Թիւ 103-104 - ԵՐԴՈՒՄԸ
Երդնուլ՝ կը նշանակէ խոստանալ, կապուիլ, յանձնառու մնալ։ Երդնուլ կը նշանակէ խօսքին յաւելեալ ոյժ տալ, զայն վերածել արարողութեան, պաշտօնականութեան, ուխտի՛։ Երդնուլ կը նշանակէ ապահովութեան տալ, անվստահելիութիւն ամէն պատուար քանդել եւ պատասխանատու մնալ հետեւանքին։
Երդումը պարտամուրհակ է, որ եթէ խախտի՝ վերջացաւ, նորոգելի չի կրնար մնալ, երկրորդ առիթի մը չի կրնար արժանանալ, յետաձգումի կամ սրբագրութեան հարցի չի կրնար վերածուիլ։
Երդումը արձակուած փամփուշտ է. կա՛մ կը հասնի նպատակին, կա՛մ կը վրիպի անկէ։ Շատ բան կարելի է միջին եզրով միջակութեան վերածել, տափակցնել, սակայն երդումով պայմանաւորուած յայտարարութիւն մը՝ երբեք։
Երդումը նոյնինքն ճշմարտութիւնն է։ Ու ճշմարտութիւնը երկուք չի կրնար ըլլալ։ Ճշմարտութիւնը կամ այո է, կամ ոչ։
Ու ճշմարտութիւնը գուցէ չոր է ու դաժան, սակայն ճշմարտութի՛ւնն է գեղեցկութեան թագուհին, բարոյականութեան բերդը։ Որ խորտակուի բերդը, վերջացաւ։ Խաւաքարտէ տուփի պէս փուլ կու գայ կանգուն, ամէնէն ուժեղ կարծուած թագաւորութիւնն անգամ։
Ու կարեւորը այն է, որ բերդը անգամ մը չիյնայ…
Երդումը տակաւին պահակն է, որ մեռնի պահակը, ամէն ինչ կը դառնայ խոցելի։ Անպահակ տեղը ամէնէն վտանգուած տեղն է։
Ու տակաւին երդումը պատուոյ պէս է, որ անգամ մը դրժուեցաւ՝ անխուսափելի է անոր մահը։
Երդումը նուիրական է, ինչպէս Աստուած։
***
Ու սերունդներ երդումով ճամբայ ելան։
Յատկապէս 1915-ին սերունդ մը երդում ըրաւ իր պապերու նամուսին վրայ, որ իրմէ խլուած հայրենիքը պիտի ազատագրէ։
Նոյն սերունդը իր երդումը վերանորոգեց 1920-ին. այն՝ որ վերջ պիտի դնէ բռնատիրութեան, որ օր մը հայրենիքին պիտի վերաշնորհէ ազատութեան ուրացուած խորհրդանիշը։ Յաջորդ սերունդը, սերունդները, հաւատարիմ մնացին իրենց նախորդներու երդումին։
Մինչ Քրիստոսի ծնունդէն առաջ ու այս կողմ աշխարհով սերունդներ անցան, մեր մօտ սերունդը անփոփոխ մնաց որպէս մտայնութիւն, ինչպէս երդումի կնիք։ Ամէն անգամ որ վտանգուեցաւ հայրենիքը, կամ չքացաւ հայրենիքի ազատութիւնը, երդումը փոթորիկի պէս անցաւ հայոց լեռներով։