Թիւ 19 - ՀԱՅ ՄԿԱՆԻ ՈՒԺԸ

 

Վարդանեա՛ն, Չուլլույեա՛ն, Համբարձումեան...

Կարծես՝ Հայոց պատմութեան խորերէն եկած դափնեպսակ իշխանազուններ ըլլային, որ կրկին գագաթնացուցին հայուն հպարտութիւնը։

Կարծես վերակենդանացած ամեհի ֆետայիներ ըլլային, որոնք հայուն ազնուօրէն յաղթանակելու անփշրելի կամքը կոթողեցին ի դիմաց աշխարհի հիացիկ աչքերուն։

Երեք ախոյեան միջազգային յառաջաբեմին վրայ՝ երիտասարդական Ուժի եւ Գեղեցկութեան երե՛ք բարձրակէտ, յաճախ «մեծ» ազգերու զլացուած երեք սխրագործութիւն, միաժամանա՛կ։

Անոնց անունին ու պատկերին դիմաց, հայ մամիկը չկրցաւ զսպել ուրախութեան արցունքները, փառք տալով Աստուծոյ՝ Նոյեան տապանը Արարատի լանջին հանգչեցուցած եւ առաջին անգամ Հայն ու Հայաստանը ստեղծած ըլլալուն համար։

Ուծացման ճամբուն վրայ դեգերող հայն անգամ Թորգոմեան արիւնին եռալը զգաց երակներուն մէջ՝ ի տես եւ ի լուր ազգակից ախոյեաններու հաւատք ներշնչող հասակին, անունին։

Միջազգային մամուլը խանդավառութեամբ ներբողեց «ծագումով հայ» խորհրդային կամ ֆրանսահպատակ սիւփըր-սթար մարզիկներուն նուաճումները։

Թրքական թերթերը, հեռատեսիլն ու ձայնասփիւռը, հայորդիներուն հաստատած մրցանիշներուն արձագանգ հանդիսացած ատեն, թէեւ ծածկեցին անոնց ազգային պատկանելիութիւնը, սակայն այնպէ՛ս մը հնչեցին մանաւանդ Վարդանեան ազգանունը, որ կը զգային, թէ անմա՛հ էր, Կարմիր Վարդանի ոգին կենդանի՛ եւ ամէնուրեք, եւ փոքր ու ճերմակ պաստառին վրայ ցոլացող ծանրաբարձութեան իշխանին առիւծի նայուածքը կը խռովէր իրենց հոգին...

Առաջին հերթին մաքրակենցաղ զբօսանք՝ այո՛, բայց ահա թէ ո՛ւր կրնայ տարածել սփորը իր հմայքն ու առաքելութիւնը։

Կը բարձրանայ ինք՝ անհատ մարզիկը, բարձրացնելով իրեն հետ իր հաւաքականութիւնը, իր ազգը։

Համակրանք ու հիացում կը ստեղծէ իր անձին շուրջ, միաժամանակ յարգանք պարտադրելով զինք ծնած ժողովուրդին եւ հայրենիքին հանդէպ։

Պարզ է այլեւս, որ մկանի յաղթանակը այսօր նոյնքան խօսիլ կու տայ իր մասին, աշխարհի չորս ծագերուն, որքան մտքի նուաճումը կամ արուեստի ստեղծագործութիւնը։

Երեք ճանապարհներն ալ, ըստ կոչումի, բաց են երիտասարդութեան առջեւ, նախ՝ անձնապէս լիանալու, լիարժէք անձ դառնալու, ապա եւ ազգին ու հայրենիքին փառքը հիւսելու յաչս մարդկութեան ու տիեզերքին։

Վարդանեանը, Չուլլոյեանը, Համբարձումեանը յիշեցինք։ Չմոռնանք բնա՛ւ Սարգիսեանը եւ միւս հայ ախոյեանները, որոնք, հայրենիքէն ներս թէ դուրս, պատուաւոր պատուանդանի վրայ են այսօր եւ կրնան վաղը գագաթնանալ իրե՛նք ալ։

Ուզեցինք յիշեցնել լոկ, որ հայ երիտասարդն ու երիտասարդուհին մարզանքն ու մարզախաղը չընդունին սոսկ իբրեւ ժամանց եւ զբօս, այլ ախոյեանութեան մը երազը փայփայեն՝ մրցանիշ մը խորտակելու կամքով տոգորուն։

«Ամէն զինուոր մարաջախտի գաւազանը պէտք է ունենայ իր պայուսակին մէջ», կþըսէր Նափոլէոն։

Վարդանեաններու, Չուլլոյեաններու, Համբարձումեաններու օրինակը թող ներշնչարան հանդիսանայ հայ երիտասարդութեան։

Տարածենք