Թիւ 287-288 - ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ

 

Բառերուն ամէնէն պարզը, ամէնէն գրաւիչն ու ազնիւը, որ իր մէջ կը խտացնէ մարդկային բազմաթիւ առաքինութիւններ։

Նուէրի մը, բարիքի մը կամ ծառայութեան մը փոխարէն, ի՞նչ արժէք ունի շնորհակալութիւնը այն մարդուն համար, որ գիտակցութիւնը ունի «Շնորհակալ եմ» ըսելու։

Սակայն, կ’արժէ հարց տալ, թէ ի՞նչ կþըլլայ շնորհակալութեան ձգած տպաւորութիւնը ընդունողին եւ անկէ զրկուողին վրայ։

Շնորհակալութիւնը ինքնաբուխ արտայայտութիւն մըն է, որ կ’արտայայտէ երախտաւոր մարդուն հոգիին ու բարոյականին մեծութիւնը։

Տարբերութիւն չ’ըներ, թէ բարիքը մեծ է կամ փոքր, կարեւոր է որ բարեգործը ստանայ իր բարոյական վարձատրութիւնը, որն է՝ շնորհակալութիւն։

Շնորհակալութիւնը խորքով ու հրապոյրով բառ մըն է, որ դիւրին կ’արտասանուի եւ դիւրին կը ստացուի՝ փոխադարձ գոհունակութեամբ։ Տուողին եւ ստացողին միջեւ ան կը ստեղծէ վստահութեան անքակտելի կապ մը։

Մագնիսական է իր ուժը։ Ան կը քաջալերէ բարեգործութիւնը, կ’ազնուացէ նկարագիրը, կը բիւրեղացնէ սիրոյ եւ խանդաղատանքի զգացումները եւ հոգին ամէնէն դժուար զոհողութիւններու դիմաց կը դարձնէ գերզգայուն։

Շնորհակալութիւնը կը ցոլացնէ մարդկային ամէնէն բարձր առաքինութիւնը, որ կը կոչուի երախտագիտութիւն։ Իր բարոյական ծանրութիւնը եթէ նժարի վրայ դրուի, անպայման որ ան կը հաւասարի մարդկային բոլոր առաքինութիւններու համագումարին։

Անկեղծութեամբ արտասանուած շնորհակալական խօսք մը, երախտագէտ սրտէ բխած, ուժ եւ խրախոյս կու տայ դժբախտութեան եւ դժուարութեան դէմ պայքարող մարդոց։

Ոչ մէկ բան շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան զգացումները կը խեղդէ մարդոց հոգիներուն մէջ, որքան ապերախտութիւնը՝ իր ժանիքաւոր ձեռքերով։

Ապերախտ մարդը ամբողջ կեանքին ընթացքին անզգամութիւն կը շնչէ եւ սիրոյ թթուածինի պակասէն կը տառապի։

Դժբախտաբար, շատ կան եսասիրութենէ տարուած մարդիկ, որոնք չեն գիտեր ու չեն սորված շնորհակալ ըլլալ ստացուած բարիքի մը կամ ծառայութեան մը փոխարէն։ Անտարբերութիւնը եւ արհամարհանքը ուղեցոյց ըրած են իրենց մեծամիտ մօտեցումներուն եւ ամէնուրեք միայն իրենց շուքը կը տեսնեն, իրենց հասակին կրկնապատիկ մեծութեամբ։

Որքան երախտագէտ մարդը ցոյց տայ իր իմացական եւ հոգեկան հարստութիւնը, այնքան ապերախտութիւնը կը դրսեւորէ իր մտային ու բարոյական սնանկութիւնը։

Վստահութիւնը՝ երախտագիտութեան եւ շնորհակալութեան, եւ նսեմութիւնը՝ ապերախտութեան, անկամրջելի երկու յատկանիշներ են մարդկային բնութեան։ Մէկը շուշաններ կը ծաղկեցնէ սրտերու մէջ, իսկ միւսը կը խամրեցնէ զանոնք։ Մէկը ընկերային յարաբերութիւններու մէջ ներդաշնակ գործակցութիւն կը ստեղծէ, միւսը՝ պառակտում եւ անտարբերութիւն, որուն օրինակները այնքա՛ն շատ են մեր կեանքին մէջ։

 

Տարածենք