Թիւ 415 - ԱՌԱՋԻ՛Ն ՕՐԷՆ
(Հ.Մ.Ը.Մ.Ի 12-ՐԴ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)
Իր ստեղծման առաջին օրէն, Հ.Մ.Ը.Մ. այլ միութիւններու չնմանեցաւ։ Ո՛չ սովորական մարզական ակումբ մը եղաւ, ո՛չ ալ սկաուտական ընթացիկ շարժում մը հանդիսացաւ։ Միութեան հիմնադիրները վարպետ ներդաշնակութեամբ մը մարզականն ու սկաուտականը յաջողեցան մէկտեղել կազմակերպական մէկ կառոյցի տակ, առաջինին խանդավառութեան միացնելով երկրորդին տիսիփլինը, յաղթանակելու կամքին զուգորդելով «ամէն օր բարիք մը գործելու» պարտաւորութիւնը։
Հ.Մ.Ը.Մ. առաջին օրէն որդեգրեց կամաւոր աշխատանքի սկզբունքը, հիմնուած՝ անշահախնդիր նուիրումի, սեփական հանգիստը, ժամանակն ու հաճոյքը հաւաքականութեան սիրոյն զոհաբերելու պատրաստակամութեան վրայ, հոգեկան բաւարարութիւնը եւ խիղճի գոհունակութիւնը ունենալով վարձատրութեան միակ աղբիւր։ Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարդը, մարզիկ թէ սկաուտ, շատ բան տուաւ միութեան եւ միութեան ճամբով՝ իր ժողովուրդին, խորապէս համոզուած, որ տա՛լը, նուիրաբերե՛լը աւելի շատ կը հարստացնէ նուիրողը, քան՝ նուէրը ստացողը։
Անսակարկ նուիրաբերումի պատմական ցուցանիշ է այն իրողութիւնը, որ միութեան հիմնադիր ժողովը տեւեց միայն կէս ժամ։ Միութեան անուան ճշդումէն ետք, երկրորդ օրակարգով քննուեցաւ Ցեղասպանութենէն փրկուած հայ որբերու հոգատարութեան հարցը։ Ընտրուեցաւ Կեդրոնական Վարչութիւն եւ ժողովականները ցրուեցան որբախնամի աշխատանքներ կատարելու համար։
Հետեւաբար, զարմանալի չէ, որ մարզական եւ սկաուտական նպատակներով ճամբայ ելած այս միութիւնը, փոխանակ մարզական եւ սկաուտական աշխատանքներով զբաղելու, իր գործունէութեան սկսաւ… կարօտեալ գաղթականներու օժանդակութեամբ։ Օրուան կարիքին ընդառաջելով, ան մարզանքն ու սկաուտութիւնը «զէն ու զրահ» դարձուց իր կամաւոր բանակին, որպէսզի կարենայ յառաջ տանիլ իր ժողովուրդի զաւակներուն կազմակերպման եւ ֆիզիքական դաստիարակութեան գործը՝ փրկելու համար անոնց ազգային էութիւնը։
Հազիւ մէկուկէս տարեկան, Հ.Մ.Ը.Մ. ընդառաջեց Հայաստանի լուսաւորութեան նախարարութեան հրաւէրին եւ իր լաւագոյն տարրերը գործուղեց հայրենիք, մարզական կեանքը ղեկավարելու, սկաուտական շարժում ծաւալելու եւ հայ որբերէն Հայաստանի արժանապատիւ, տիպար քաղաքացիներ պատրաստելու համար։
Սփիւռքի մէջ, հարազատ իր կոչումին եւ նպատակին, Հ.Մ.Ը.Մ. ծաւալեցաւ ամէնուրեք եւ Միջին Արեւելքէն մինչեւ Ամերիկաներ, Եւրոպա եւ Աւստրալիա, իր յաղթական դրօշին տակ համախմբեց հայ երկսեռ երիտասարդութիւնը. մարզիկ թէ սկաուտ իրարու կապեց, իրարու եղբայրացուց եւ բոլորին սորվեցուց Աստուծոյ, ազգին ու հայրենիքին ծառայելու ուխտով ամրացնել իր երազին հասնելու հայ մարդուն հաւատքը։
Հ.Մ.Ը.Մ. գուրգուրաց մայրենի լեզուին եւ աւանդութիւններուն վրայ։ Աշխատեցաւ իր մարզիկներուն եւ սկաուտներուն հոգիներուն մէջ ամրապնդել հայ եկեղեցիին, հայ մշակոյթին եւ հայրենիքին հանդէպ սէրը, հայ դատի հանդէպ նուիրումը։ Ու յաջողեցաւ ան մարմնակրթանքն ու սկաուտութիւնը հայացնել, այնպէս ինչպէս ժամանակին մեր եկեղեցին քրիստոնէութիւնը հայացուցած էր եւ մեր թարգմանիչները մշակոյթը հայացուցած էին։ Հ.Մ.Ը.Մ. ազգային նկարագիր եւ հայեցի շունչ տուաւ իր իւրաքանչիւր նախաձեռնութեան՝ ըլլայ այդ հաւաքոյթ թէ ժողով, արշաւ թէ բանակում, մարզական փորձ թէ մրցում, անոր համար ալ ան հարազատ ու սիրելի մնաց իր ժողովուրդին։
Այսպէս, Հ.Մ.Ը.Մ.ի ժողովրդականութեան աճին եւ մշտանորոգ ուժին հետ, միութեան պատասխանատուները ձեռք բերին այն խոր համոզումը, որ միութենական իւրաքանչիւր յաջողութիւն, մարզական նուաճում թէ սկաուտական իրագործում, պարտի հարազատ ժողովուրդը քայլ մը աւելի հայացնել, ամրացնել եւ հաւաքական իր իղձերուն իրականացման մօտեցնել։
Այս իրականութիւններուն լոյսին տակ պէտք է արժեւորել Հ.Մ.Ը.Մ.ի 12-րդ Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովին արդիւնքները, որոնք մարզական եւ սկաուտական ընթացիկ մտահոգութիւններէ անդին, սերտօրէն առնչուեցան հայ կեանքի դիմագրաւած ներկայ մարտահրաւէրներուն եւ աշխարհասփիւռ հայ երիտասարդութեան դէմ ցցուած դժուարութիւններուն։ Ասով նաեւ հասկնալի եւ արդարանալի պէտք է ըլլայ, թէ ինչո՞ւ Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովը իր օրակարգին մեծ մասը յատկացուց կազմակերպական, դաստիարակչական եւ երիտասարդական հարցերու քննարկման, ուր հրատապ կարեւորութեամբ ներկայացաւ աշխարհի չորս ծագերուն Հ.Մ.Ը.Մ.ի ճամբով հայ երիտասարդութիւնը համախմբելու, կազմակերպելու եւ հայութեան ընդհանրական նպատակներուն համար օգտագործելի ներուժ ստեղծելու հրամայականը։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի 12-րդ Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովը ճշդեց համապատասխան թիրախներն ու միջոցները, թէ ի՞նչպէս մարմնակրթական այս միութիւնը մարզական եւ սկաուտական իր աշխատանքներուն հետ, իր աշխատանքներուն ճամբով անհրաժեշտ ներուժը պիտի ապահովէ հայ ժողովուրդին՝ իր երկճիւղ, այսուհետեւ եռաճիւղ (մարզական, սկաուտական, երիտասարդական) գործունէութեամբ, կամաւոր աշխատանքով եւ ազգային գիտակցութեամբ սերունդներու պատրաստութեամբ, այնպէս ինչպէս առաջին օրէն կատարած էր ան, որպէսզի մեզմէ իւրաքանչիւրս դառնայ աւելի՛ հայ, իսկ հաւաքական մեր կամքը դառնայ աւելի՛ հզօր եւ անպարտելի։