները՝ Նոյեմբեր 1918-ին։ Այդ սերունդներէն առաջինը երդում ըրաւ ամէն գնով իր պապերուն հողերուն եւ ազգային արժէքներուն վերատիրանալ։ Երկրորդ սերունդը, առաջինին օրինակով, իր երդումը վերանորոգեց՝ բռնատիրական կարգերու տապալումէն ետք հայրենիք վերադառնալու եւ Եռագոյնը Երեւանի սրտի՛ն կոթողելու։ Մինչ երրորդ սերունդը Եռագոյնը Երեւանէն Արարատի կատարը փոխադրեց եւ օրհնեալ օր մը զայն Միացեալ Հայաստանի վերեւ ծածանելու երդումը կատարեց։

- Արդեօք իր նպատակին մեծութեա՞ն մէջ։ Ա՛յն նպատակին, որ 100 տարի շարունակ առաջադրեց անհատին մէջ մարդը եւ մարդուն մէջ հայը կերտել։ Պատրաստել պատասխանատուութեան գիտակցութեան տէր սերունդ մը, որ անցած ըլլայ հայ սկաուտութեան կամ մարզական կեանքի բովէն, անոր առողջարար մթնոլորտէն եւ գործէ հանրային կեանքի բոլոր մարզերէն ներս, դառնայ փնտռուած ուժ, փնտռուած ներկայութիւն, եւ իր պարտաճանաչութեամբ, ծառայասիրութեամբ եւ վստահելիութեամբ զատորոշուի բոլորէն։

- Արդեօք իր ոգեկան արժէքներո՞ւն մէջ։ Ա՛յն արժէքներուն, որոնք միութեան հիմքն ու առաջնորդը հանդիսացան։ Այդ ոգին էր, որ Եղեռնէն ճողոպրած սերունդը իրարու քով բերաւ՝ հիմը դնելով Հ.Մ.Ը.Մ.ին։ Այդ ոգին էր, որ 1930-ական եւ 1940-ական տարիներուն թափ ու կշիռ տուաւ անոր աշխատանքներուն, եւ ազգային արժէքներու հանդէպ երկիւղածութեան աստիճանի հասնող յարգանքի եւ գուրգուրանքի զգացումներ սերմանեց անդամներուն մէջ։ Ու նաեւ, այդ ոգին էր, որ մղիչ ուժը հանդիսացաւ 1970-ականներուն եւ 1980-ականներուն միութեան հզօրացման, տարածման, համագաղութային կառոյցի ստեղծման ու, վերջապէս, Հայաստանի անկախութենէն ետք՝ սկաուտական եւ մարզական համահայկական շարժումի վերածման՝ սերունդներ զինուորագրելով իր դրօշին տակ եւ հազարաւորներ լծելով մարդակերտման ու հայակերտման նուիրական գործին։

- Արդեօք իր անդամներու դաստիարակութեա՞ն մէջ։ Այն դաստիարակութեան, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարդուն մէջ կը սերմանէ անսակարկ կերպով տալու, նուիրաբերելու, նուիրելու զգացումը, իբրեւ անձնուէր, մարդասէր եւ ազգասէր մարդու, որ գիտէ իր ժամանակին մէկ մասը զոհել իր նմանին օգտակար դառնալու համար։ Մարդ, որ գիտէ դժուարութեան թէ ուրախութեան ժամանակ, իր ամբողջ կարելիութիւններով «Միշտ պատրա՛ստ» ըսել եւ յարատեւ բարձրանալ, իր հետ բարձրացնելով նաեւ անոնք, որոնց աչքերը յառած կը մնան Հ.Մ.Ը.Մ.ի ծրագիրներուն եւ նպատակին։

- Արդեօք իր աշխատանքի եղանակի՞ն մէջ։ Աշխատանքը որեւէ գործի յաջողութեան նախապայմանն է։ Այն հարստութիւնը, զոր մարդ կրնայ ունենալ եւ բնաւ չսնանկանալ, աշխատանքի հարստութիւնն է։ Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարդը իր դաստիարակութեամբ ու գործով լաւ գիտէ, որ յարատեւ ու անխոնջ աշխատանքի արդիւնք են միութենական բոլոր յաջողութիւնները, իրագործումներն ու նուաճումները։ Ու ինչ որ այսօրուան միութենականները կը վայելեն իբրեւ բնական յարմարութիւններ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ակումբներ, մարզադաշտեր, բարոյական վարկ, նիւթական ինքնաբաւութիւն, միջազգային ճանաչում թէ այլ, այդ բոլորը արդիւնք են Հ.Մ.Ը.Մ.ական յաջորդական սերունդներու տասնամեակներու վրայ երկարած յամառ ու հետեւողական աշխատանքին։ Ոչինչ պատահականութեան կամ բախտի արդիւնք է։ Ոչինչ վիճակահանութեան մեծ պարգեւէ շահուած շռայլանք է։ Բազում նուիրեալներու աշխատանքին քրտինքն ու զոհողութիւնը շաղախուած է այնտեղ. տեղեկագիրները վկա՛յ, պատմութիւնը ապացո՛յց։

Ու տակաւին, այս մեծ միութեան դար մը գոյատեւման գաղտնիքը արդեօ՞ք իր անգիր օրէնքներն են, կամ՝ նուիրումի իր պատրաստակամութի՞ւնը։ Իր գաղափարականութի՞ւնը։ Իր կազմակերպուածութի՞ւնը։ Իր կարգապահութի՞ւնը։ Ստեղծած հմա՞յքը։ Իր անցեա՞լը։ Իր կոչո՞ւմը։ Այդ կոչումին գիտակցութի՞ւնը։ Իր խօ՞սքը։ Իր իւրայատուկ աշխա՞րհը։ Իր պատմութի՞ւնը։ Իր հիմնադիր երրորդութի՞ւնը։ Հաւանաբար այս բոլորը, բայց նաեւ՝ այս բոլորէն վեր ու այս բոլորէն զօրաւոր այլ յատկութիւն մը, որն է՝ հաւատքը։

«Խենթութեան» աստիճանի հասնող հաւատք մը, որ ընթացիկ տրամաբանութեամբ եւ մանր հաշիւներով չի բացատրուիր։ Մեծ նպատակներն ու իտէալները մեծ հաւատք կը պահանջեն։ Նախ մարդ ի՛նք պէտք է հաւատայ իր նպատակին կարելիութեան, կարեւորութեան եւ արդարացիութեան, որպէսզի կարենայ ուրիշներուն ալ հաւատացնել։

Հ.Մ.Ը.Մ.ականի հաւատքն է այդ վաղուան հանդէպ։ Ու Հ.Մ.Ը.Մ.ականի հաւատամքը միանգամայն։ Աւելի լաւ ընկերութեան մը, աւելի առողջ երիտասարդութեան մը կերտման ի խնդիր ամէն զոհողութիւն յանձն առնելու, անսահման եռանդով ու կամաւոր զոհաբերութեամբ անկարելին կարելի դարձնելու եւ նուազագոյն կարելիութիւններով առաւելագոյն յաջողութիւններ արձանագրելու համար։

Կայ նաեւ հաւատք՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի հանդէպ։ Այն, որ հայ թէ օտար պատասխանատուներ, ազգային-եկեղեցական պատասխանատուներ գրաւոր թէ բանաւոր կերպով կ’արտայայտեն։ Այն, որ մեր ժողովուրդը հազարներով մարզադաշտեր կ’առաջնորդէ՝իր պաշտած Հ.Մ.Ը.Մ.ական խումբը քաջալերելու։ Ու նաեւ այն համոզումը, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ը կ’ընէ՛ եթէ ուզէ։ Կրնա՛յ եթէ հարկ ըլլայ։ Անկարելի բան չկայ այս միութեան համար։ Միութեան 100-ամեակի աշխարհասփիւռ տօնակատարութիւնները վկայ՝ Երեւանէն Մոսկուա, Սիտնիէն Ամերիկաներ, Եւրոպա եւ Միջին Արեւելք։

Ու վերջապէս, կայ նաեւ հաւատքի երրորդ տեսակ մը՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ականին հաւատքը Հ.Մ.Ը.Մ.ին հանդէպ։ Մտածումով, խօսքով ու գործով կապուածութիւնը միութեան նպատակին, անցեալին ու բարոյական տիպարին։ Հաւատք մը, որ անպայման միութենական դառնալու առաջին օրէն ձեռք չի բերուիր, այլ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ը շնչելով, Հ.Մ.Ը.Մ.ի մէջ ապրելով եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի արժէքները կրելով կը շահուի։

Հաւատքի այս երրորդութիւնն է, ահաւասի՛կ, որ կը հանդիսանայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի դար մը գոյատեւման գաղտնիքը, ու նաեւ՝
Երաշխիքը այս մեծ միութեան մնայուն յաջողութեան, ներքին ամրութեան, անդամներու տիպարային մաքրութեան, անոնց անշահախնդիր վարքին եւ անձնուէր գործին, որուն շնորհիւ համակիր զանգուածները կ’առաջնորդուին եւ որուն միջոցով 100-ամեայ այս միութիւնը իր կարեւոր դերը կը խաղայ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ։

Տարածենք