Թիւ 111-112 - ՊԱՏԳՄԱՒՈՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ
Չորս տարին անգամ մը, աշխարհի չորս ծագերէն ժամանած Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատգամաւորներուն համախմբումն է այս՝ միեւնոյն երդիքին տակ, կանխորոշ ժամադրավայրի մը մէջ։
Շաբթուան մը հաւաքական առանձնացում՝ վասն միութենական իրավիճակի վերանայման, վերապատկերացման եւ վերաշխուժացման։
Տեսակ մը Նոյեան Տապան՝ ի վերջոյ հանգչելու Արարատեան Բարձունքին, ի խնդիր Ազգին ու Հայրենիքին լաւագոյնս ծառայելու Հ.Մ.Ը.Մ.ական Ուխտին եւ նպատակասլացութեան։
Իւրաքանչիւր պատգամաւոր ախոյեա՛նն է իր շրջանի բարեկարգման եւ բարգաւաճման, միաժամանակ որմնադիրը՝ համալիր-համակառոյցի բարձրացման ու ամրացման, վերամղիչ հիւլէն՝ հաւաքական վերելքին։
Կա՛ն, կրնան ըլլա՛լ մենակատարներ։ Եւ նուագարանները տարբեր են, միեւնոյնը չե՛ն անպայման։
Բայց՝ դաշնայարդարման նո՛յն ձայնանիշը տրուած է բոլորին՝ կանոնագրի տառն ու ոգի՛ն։
Յօրինող-խմբավարը՝ հիմնադիր-ռահվիրաններն են, անոնք որոնք, հեռաւոր օր մը, աւերակներու վրայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի դրօ՛շը կոթողեցին իբր վերածնունդի խորհուրդ ու վերահսկիչ աչք՝ իրենց վիճակուած պաշտօնի գիտակցութեան, իրենց վստահուած առաքելութեան լրիւ ու անսայթաք կատարման կը հրաւիրեն բոլո՛ր դերակատարները։
Եւ այս կենսոլորտին մէջ, մարդակերտումի եւ հայակերտումի ընդհանրական տեսլականին հարկատու՝ քննարկումները մերթ կը յանգին խորագոյն քննադատութեան, մերթ ալ՝ կենսաւորման խայտանք ու խոյանք՝ ալիք կ’ելլէ ալիքի դէմ, տեսակէտնե՛ր, գաղափարնե՛ր կը բախին իրարու՝ շառաչիւնով։
Ալեկոծումը երկար չի տեւեր, սակայն։
Խորաբիբ ու վերասլաց միութենասիրութիւնը անքակտելի կը մնայ խորարմատ եւ պտղառատ եղբայրակցութեան։
Որովհետեւ՝
Բոլո՛րն ալ գաղափարակիրները, ուխտագնացներն են՝ «Բարձրացի՛ր-բարձրացուր»ի աստղազարդ ճանապարհին։ Եւ ի՛նչ ալ ըլլայ ձայներու դրոշմը եւ նուագարաններու տեսակը՝ ի վերջոյ եւ միասնաբար՝ բոլո՛րը պիտի երգեն ու նուագեն միեւնոյն քայլերգը՝
«Յառա՜ջ, նահատակ…»
Որովհետեւ՝
Դուրսը, աշխարհի չորս ծագերուն, տասնեակ հազարաւոր պատանիներու եւ երիտասարդներու յուսավառ աչքերը յառած կը մնան ժողովասրահին։
Կը սպասեն որ դուռը բացուելուն՝ արեգակի նոր շո՛ղ մը ցաթի իրենց հոգւոյն եւ հայ երդիքներուն վրայ։
Կը սպասեն նո՛ր չափի ու կշռոյթի, որ իրենք դառնան ցամաքամասեր նուաճող «կամաւոր բանակ», եւ միգամած հորիզոններէ վեր դէպի արեւաշող երկնակամարներ թռիչք առնող «հրաթեւ տորմիղ»։
Եւ ջուրերը կը խաղաղի՛ն։
Ծովը կը դառնայ ապահով նաւարկութեան կապո՛յտ ու հեռագնա՛ց ուղեծիր։
Ու ծով-ժողովը կը վերածուի առո՛ղջ ու կենսաբախ սրտի, ուր աշխարհի ծայրամասերէն իսկ եկած արեան գնդիկները, զիրար հրմշտկելէ, նեղ դուռերէ անցնելը ետք, թարմացած ու գաղափարական թթուածինով հարուստ՝ մայր երակով, բնական ճանապարհով կը վերադառնան իրենց հեռաւոր ափերը՝ ուժ ու կազդոյր, ապրելու հաւատք եւ յաւերժութեան յո՛յս տանելու երիտասարդութեան, հայութեա՛ն։
Ա՛յս պատկերը պարզեցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պատգամաւորական Ա., Բ., Գ. եւ Դ. ժողովները։
Հինգերորդը իրագործեց աւելի՛ն։
Ամբողջացա՛ւ, իր հետ եւ իր մէջ ունենալով ՀԱՅԱՍՏԱ՛Նը։