Թիւ 289-290 - ՄԱԿԱՐԴԸ
Անսպասելի արագութեամբ անցան համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 8-րդ բանակումին տասը օրերը։
Բիւրականի բանակավայրին դրօշները, չորս տարուան համար, հանգչած են հիմա։ Սակայն, Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ընտանիքին անդամները, երկիրէ երկիր, քաղաքէ քաղաք, տակաւին կ’ապրին բանակումին առթած բերկրանքը։ Ականջներու մէջ կը հնչեն պատուիրակութիւններու տեսակ-տեսակ կանչերը։ Հոգիները արձագանգ կու տան խարուկահանդէսներու խանդավառ ծափերուն եւ ազգային-յեղափոխական երգերուն։ Աչքերէ չի հեռանար «Նահատակ ցեղի անմահներ»ուն անվեհեր երթը Երեւանի «Հանրապետութեան» հրապարակին վրայ։ Ու սրտերը կը դողան Հ.Մ.Ը.Մ.ական շարքերու յաղթական տողանցքէն ու ալեծածան դրօշներէն՝ Ծիծեռնակաբերդի, Եռաբլուրի եւ Սարդարապատի մէջ։
Բոլորը ոգեւոր ու հպարտ վերադարձած են իրենց տուները։ Պատրաստ՝ աւելի ամո՛ւր կոխելու հողին, աւելի ամո՛ւր կառչելու հայու ապագային։
Եւ այս է կարեւորը, հիմնականը, հայրենի հողին ու արժէքներուն քաղցրութիւնը ճաշակելէ ետք, հայու ինքնաճանաչման, սեփական ուժի վերարժեւորման փաստը՝ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական նման բանակումներու ընդմէջէն։ Մնացեալը մանրամասնութիւն է, ծանօթ յայտագիր։
Մնացեալը սկաուտական կանչ է ու երգ, փոխադարձ ծանօթացում, յիշատակի նկար, յուշանուէրներու յանձնում իրարու, պատասխանատուներու, արժանաւորներո՛ւ։
Բայց գլխաւոր արժանաւորը՝ ի՛նքը, Հ.Մ.Ը.Մ.ն է, իբրեւ միութիւն։
Գլխաւոր ու մեծագոյն ուրախացողը՝ ինքը, հայ ժողովուրդը, որ գիտէ Հ.Մ.Ը.Մ.ը ապրեցել եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ով ապրիլ, անով տեւաբար իր արիւնը թարմացնել, ազգային շունչը վառ պահել, զօրացնել իր հաւատքը՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի բանակումներէն քաղած ներշնչումներով։
Այլապէս ի՞նչ կ’արժեն բանակումները, տեղական, շրջանային թէ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական, եթէ անոնք լեցուած չեն ազգային խանդավառութեան եւ հպարտութեան տրամադրութիւններով։
Ի՞նչ կրնան տանիլ քոյր պատուիրակութիւններու անդամները իրենց հետ, եթէ ոչ՝ ազգային ամբողջութեան անբաժանելի մէկ մասնիկը ըլլալու գիտակցութիւնը եւ այդ գիտակցութենէն մղուած՝ ամբողջը հզօրացնելու եւ ամբողջով հզօրանալու յանձնառութիւնը։
Երեւոյթները պերճախօս են։ Ազգ մը ազգ է իր պատմութեան եւ արեան կապերով։ Սակայն ան կը դադրի ազգ ըլլալէ, երբ հայրենի հողէն հեռու ապրելով կը կորսնցէ ազգային ոգին։
Հայրենիքի մէջ կատարուած համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական բանակումները եւ սերտ շփումները հայրենի ժողովուրդին հետ, վառ կը պահեն այդ ոգին։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի համահայկական ընտանիքին մէջ սկաուտը կը դադրի միայն իր եսին մասին մտածելէ։ Հաւաքական կեանքը, ազգային իտէալներու ներշնչումով գեղեցկացած, կը բազմապատկէ անոր թաքուն ուժերը։
Ու հաւանաբար ա՛յս է գաղտնիքը, որ միշտ երիտասարդ ու առոյգ կը մնայ Հ.Մ.Ը.Մ.ը։ Կենարար այս ոգին է, որ ջլապինդ արմատը կը կազմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի կաղնիին, որ տեւաբար նոր ճիւղեր կ’արձակէ երկիրէ երկիր, հոն ուր սերունդը հայ պահելու հարց կայ, հոն ուր ազգային գոյատեւման երաշխիքի կարիքը կայ։
Վարագոյրը իջած է համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 8-րդ բանակումին վրայ, սակայն վարագոյրը փակ պիտի չմնայ, պէտք չէ մնայ երկար ժամանակ։ Յիշատակները, որքան ալ քաղցր ու անմոռանալի ըլլան, շահեկանութենէ զուրկ կը մնան, եթէ շրջաններու մէջ չվերածուին վերանորոգ ուժի, միութենական ստեղծագործ թափի եւ աշխատանքի։
Յիշատակները ալպոմներ գեղեցկացնող նկարներ միայն կը դառնան, եթէ հայ ոգիով չբազմապատկեն նորահաս սերունդները, մակարդը հանդիսանալու համար գոյատեւման մեր վաղուան պայքարին համար այնքա՜ն անհրաժեշտ նո՛ր ոգեւորութիւններու եւ ազգային նո՛ր հպարտութիւններու։