Թիւ 422 - ՅԱՂԹԵ՞Լ ԹԷ ՅԱՋՈՂԻԼ…

 

Հարցումը առաջին ակնարկով կրնայ տարօրինակ թուիլ, որովհետեւ ընթացիկ առօրեային մէջ մարդիկ երկու բառերուն իմաստը յաճախ իրարու հետ կը շփոթեն եւ յաղթանակի փոխարէն յաջողութիւն կը գործածեն եւ յաջողութեան փոխարէն՝ յաղթանակ։

Յաղթանակը կ’ենթադրէ մրցում-մրցակցութիւն, ուր գոյութիւն կ’ունենան երկու կամ աւելի կողմեր։ Իւրաքանչիւր կողմ կը ջանայ հակառակորդը պարտութեան մատնել, ճզմել, խորտակել եւ այդ ձեւով սեփական եսին ու անձին գոհացում տալ։ Յաղթելէն լաւ բա՞ն կայ, կրնան առարկել շատեր։ Յաղթանակը կը գինովցնէ անձը, յաճախ մոռցնել կու տայ նկարագրային անոր առաքինութիւնները, որովհետեւ կռուի դաշտը, մրցակցութիւնը, կ’ենթադրէ բոլոր տեսակի զէնքերու օգտագործում՝ թիրախ ճշդուած յաղթանակին հասնելու համար։ Զէնքերը այս պարագային կրնան ըլլալ բարոյապէս արտօնուած կամ մերժուած միջոցներ, նենգ ու խարդախ ձեւեր, որոնք տեղ մը յօնք կը շինեն, իսկ այլ տեղ… աչքը տեղէն կը հանեն։

Յաջողութիւնը, Հ.Մ.Ը.Մ.ական ըմբռնումով, բոլորովին այլ բան է։ Յաջողութեան մէջ անպայման մրցակցութիւն եւ թշնամութիւն պէտք չէ տեսնել։ Ընդհակառակն, յաջողութիւնը կ’արդիւնաւորուի հաւաքական ճիգով, գործակցութեամբ, ինքզինք կատարելագործելու տեւական ջանքով եւ սեփական անձին հետ շուրջիններն ալ յաջողած տեսնելու ցանկութեամբ։ Բարձրանալու եւ շուրջիններն ալ իր հետ բարձրացնելու պատրաստակամութեամբ։

Յաջողութիւնը երկարաշունչ ծրագրումի, կազմակերպումի եւ աշխատանքի արդիւնք կրնայ ըլլալ։ Յաջողած մարդը չի վախնար ուրիշներու յաջողութիւններէն, որովհետեւ ինքնավստահ կ’ըլլայ իր կարողութիւններէն, հեռու՝ կասկածամտութենէ եւ նենգամտութենէ, որոնք յատուկ են անպարկեշտ միջոցներով յաղթանակներ կերտած մարդոց։

Յաղթանակը կարճատեւ կ’ըլլայ, մինչդեռ յաջողութիւնը՝ երկարատեւ։

Օրինակները բազմաթիւ են մարզական կեանքին մէջ, ուր խումբ մը կրնայ յաղթանակ մը արձանագրել, բայց մնացեալ բոլոր խաղերը պարտուիլ, իսկ այլ խումբ մը կրնայ պարտութիւն մը կրել, բայց տարեշրջանի մնացեալ բոլոր խաղերուն յաջողութիւն արձանագրել եւ ախոյեանական տիտղոսի տիրանալ։

Յաղթանակը անպայման շահող ու կորսնցնող կ’ունենայ, մինչդեռ յաջողութենէն առհասարակ կը շահին բոլո՛րը։

Այսպէս, պատերազմը կը յաղթեն ու կը պարտուին։ Յաղթող կողմը կը շահի ամէն բան, իսկ պարտուող կողմը կը կորսնցնէ եթէ ոչ ամէն բան, գէթ՝ շատ բան։ Մինչդեռ խաղաղութեան յաջողութենէն կ’օգտուին բոլորը։ Կայունութիւնը, բարօրութիւնը եւ բարգաւաճումը կը նպաստեն բոլորին։

Յաղթանակի եւ յաջողութեան տարբերութիւններուն մասին կարելի է երկար խորհրդածել։

Յաղթանակն ու յաջողութիւնը իրենց տեղը ունին նաեւ հաւաքական մեր կեանքին մէջ, ուր յաճախ ականատես կը դառնանք, թէ մարդիկ ինչպէ՛ս երկուքը կը շփոթեն իրարու հետ եւ յաջողութիւններ արձանագրելու փոխարէն՝ անմիջական յաղթանակներ կերտելու անտեղի վազքի մը կը ձեռնարկեն։ Իրենց անձերը իրենց գործին կեդրոնն ու նպատակը կը դարձնեն՝ փոխանակ իրենք զիրենք ի սպաս դնելու հաւաքական գործին եւ ընդհանրական արժէքներու։

Ճիշդ է, անոնք կը յաղթեն ու կը փայլին, բայց իրենց հաւաքականութիւնը կը մնայ տեղքայլի ու ետքայլի մէջ։ Յաղթանակի բարիքները այս պարագային չեն հասնիր բոլորին, որովհետեւ անոնք կը կերտուին… այլոց հաշուոյն, անարդարութիւններու եւ անիրաւութիւններու գնով։

Ահա թէ ինչու, յաղթանակի եւ յաջողութեան մասին խորհրդածութիւնը թելադրական է, որովհետեւ այս օրերուն քիչ մը ամէն տեղ մարդիկ դիմացինը պարտութեան մատնելու անհասկնալի ճիգի մը մէջ են։ Ի՞նչ ընել, ի՞նչպէս ընել, որ սեփական եսը յաղթէ, անձնական շահը տիրապետէ, տուեալ խմբաւորում մը ինքզինք պարտադրէ, հոգ չէ թէ ամբողջ հաւաքականութիւն մը անոր վնասները կրէ։

Յաղթանակի այս կոյր տրամաբանութիւնը կը ջլատէ ու կը տկարացնէ մեր ընկերութիւնը, մինչդեռ եթէ տիրապետողը յաջողութեան տրամաբանութիւնը ըլլար, միասնաբար եւ հաւաքաբար մեր դժուարութիւնները յաղթահարելու պատրաստակամութիւնը ըլլար, հոս չէինք հասներ։ Այսքան չէինք խեղճանար եւ այսքան չէինք սնանկանար բարոյական թէ նիւթական մեր արժէքներով։

Անշուշտ, երեւոյթը միայն հայ իրականութեան յատուկ չէ։ Սակայն, ախտը սկսած է վարակել նաեւ մեզ՝ հայերս, իբրեւ աւանդապահ ընտանիքներ, իբրեւ կազմակերպ միութիւններ, իբրեւ Սփիւռք թէ Հայաստան, ուր ներքին ըսի-ըսաւները, հարցերն ու պայքարները սկսած են յաճախ գերակշռել ընդհանրական գործն ու նպատակը։

Այս կացութենէն ելքը շատ պարզ է. փրկութիւնը յաջողութեան տրամաբանութեան որդեգրման մէջ է։ Իրարու հասկնալու-հասկցուելու, զիրար ամբողջացնելու կարողութեան մէջ է։ Իրարու թերութիւնները ճանչնալու, բայց իրարու առաւելութիւններով առաջնորդուելու իմաստութեան մէջ է։ Այլ խօսքով, հաւաքակա՛ն ճիգով ընթանալու գաղտնիքին մէջ է, որուն շնորհիւ միայն բոլորս կը յաջողինք.- ընտանիք, միութիւն, ժողովուրդ ու հայրենիք կ’առողջանան, կը զօրանան ու կը զարգանան տագնապներով լեցուն մեր այսօրուան կեանքին մէջ։

Տարածենք