Թիւ 115 - 116 - ԴՐՕՇԱՐՇԱՒ

 

Մարզական բառ մը, որ կեանքի այլ բնագաւառներուն համար ալ դարձած է գործակցութեան, հաւաքական ճիգի եւ նպատակասլացութեան հոմանիշ։

Վազքի խմբական մրցում մը, որ միութենական, նոյնիսկ պետական մակարդակի վրայ կը խորհրդանշէ աշխատանքի եւ իշխանութեան Փոխանցման Արուեստը։

Առաջին մարզիկը, արթո՛ւն եւ արա՛գ, պիտի մեկնի ճի՛շդ ժամանակին, ու հասցնէ խումբին կամ երկրին դրօշակը՝ երկրորդին, որ անվարան ու անսայթաք՝ պիտի սուրա՛յ, սուրբ աւանդը փոխանցէ երրորդին, մինչեւ որ, վերջին ներկայացուցիչը, գերագոյն պրկումով մը սլանա՛յ՝ նետի պէս հասնի վախճանակէտին, միւս խումբերու մրցակցներէն առաջ, որպէսզի ընկերներուն հետ կանգնի՛ պատուահարթակին վրայ, հնչէ՛ ազգային քայլերգը եւ երկրին դրօշը բարձրանա՛յ, ծածանի՛ յաղթական։

Իւրաքանչիւր մարզիկ ընտիր մըն է, ախոյեան մը, եւ ի հարկէ՝ ունի՛ անհատական ուժը, իւրայատուկ ոճը եւ սեփական նկարագիրը։ Բայց առանձնակի այդ արժանիքները կþամբողջանան ու կը բազմապատկուին միմիայն՝ միեւնոյն հաւատքի եւ եռանդի տոգորումով, միասնական վարժութեամբ եւ ներդաշնակումով,առաւել իրերահասկացողութեամբ եւ փոխադարձ սիրով։

Շարունակականութեան, յաղթարշաւ երթի համար անզօ՛ր կը մնան սակայն այս բոլո՛ր գրաւականները, եթէ դերակատարները անգիտանան հեռագնացութեան գաղտնիքները եւ չտիրապետեն Փոխանցման Արուեստին։

Դրօշակ տուողը պիտի չտուայտի, իսկ առնողը պիտի չդեդեւի, բնա՛ւ։ Ակնթարթի մը շուարումն ու շփոթը դուռը կը բանան պարտութեան։ Ձախաւերութիւնն ու ժամանակի կորուստը կը հեռացնեն դափնեպսակը։ Մէկուն մասնակի վրիպումը կը խանդէ ընդմիշտ խմբակիցներուն հաւաքական կառոյցը։

Աւելի ճակատագրականը, աններելի մեղքը ա՛յն կþըլլայ, որ գետին իյնան դրօշակը, ոտնակոխուի՛ կամ չքանա՛յ, կորսուի անհետ…

Աշխարհ անգամ մըն ալ ականատես եղաւ նման ողբերգութեանց, Թոքիոյի համաշխարհային վերջին խաղերուն։

Դրօշարշաւի աղջիկներու բաժինին մէջ ոսկի մետալի թեկնածու ամերիկուհիներու խումբը դուրս մնաց մրցաշարքէն՝ գետին ձգած, կորսնցուցած ըլլալով դրօշակը։ Եւ հակառակ համաշխարհային մրցանակակիր Ժ. Մ. Փէրէքի գերագոյն ճիգերու, ֆրանսուհիներու խումբն ալ պարտուեցաւ, անճարակ փոխանցումի հետեւանքով։ Մինչդեռ, տղոց բաժնին մէջ, Քարլ Լուիս եւ խմբակիցները, անգերազանց մրցորդ եւ փոխանցման վարպետ՝ նոր մրցանիշ կը հաստատէին, ոսկեղէն նոր էջով մը կը հարստացնէին մարմնամարզի պատմութիւնը։

Նոյնը կը պատահի կեանքի, ազգերու պատմութեան մէջ։

Սերունդ մը եթէ չմտածէ իր ժառանգորդներուն մասին, չպատրաստէ հողը յետնորդներու գործունէութեան՝ կþանդամահատուին աշխատանքները, կը բազմանան ձախողութիւնները եւ կþարգելափակուի յառաջխաղացքը։

Հեռատեսութենէ, առողջ տեսլականէ զուրկ, կամ՝ հատուածական շահախնդրութեանց հարկատու իշխանութիւն մը երբ խարդախէ փոխանցումը, քար դնէ անիւին առջեւ, թաւալող կառքը կը կորսնցնէ հաւասարակշռութիւնը, կը մատնուի տեղքայլի, թոյլ տալով որ ազգերու մրցաշարքին մէջ դափնիները խլեն ուրիշներ։

Յաւերժական դրօշարշաւի մը հպատակ են միութիւններն ու բոլո՛ր ազգերը։

Արագ ու անվրէպ փոխանցում կատարողին,

Սերունդէ սերունդ կապը ամո՛ւր պահողին է վերջնական յաղթանակը։

Վա՜յ անոնց, որ անճարակութեամբ կամ կամովին կը դժուարացնեն փոխանցումները։

Վա՜յ անոնց մանաւանդ, որ գետին կը ձգեն, կը կորսնցնեն երկրի պատուի եւ գերիշխանութեան խորհրդանիշ՝ նուիրական Դրօ՛շը։

Տարածենք