Թիւ 100-102 - ՔԱՅԼԵ՛ՐԳ

 

Այս՝ Ղարաբաղ պահանջելու քաջութիւնն էր դատուելո՛ւ, բանտարկուելո՛ւ, արիւնելո՛ւ գնով, այս՝ հայրենի ժողովուրդին հեղեղային ու տարերային ցոյցն էր ընդդէմ բռնութեան եւ անարդարութեան, միշտ՝ արիւնելո՛ւ գնով, այս՝ հայոց միահամուռ արհամարհանքն էր Երեւան մտած կարմիր հրասայլերուն դէմ յանդիման եւ վերջապէս այս՝ Հայաստանի Հանրապետութեան ճանաչումն էր պայծառ եւ Եռագոյն դրօշի յաղթական վերադարձն էր դէպի հայոց կապոյտ երկնակամար։

Ամէն ինչ տեղի ունեցաւ մէկ անգամէն, ամէնքը մէկ, այնպէս արա՜գ, որ ոմանք ցարդ կը մնան՝ նման «անկարելի» տեսիլքներու ցնցումին տակ։

Ինչպէս հուն փոխող գետ՝ մտայնութիւններ նոր ուղղութիւն ստացան, դատումներ հիմնովին ու գնահատանքներ՝ գլխիվա՛յր շրջեցան։

Խելագարուա՜ծ էին ամբոխները սրբազան։

Ամբոխները խելագարուած՝ նոր խոյանքներու էին բացուած, կամար էին նետած դէպի մօտիկ ու հեռաւոր անցեալ, բարձրացուցած էին ինչ որ պահած զինանշան ու ամբոխները խելագարուած, ուժգնութեամբ ժայթքող կարմիր լաւաներու, կը պատռէին երկնի կողը՝ բռունցքներով առնական։

Սակայն,

Նոյն հողին, նոյն դրօշին, նոյն բռունցքին ու նոյն հոգուն նոյն ե՛րգն էր պէտք, ու ամբոխները խելագարուած՝ երգ չունէին։

Քայլերգը հին, համակ կեղծիք, ինչ որ կաղկանձ պետական, շատո՜նց պարպուեր էր իր բառերէն, որոնք, ամօթահար, պահուեր էին բռնաւորի մահուան հետ, խորն անդունդին գեհենական։

Ամբոխները խելագարուած կը նախընտրէին երգ չունենալ, քան թէ երգել՝ ինչ որ վէ՛րք էր։

Ամբոխները երդուեր են արդէն մնալ այսպէ՛ս, խելագարուա՜ծ, մինչեւ… քայլե՛րգ ունենան։

Հիմա, ա՛յդ է. որ կատարեալ ըլլայ բանը, պէտք է նախկին, արդէն կիսով մեռած հիմնը ընդմիշտ թաղել ու քայլերգով նոր ու հնչեղ՝ ամբոխները խելագարուած առաջնորդել արդարութեան, ազատութեան բարձունքներուն՝ նո՛ր ու ահե՛ղ։

Հիա, ա՛յդ է. պէտք է անոնց, ամբոխներուն խելագարուած տալ նոր քայլերգ, որ նոյնանա՜ն, արմատանա՜ն, ու նո՛ր թափով, նո՛ր կշռոյթով, ամբոխները իմաստնացած՝ քալեն յառա՜ջ…

Ու բառերը նոր քայլերգին պէտք է քաղել եդեմակա՛ն պարտէզներէն։

Ու ձայնանիշերը նոր քայլերգին պէտք է ընտրել երկինքներէ՛ն։

Ու վերջապէս պէտք է արեան թաթխել սուրը՝ վառելու համար նոր քայլերգին ներքին հուրը։

Նոր քայլերգը պէտք է բերէ գիւտ աղերսող վանականին պաղատանքը, Խոր Վիրապին մէջ լոյս երկնող բանտարկեալին հաւատամքը, ժայռը խաչքա՛ր ընող զարկին վսեմ փայլքը, աստղերուն հետ սիրաբանող, ռատիօ ալիք չափող կամ քարերէն մետաքս հանող նոր սուրբերուն հպարտանքը։

Նոր քայլերգը պէտք է բերէ անլռելի զանգակներուն ահազանգը, ճակատի վրայ ճակտէ՛ն խփող ջան ֆետայու Դաւթի զարկը, յեղափոխող մեր երգերու մարտի կանչը, ողջ աշխարհին խաղաղութիւն, հիւանդներուն՝ բժշկութիւն, ազգիս հայոց սէր միութիւն աղերսող մեր շարակնոցին հառաչանքը։

Նոր քայլերգը պէտք է բերէ աստղերուն հետ մեր լիճերուն աչքխփուքը, հովերուն հետ մեր դաշտերուն սիրուըտուքը, երկինքն ի վեր՝ խիզախանքը մեր սարերուն, իրենց գլխուն՝ Նոյեան Տապան, իրենց լանջին՝ գինու այգի ու աղաւնի՜ խաղաղութեան։

Ու Անտունի՜, Հոռովել Հօ՜…

Պէտք է ծնիլ այնպէս քայլերգի մը, որ երբ հնչէ՝ կարմի՛ր թուի անցեալը, ներկան՝ կապո՜յտ, իսկ ապագան՝ արդար քրտի՛նք, ցորենի հա՛սկ, նարնջագոյն բե՜րք անսահման։

Ու վերջապէս պէտք է երկնել քայլերգը նոր, այնպիսի խո՛ր, Աստուածահո՛ւնչ եղանակով ու բառերով հրաշագործ՝ որ երբ հնչէ,

Մեռելներն անգամ ցատքեն իրենց գերեզմանէն, պատուի՛ կենան,

Ու մեզի հետ աշխա՛րհ երգէ՝

- Հազա՛ր ապրի Հայաստան։

Տարածենք