Թիւ 105-106 - ՄՆԱՅՈՒՆ ՕՐԱԿԱՐԳ

 

Անվիճելի է, որ ՀԱՅՐԵՆԻՔ առանցքին վրայ ու մէջ կը դառնան մեր բոլոր կազմակերպութիւնները, բոլոր միութիւնները, բոլոր հիմնարկները, բոլոր միաւորները, բոլոր բջիջները, բոլոր կառոյցները, ու բոլորին՝ բոլո՛ր նախաձեռնութիւնները։

Ամէն ինչ հայրենիքով ու հայրենիքին համար։

Անվիճելի է, որ յատկապէս արտերկրի մէջ մեր գոյութեան պատճառն ու հետեւանքն է Ան, հայրենիքը, հետեւաբար հաւաքական, նոյնիսկ անհատակա՛ն մեր ապրումներուն ամէնէն հարազատն ու խորն է Ան, հայրենիքը։

Ու ուրիշ կերպ չէր կրնար ըլլալ։

Անվիճելի է, որ եթէ հայրենիքը հնչէ տեղ մը ու թուի, որ ան մոռացութեան տրուեր է այլ տեղ մը, նոյնն է, Ան կայ, կայ՝ եթէ տեղ մը գրուի Ան, կամ այլ տեղ Ան չերեւի անգամ Մեսրոպատառ իր վեհափառութեամբ, նոյնն է, միշտ կայ, չի կրնար ուրիշ կերպ ըլլալ։

Այս այսպէս է, մեր ծնունդին ու ճակատագրին իսկ պատճառով։

Մեր կոխած քարերը Հայաստան կþաղաղակեն, մեր կերած հացը կը քաշէ կարօտը Շիրակի ցորեանի դաշտերուն, մեր շնչած օդը՝ թթուածինի տեղ Հայաստանո՛վ կը վանէ բորոկածինը։

Ամբողջ հարցն ու գործը այն է պարզապէս, որ ծննդոցը, ենթագիտակցականն ու բնազդականը բարձրանան գիտակցականին, չբաւարարուին ինքնեկով, որուն համար ու պատճառով պէտք է ցուցադրել զայն, Հայաստանը, պէտք է լսելի դարձնել զայն, Հայաստանը, պէտք է միշտ սեղանի վրայ պահել զայն, Հայաստանը. մի՛շտ, ամէ՛ն տեղ, ամէ՛ն վայրկեան։

Պէտք է փռել Հայաստանը աշխարհի՛ աչքին, մե՛ր աչքին։

Պէտք է Հայաստանը պտըտցնել ինքնաշարժներու վրայ որպէս լոկօ, ցուցափեղկերու վրայ ունենալ զայն որպէս գեղեցկութիւն ու զարդ, գիրքերու մէջ՝ որպէս պատգամ, եկեղեցական արարողութեանց ընթացքին՝ որպէս աղօթք, շրթներու վրայ՝ որպէս երգ ու համբոյր…

***

… Ու ժողովներու մէջ, որպէս մնայուն օրակարգ։

Ժողովական կարգով քանի ընդունուած է վերաքաղ ընել, հետեւաբար նախ կարդալ «նախորդ նիստի ատենագրութիւն»ը, ապա ստուգել առնուած որոշումներու գործադրուած ըլլալը՝ «նախորդ նիստէն բխող հարցերու» քննութեամբ, զբաղելու համար եկած կամ ղրկուելիք նամակներով, կեդրոնանալու համար նոր հարցի մը վրայ՝ լուծում տալէ ետք ընթացիկ խնդիրներու ու «զանազանքով» ալ հասնելու համար նիստի աւարտին, ապա միտքը այն է, որ Հայաստանը դառնայ մնայուն օրակարգ, ինչպէս «նախորդ ատենագրութեան ընթերցում»ի նպատակ։

Արտերկրի բոլոր հայերը, իրենց որեւէ՛ ժողովի ընթացքին որպէս Մնայուն Օրակարգ ունենան զայն՝ հնչեղ, երեւցող, ուղիղ, լուծում սպասող, խանդավառութիւն ստեղծող, պատասխանատուութեան մղող, թռիչք պարգեւող ու անփոխարինելի մթնոլորտ ստեղծող Հայաստանը։

Որ Մնայուն Օրակարգի վերածուի Ան, անպայման բան կþունենանք ըսելու եւ անուղղակի, հետեւաբար անյանձնառու վիճակէն դուրս կþելլենք, ու եթէ պատահի, որ բան չունենանք ալ ըսելու, առնուազն այդ պատճառով կը զգանք Պատմութեան մեծադղորդ սաստը, որով խղճի խայթ կþունենանք եւ կը մնանք արթուն։

Այդ է։

Ժողովները պէտք է բանալ կամ փակել Հայաստանով։

Յատկապէս այս օրերուն։

Այս օրերուն, երբ ահա կ’երեւի այնքան սպասուած օրերուն օրը, եւ որ սակայն եկաւ այնպէս արագ, ժխորով, տխրութեան, հպարտանքի եւ յոյսի խառն ծրարով, չսպասուած պահու մը, այնպէս անակնկալ, որ կարծէք կարելի իսկ չէ հաւատալ, որ ահա կ’երեւի՛ սպասուած արշալոյսի առաջին շողը, այնքան որ՝

Կը վախնանք, երազ է։

Գուցէ այս իսկ պատճառով եւ յատկապէս այս օրերուն պէտք է Հայրենիքը դարձնենք ՄՆԱՅՈՒՆ ՕՐԱԿԱՐԳ, որպէսզի տոկա՛յ, մնա՛յ, արմատանա՛յ։

Վիրաւոր է՝ կապենք վէրքը։ Արնաքամ է՝ տանք արիւն։ Փաթթուի՛նք իրեն, նոյնանա՛նք իր հետ։

Պահենք զայն սեղանի վրայ, շտկուած կամ շտկուելիք սեղանի պէս, մինչեւ Թովմաս Առաքեալի նման ստուգենք, որ «երազ չէ՛»։

Տարածենք