Թիւ 295-296 - ՅԱՐԳԱՆՔ ՀԱՅ ԼԵԶՈՒԻՆ («ՀԱՅ ԼԵԶՈՒԻ ՏԱՐՈՒԱՆ» ԱՌԻԹՈՎ)
Եթէ մարդու մը համար ապրիլը գոյութիւն ունենալ է, ազգի մը համար ապրիլ կը նշանակէ տեւել, երկարաձգել կեանքը իրմէ անդին։ Իսկ ազգերը կը տեւեն մշակոյթով։ Ուրիշ ամէն բան կրնայ մեծցնել կամ պզտիկցնել զանոնք, միայն մշակոյթն է որ կրնայ ազգ մը ապրեցնել իբրեւ ազգ։
Լեզուն առաջին օղակն է ազգային մշակոյթին։ Առանց ազգային լեզուի չկայ ազգային մշակոյթ։ Ուիլիըմ Սարոյեանը ամերիկեան մշակոյթ է, Մայքըլ Առլէնը՝ անգլիական, Հանրի Թրուայան՝ ֆրանսական։ Ազգային մշակոյթը Խորենացին է, Նարեկացին է, Նահապետ Քուչակն է, Աբովեանն է, Ահարոնեանն է, Վարուժանն է, Զարենցն է։ Ազգային մշակոյթը Ռազմիկ Դաւոյեանն է։
Այսօր, երբ նոյնիսկ մեծ պետութիւններ իրենց ժողովուրդներուն կոչ կþուղղեն տէր կանգնելու իրենց ազգային լեզուին։ Ու երբ այդ կոչին կարիքը կը զգացուի պետական կեանքի բոլոր բարիքները վայելող ժողովուրդներուն համար, մեր պարագային ա՛լ աւելի հրամայական կը դառնայ հայ լեզուին պահպանումը, ոչ միայն խօսակցական մակարդակով, այլեւ՝ լայն հասկացողութեամբ, իր բառամթերքով, լեզուամտածողութեամբ, քերականութեամբ եւ դասական ուղղագրութեամբ։
Դէմ չենք օտար լեզուներու ծանօթացման եւ գործածութեան։ Հայը իր պայմաններուն բերումով միշտ սորված ու խօսած է օտար լեզուներ, բայց ատիկա երբեք պատճառ եղած չէ ազգային լեզուին հանդէպ յարգանքի իր պարտաւորութենէն զերծ մնալու։ Նման բան կրնայ դաստիարակութեան, կրթութեան եւ ընթերցանութեան լուրջ պակասի հետեւանքը ըլլալ։
Երբ ժողովուրդ մը լեզուի մէջ կը նահանջէ, ապա ան կը նահանջէ ամէն բանի մէջ։ Այսօր այբը մոռցողը, վաղը բենն ալ կը մոռնայ, մանաւանդ երբ հաշտուի մոռնալու գաղափարին հետ։
Յարգանքը լեզուին հանդէպ կը տանի մշակոյթի յարգանքին։ Անդադար պէտք է կրկնել այս ճշմարտութիւնը։
Հետեւաբար, այս տարուան կարգախօսը պիտի ըլլայ հայերէն խօսիլ ու հայերէն գրել։ Բայց մանաւանդ, լեզուի ճամբով պահպանել մեր ազգային մշակոյթը, ազգային ինքնութիւնը եւ նկարագիրը։ Այսինքն՝ մնալ հայ եւ խանդավառուիլ հայկական արժէքներով։
Այս պարտքը կը դրուի իւրաքանչիւր հայու վրայ։ Յարգանքը մեր լեզուին ու մշակոյթին հանդէպ կը պահանջուի բոլորէն, որովհետեւ պայքարը, զոր Սփիւռքի թէ հայրենիքի մէջ կը մղենք՝ մեր այլասերման դէմ, համազգային նկարագիր ունի եւ կենաց մահու խնդիր է բովանդակ հայութեան համար։
Այսպէ՛ս միայն կարելի է պահպանել մեր լեզուն եւ տեւականացնել մեր ժողովուրդին գոյութիւնը։
Եթէ իւրաքանչիւր հայ գիտակցի այս իրողութեան՝ ապահով կրնանք ըլլալ մեր ապագայէն, այլապէս հարցը շատ աւելի ծանրակշիռ է՝ քան մենք կը կարծենք։