Թիւ 251-252 - «... ԵՒ ԾԱՌԱՅԵԼ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՍ»

 

Չկայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի 8-րդ Պատգամաւորական Ժողովին տրամադրութիւնները խտացնող աւելի հնչեղ պատգամ՝ քան սկաուտական երդումին ծանօթ տողը. «... Եւ ծառայել հայրենիքիս»:

Ահա Հ.Մ.Ը.Մ.ի գործը, նպատակին մեծութիւնը, զոր Պատգամաւորական Ժողովը կարեւորութեամբ ընդգծեց օրակարգի իր բոլոր կէտերուն, պաշտօնական բացումին, 85-ամեակի խրախճանքին թէ նախագահ Ռոպէրթ Քոչարեանի հետ տեսակցութեան ընթացքին:

Իսկ ի՞նչ կայ աւելի վսեմ, աւելի գեղեցիկ՝ քան հայրենիքը եւ աւելի քաղցր՝ քան երդումը- ծառայել անոր:

Անկախ հայրենիքի մը գոյութիւնը ուժ եւ կենսունակութիւն կու տայ Հ.Մ.Ը.Մ.ին: Այլապէս ի՞նչպէս բացատրել 85ամեայ այս միութեան անչափելի զոհողութիւնները՝ հայը հայ պահելու, Սփիւռքի մէջ անոր հայեցի դիմագիծն ու նկարագիրը անաղարտ պահելու, իսկ Հայաստանի մէջ՝ բարոյականի տէր ազնիւ քաղաքացիներ կերտելու:

Հայրենիքին ու ազգին ծառայութիւնն է, որ կը պահէ եւ կը յուսադրէ Հ.Մ.Ը.Մ.ը, ապագային, իր վախճանական նպատակին ճամբուն վրայ զայն դարձնելով ստեղծագործ, մեծագո՛րծ:

Հոգեկան հայրենիքի հոգեվիճակը յաղթահարուած է այլեւս: Կայ ապրող ու զարգացող իրական հայրենիքը, ուր Հ.Մ.Ը.Մ. կը գործէ 14 տարիէ ի վեր, սկաուտական ծաւալուն գործունէութեամբ: Պէտք է գուրգուրալ հայրենի սկաուտական շարքերուն վրայ, որովհետեւ եթէ անոնք ստուարանան ու զօրանան, ամբողջ կազմակերպութիւնը կը զօրանայ, հայրենի՛քը կը զօրանայ:

Հայոց աշխարհի թանկագին մասնիկներ են նաեւ Արցախն ու Ջաւախքը, որոնք այսօր, աւելի քան երբեք, կարօտ են Հ.Մ.Ը.Մ.ական ուշադրութեան, սիրոյ, հաւատքի եւ կազմակերպութեան: Զոյգ շրջաններուն մէջ ալ Հ.Մ.Ը.Մ. գործունէութեան լայն դաշտեր ունի իր դիմաց, նորահաս սերունդներու դաստիարակութեան ճամբով ծառայելու ազգային իտէալներու կենսագործման:

Իտէալները, արդարեւ, արժէք ունին միայն այն ատեն, երբ կենդանի զգացում են: Հ.Մ.Ը.Մ.ի ճիգը եղած է ու միշտ պիտի ըլլայ վառ պահել ազգային իտէալները, կենդանի ուժի վերածել զայն, անոնցմով ազգային հպարտութիւն ներշնչել իրեն դիմող սերունդներուն, որպէսզի անոնք աւելի ամուր կառչին իրենց արմատներուն, հողին եւ ապագային:

Հ.Մ.Ը.Մ.ի 8-րդ Պատգամաւորական Ժողովը ահա թէ ինչպիսի՛ նուիրական պարտաւորութիւններու դէմ յանդիման դրաւ միութիւնը, երբ նշանակալից առաջնահերթութեամբ շեշտեց՝
«... Եւ ծառայել հայրենիքիս»:

Պատգամաւորական Ժողովը միաժամանակ հաստատեց, որ առանց ուժեղ կազմակերպութեան անկարելի է որեւէ ծառայութիւն յաջողութեամբ պսակել: Հետեւաբար, ան 2003-2007 քառամեակը հռչակեց կազմակերպչական քառամեակ, հաւատալով որ ծառայութեան պատրաստ կազմակերպութեան մը ուժը, տեւական ու անսպառ, անոր ներքին առողջութեան, կենսունակութեան, գիտակից զոհողութեան եւ յառաջդիմութեան մէջ է: Հ.Մ.Ը.Մ. յառաջիկայ քառամեակին հարկ է աւելի զօրանայ, տարածուի եւ կազմակերպուի հոն ուր ներկայ է արդէն, իսկ ներկա՛յ ըլլայ հոն ուր բացակայ է այժմ, որովհետեւ 85-ամեայ իր առաքելութեան հաւատարիմ՝ ան կոչուած է ազգային դիմագիծի, նկարագիրի, ինքնութեան եւ արժէքներու պահապանը ըլլալու հայ մատղաշ սերունդին համար:

Ահա՛ նաեւ Պատգամաւորական ժողովով վերահաստատուած Հ.Մ.Ը.Մ.ի գոյութեան իմաստը, անոր կենսունակութեան գաղտնիքը, առանց որուն անկարելի պիտի ըլլար տեսնել 90 մասնաճիւղերու շուրջ բոլորուած անոր 21.820 անդամները, պատրաստ՝ բարձր պահելու գաղափարական այն դրօշը, որուն եռագոյն շերտերը վեհօրէն կը պատգամեն՝
«... Եւ ծառայել հայրենիքիս»:

Տարածենք