Թիւ 293-294 - ԳՈՐԾԻ ՀՐԱՒԷՐ
Կորուստներով ծանր տարի մը եղաւ 2006-ը Հ.Մ.Ը.Մ.ի ընտանիքին համար։ Իրարու ետեւէ անդարձ մեկնեցան հաւատաւոր բազմաթիւ դէմքեր, որոնք հետք ու դրոշմ ունէին միութեան մէջ, վաստակ ու ծառայութիւն՝ հայ կեանքին մէջ։ Կարօ Թիւթիւնճեան, Յարութիւն Գեղարդ, Անդրանիկ Ուրֆալեան, Պետրոս Շեմմեսեան, Ժան Պէլեան, Գօգօ Նալպանտեան, Յարութիւն Թագւորեան, Գաբօ Թասլաքեան եւ տակաւին ուրիշներ պատմութեան մաս կը կազմեն այլեւս։ Շքանշաններու տիրացած մարդիկ չէին անոնք անպայման, սակայն մարդիկ էին, որ իրենց կեանքը մաշեցուցած էին, որպէսզի Հ.Մ.Ը.Մ.ը շքանշան մը դառնայ հայ ժողովուրդի կուրծքին։
Այսօր չկան բարի աշխատանքի այդ լաւ մարդիկը։ Ու բնականաբար, բոլորին ուշադրութիւնը սեւեռած է նորերուն վրայ։ Միութեան յոյսն ու ապագան հանդիսացող երիտասարդութեա՛ն վրայ։ Կեանքի բնական օրէնքն է այդ, որ երէցները կամաց-կամաց պիտի շիջին եւ իրենց տեղը տան երիտասարդներուն, որոնք իրենց թարմութեամբ եւ եռանդով պիտի գան իրենք զիրենք պարտադրելու։
Այլոց մօտ գոյութիւն ունի հին եւ նոր սերունդներու բախումի հարց, դիրքի եւ ղեկավարութեան պայքար։ Մեր իրականութիւնը սակայն կը պարզէ տարբեր պատկեր, որովհետեւ մեր կարիքները չափազանց շատ են եւ գործող ուժերը՝ անբաւարար։ Երիտասարդութիւնը կանուխէն կոչուած է պատասխանատու դերեր ստանձնելու։ Որեւէ ուշացում կամ ընկրկում շատ շուտ զգալի կը դարձնէ իր հետեւանքները։
Դիւրին չէ ընտրուելիք ճամբան։ Միութենական գործի ասպարէզը փառքի աթոռներ չունի, ոչ ալ՝ նիւթական վարձատրութիւններ։ Զոհաբերութեան, դժուարութիւններու եւ յարատեւ վազվզուքի անհրապոյր դաշտ մըն է, որ պէտք ունի ուժեղ եւ աննահանջ բազուկներու։ Ով որ կոչում եւ ուժ կը զգայ իր մէջ այդ խոպան գետինը հերկելու, ով որ նուիրումով գիտէ երջանկանալ՝ անոր առջեւ բա՛ց է ասպարէզը։
Ամբողջ հարցը թեկնածուներու գործի ընդունակութիւնն է, հաւատքի, գիտակցութեան աստիճանը, պատրաստութիւնը եւ զոհողութեան պատրաստակամութիւնը։
Ինքզինք որքա՜ն երջանիկ պիտի զգար իր մայրամուտին մօտեցող վաստակաշատ միութենականը, տեսնելով երիտասարդ մը, որ իր ձեռքէն կը խլէ գաղափարի դրօշը, որ եղբայրաբար կը գրաւէ իր տեղը եւ ջլապինդ բազուկներով կը շարունակէ իր կէս ձգած գործը։ Կա՞յ աւելի մեծ մխիթարութիւն, քան հանգիստ սրտով մեռնելու գոհունակութիւնը։ Գիտնալ որ աչքդ բաց պիտի չհեռանաս այս աշխարհէն, վստահ ըլլալ որ գործդ արժանաւոր ձեռքերու յանձնեցիր։
Իսկ ո՞ւր է այդ երիտասարդութիւնը, որ անդիմադրելի ալիքի նման պիտի փոթորկէ մեր կեանքը եւ պարտադրէ իր կամքն ու ինքնութիւնը։ Անձկութեամբ կը փնտռենք նման երիտասարդութիւն, որ թափ ու թռիչք պիտի տայ մեր Գործին ու Իտէալին։ Երիտասարդութիւն, որ ջերմութիւն եւ խանդավառութիւն պիտի մտցնէ մեր ներկային, մեր հոգիներուն եւ շրջապատին մէջ։
Գործի հրաւէրը բոլորի՛ն է։
Մեկնողներուն պատգամը յստակ է. բաց ճակատով շարունակել Հ.Մ.Ը.Մ.ի գործը՝ վասն հայութեան եւ Հայաստանի։
Որպէսզի շարունակենք ամրանալ, արիանալ ու մեծնալ, անհատաբար ու հաւաքաբար։
Որպէսզի հզօրանանք, հայանանք, յաղթե՛նք։