Թիւ 107-108 - ԵՐԳ՝ ԵՐԳԻ ԵՒ ԵՐԳԻՉԻ ՄԱՍԻՆ (Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՍԿԱՈՒՏՆԵՐԸ ՁԵԶ ԿԸ ԲԱՐԵՒԵՆ)

 

Ինքնամոռաց սուլոց մը փողոցի մէջ, կամ գոհունակութեան մռլտոց մը բեռներու տակ, ձայներու հետ գլխու ետեւառաջում մը երջանիկ, կամ տխրամած,

Մինչեւ անգամ՝ խուլ խռչափողէ հրմշտկուող անկապ ձայներ, խռպոտ՝ ինչպէս լքուած թոյլ ձայնալար,

Թէ սրտէն գան՝

Երգ կը դառնան։

Երգ կը դառնան, երգ են արդէն ձայներն ամէն ու նայուածքներն աղաչական, սիրատոչոր կամ բարկացայտ, որոնք կþայրեն, կամ կþօրօրեն, կամ կը տանին քեզ այդ հեռո՛ւ, սրտի անհուն խորունկներուն։

Երգ կը դառնան ձայներն ամէն, որոնք կու գան սրտի փխրուն ակունքներէն։

Ու ձայները սրտին երթան՝ երգ են նորէ՛ն։

Երգերն ամէն՝ հոգու հեւք են։

Բայց երգեր կան վէրք կը փորեն, կան՝ վէրքերու բալասան են։

Երգերուն ալ կայ իրաւը, անիրաւը, հինն ու նորը, վատն ու լաւը, մնայունը, գնայունը։

Բախտաւորը ու անբախտը։

Ընդհանրապէս մահկանացու են երգերը, ինչպէս մարդոց շատ քիչերը։

Յառնող երգեր ալ եղած են, պիտի ըլլան, վերականգնած պատիւ ու վարկ։

Բայց եւ այնպէս, ըլլայ օտար թէ հարազատ, ըլլայ մեներգ, ըլլայ խմբերգ, ըլլայ սրինգ, դաշնակ, ջութակ եւ կամ բամբիռ։

Բառ ունենայ թէ ռունգերէն հոսող ձայնը բառ յիշեցնէ, կամ բառ փնտռէ։

Նոյնն է,

Երգը երգ է։

Հարցը այն է, որ մարդ պարտի իր սեփական երգն ունենալ, որովհետեւ առանց երգի մարդ կը չորնայ, կը չարանա՜յ…

***

Ու երգիչ է ամէն մարդ թէկուզ, ձայնանիշն ի՞նչ է՝ չգիտնա՜յ, ու տակաւին՝ թէկուզ ձա՛յն իսկ չունենայ։ Պարզապէս երգիչ է ամէն, ամէն մարդ երբ որ, ուրախութեան թէ ցաւի պահուն, ձայնը կը տանի՝ սրտէն սրտերուն։

Պարզապէս միայն երգիչ կայ կþերգէ ինք իրեն համար, երգիչ կայ կþերգէ բոլորին համար ու երգիչ կայ՝ թէ՛ յօրինող է եւ թէ խմբավար…

Հարցը միշտ այն է, որ պէտք է մարդուն միշտ սիրոյ երգ տան, որ ամէնուրե՛ք, ծարաւ արտերուն տեղացող անձրեւին նման՝ քաղցր հնչէ ամէ՛ն բան։

***

Այժմ լսեցէ՛ք Հ.Մ.Ը.Մ.ի զուարթ ու հնչեղ արենոյշները եւ արիները, երգի անզուսպ սիրահարաները։

Կայտառ են՝ կը կանչեն, կը ճչան խայտանքէն, անմեղ են, կþերգեն։

Կը ծափեն՝ երբ հիանան (ծափն ալ արդէն այլ երգ է), կը սուլեն՝ որ յառաջանան։

Ծիտ են դաշտի մէջ, ծառերու վրայ՝ թռչուն, կը գեղգեղեն ինչպէս սոխակ, կը փոթորկին ինչպէս փեթակ, կանչ են՝ որ հաւաքուին, կոչ են՝ որ միանան, զանգ են՝ որ յիշեցնեն, ահազանգ են՝ որ լեռնանան։

Ու խմբերգեն՝ կը բռունցքանան։

Երգո՛վ ծնան այս տղաքը, երգո՛վ սնան, թէ՛ երգ են, թէ՛ երգիչ են ջան տղաքը։

Շարակա՛ն են, Աստուած օրհնէ անոնց հեւքը, անոնց բերքը ու խնայէ անոնց միայն կարապի տխուր երգը։

Ու լսեցէ՛ք, ու թէ կրնաք՝ մի՛ միանաք կանչին, կոչին, Հ.Մ.Ը.Մ. երգ - Երգիչին։

Պիա-պիա Պիայէն

Պիա-պիա Պիայէն

Պիայէն

Սիայէն

Հ.Մ.Ը.Մ.ի արիները ձեզ կը բարեւեն…։

Տարածենք