Թիւ 414 - ՄԷ՛Կ ԱԶԳ, ՄԷ՛Կ ՀԱՅՐԵՆԻՔ
(Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԱՐՑԱԽԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻՆ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԱՌԻԹՈՎ)

 

Տարիներու երազ մը իրականացաւ. Հ.Մ.Ը.Մ. իր մասնաճիւղը ունեցաւ ազատագրեալ, ազատ ու անկախ Արցախի մէջ։ Միութիւնը արմա՛տ նետեց պատմական հայրենիքի մէջ, Արցախի հերոսական ու նուիրական հողին մէջ։

Այն հողին, որուն՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ իրենց մանկութենէն կապուեցան իր երազին հասնելու հայ մարդու հաւատքով, դաստիարակութեամբ եւ հայրենասիրութեամբ։

Այն հողին, որուն պատմութիւնը դարերու խորերէն եկող ազգային իմաստութիւն եւ ոգի փոխանցեց յաջորդական սերունդներու։ Երկիր հասկացողութիւնը վերածեց ոգեղէն արժէքի, սրբութիւն սրբոցի, որուն համար արժեց յանձն առնել ամէն զոհողութիւն։

Ու նաեւ՝ այն հողին, որուն ազատութեան սիրոյն շատեր արիութեան փառքը նուաճեցին, մինչ ուրիշներ,- անոնց կարգին Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ,- իրենց կեանքը ընծայեցին ու անմահացան։

Հ.Մ.Ը.Մ. արմա՛տ նետեց «անյաղթելի մի բուռ աշխարհ»։ Մասնաճիւղ հիմնեց, մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ շքերթ կազմակերպեց եւ Ասկերանի մէջ սկաուտական անդրանիկ բանակումը կատարեց, անգամ մը եւս փաստը տալով, որ ինք կը մնայ մնայուն ճիգի, գործի եւ պրկուած կամքի այն միութիւնը, որ հարազատօրէն կը ծառայէ իր կոչումին։

Հ.Մ.Ը.Մ. Արցախ մուտք գործեց այն պահուն, երբ թշնամին մէկ կողմէ կը ջանար քաղաքական-դիւանագիտական շրջափակումի ենթարկել հայրենիքը, իսկ միւս կողմէ՝ ապահովական խախտումներով կը սպառնար սահմանին ամբողջ երկայնքին։ Հ.Մ.Ը.Մ. արհամարհեց բոլոր դժուարութիւններն ու վտանգները, վերցո՛ւց իրեն նետուած ձեռնոցը եւ աշխարհասփիւռ մասնաճիւղերուն կարելիութիւնները ի սպաս դրաւ՝ կերտելու համար «Հսկայ նուիրման» բանակը Արցախի։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի ներկայութիւնը Արցախի մէջ, իբրեւ համահայկական կառոյցով միութիւն, եկաւ շեշտելու կարեւորութիւնը Սփիւռք-Հայաստան-Արցախ եռամիասնութեան, որուն դիմաց կը չէզոքանան ներքին ու արտաքին բոլոր մարտահրաւէրները եւ թափ կ’առնեն նոր յաղթանակներու առաջնորդող համահայկական մեր կարելիութիւնները։

Վաղուան պատմագիրը ոսկի տառերով պիտի արձանագրէ 22 Օգոստոս 2019-ը, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արցախի մասնաճիւղին ստեղծման թուականը. այն օրը, երբ միութիւնը իր 111-րդ մասնաճիւղին հիմնադրութիւնը յայտարարելով, համայն աշխարհին ներկայացուց հայրենիքի հզօրացման եւ զարգացման երթին գործնապէ՛ս մասնակից դառնալու իր պատրաստակամութիւնը։ Արցախի համար ապրած ու գործած միութիւնը, Արցախի համար նահատակներ տուած միութիւնը ի վերջոյ սկսաւ գործել Արցախի դարաւոր հողին վրայ, ուրկէ բացակայ էր ան իր ամբողջ պատմութեան ընթացքին։

Կարիքը կա՞յ յիշեցնելու, որ 70 տարուան ակամայ բացակայութենէ ետք, Հ.Մ.Ը.Մ. Հայաստան վերադարձաւ 1989-ին։ Այնուհետեւ ան հասաւ Ջաւախք։ Հասաւ Թիֆլիս ու Մոսկուա։ Բայց չկարողացաւ հասնիլ Արցախ։ Բազմիցս փորձեց, չյաջողեցաւ, մինչեւ որ պայմանները հասունցան եւ շատեր անդրադարձան, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի համար սկաուտութիւնն ու մարզախաղերը երբեք ինքնանպատակ հաճոյքի եւ ժամանցի սահմաններուն մէջ չեն մնացած։ Հ.Մ.Ը.Մ. անոնց տուած է սովորականէն տարբեր, լայն շրջագիծ եւ խոր իմաստ։ Առօրեան եւ ընթացիկը գերազանցելու պարտականութիւն մը, մարմնակրթանքը դարձնելով ազգային կազմակերպումի, ինքնութեան եւ տոկունութեան կարեւոր գործօն։ Հայը աւելի՛ հայացնելու միջոց, անցեալի ժառանգութիւններով եւ ներկայի նուաճումներով հպարտանալու առիթ։

Հ.Մ.Ը.Մ. արմա՛տ նետեց Արցախի մէջ եւ հակադրուեցաւ այլամերժութեան, ատելութեան եւ բռնութեան բոլոր երեւոյթներուն, մարմնակրթական իր գործունէութեամբ տարածելով սիրոյ, միասնականութեան եւ գործակցութեան սկզբունքները։ Հ.Մ.Ը.Մ. Արցախի մէջ լծուեցաւ պատրաստութեանը ֆիզիքական եւ հոգեմտաւոր կազմաւորումի տէր, արի, կարգապահ եւ հաւատաւոր սերունդներու, որոնք մի՛շտ պատրաստ պիտի ըլլան ծառայելու իրենց տեղական, ազգային եւ միջազգային համայնքներուն՝ ի շահ հայրենիքին ու հայութեան։

Վերջապէս, Արցախի մասնաճիւղին հիմնադրութեամբ, Հ.Մ.Ը.Մ. ստացաւ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ միութեան իրական իմաստը, որովհետեւ ան իր գաղափարականին շուրջ համախմբեց հայութեան ամբողջութիւնը՝ Սփիւռքը, Հայաստանն ու Արցախը։

Հզօր գաղափարական մը, որ միտք, հոգի եւ մարմին կրթող նպատակներէ վե՜ր ու անդին, միութեան հիմնական նպատակ կ’առաջադրէ՝
Հայութեան ամբողջականութեան պահպանումը,
Հայութեան ներուժին համախմբումն ու արդիւնաւէտ օգտագործումը,
Հայութեան բովանդակ իրաւունքներուն հետապնդման անհրաժեշտութիւնը,
Մէկ խօսքով՝ հայութեան գոյամարտին ամբողջ իմաստը, ազգային մեր նպատակները միասնաբար իրականացնելու կամքն ու վճռակամութիւնը, ի խնդիր մէ՛կ ազգի ու մէ՛կ հայրենիքի կերտման համահայկական մեր մեծ տեսլականին։

Տարածենք