Թիւ 297-298 - ՄԱՐԶԱՆՔԻ ՃԱՄԲՈՎ

 

Ապրելու, ապրեցնելու եւ ապագայ սերունդը ապահովելու փափաքը բնածին է ամէն մարդու մօտ, առաւել կամ նուազ չափով։

Աշխարհի վրայ իւրաքանչիւր էակ սահմանուած է կեանքի որոշ շրջան մը բոլորելու։ Կ’ապրին անոնք, որոնք ֆիզիքապէս կենսունակ են ու զօրաւոր։ Իսկ ապրելու համար պէտք է տեւաբար պայքարիլ։ Աշխարհը երբեք խաղաղութեան տրամադիր եղած չէ եւ այսօր ալ չէ։ Պայքարը, զանազան ձեւի տակ, միշտ կայ ու կը մնայ։

Հետեւաբար, կեանքի պայքարին դիմադրելու եւ տոկալու համար, մարդ նախ ֆիզիքապէս զօրաւոր, կենսաբանօրէն առողջ եւ կազմախօսականօրէն ջլապինդ մարմին պէտք է ունեայ։ Բան մը, որուն նախապայմանը համաչափ մարզանքն է՝ կանոնաւորաբար։

Շատեր, դժբախտաբար, շատ-շատեր, մարզանքը ժամանց ու ժամավաճառութիւն կը նկատեն՝ առանց անդրադառնալու անոր բարերար ազդեցութեան՝ անհատական առողջութեան եւ ազգապահպանման անհրաժեշտութեան վրայ։

Բնութեան մէջ ուժն է որ կը գործէ, կ’արտադրէ, կը ստեղծագործէ։ Տիեզերական այդ անվիճելի օրէնքը բացառութիւն չունի։ Քանի ժառանգական օրէնքներու տրամադրութեան համաձայն, մարդ հարկադրուած է իր հիւլէէն մաս մը,- ֆիզիքական եւ հոգեկան մասնիկներէն-փոխանցելու յաջորդող սերունդին, իր լաւագոյնը ներկայացնելու համար իր զաւակներուն, հարկ է որ ֆիզիքական կրթութեան օգուտները գնահատէ եւ օգտուի անոնց պարգեւած բարիքներէն, իր ցեղային կենսունակութիւնը ապահովելու եւ ապագայ այլասերումներէ հեռու մնալու համար։

Մեր օրերուն, բոլոր ազգերն ալ գերբնական ճիգեր կը թափեն ու միլիառներ կը յատկացնեն մարզանքներու եւ զանազան ձեւի մարզանքներու համար, իրենց մատաղ սերունդին բնախօսականօրէն առողջ եւ զօրաւոր մարմին մը պարգեւելու եւ ապագայ սերունդին դիմադրողական ուժը զօրացնելու համար՝ իրենց ազգին տեւականացման ի խնդիր, որովետեւ ժողովուրդներու գոյութեան համար նոր սերունդին ֆիզիքական համաչափ դաստիարակութիւնը կենսական եւ վճռական կարեւորութիւն ունի։

Ազգեր, որոնք կը փափաքին աշխարհի ներկայ համակարգին մէջ իրենց արժանաւոր տեղը ունենալ, ամէնէն առաջ կը ձգտին ֆիզիքապէս կազմակերպուած ուժ ունենալ։ Ու կը ստեղծե՛ն այդ ուժը, ազգի իւրաքանչիւր անդամի հոգիին մէջ արծարծելով ազգային խոր գիտակցութիւն եւ մանաւա՛նդ հպարտութիւն, հիմք ունենալով՝ ֆիզիքական մեթոտիկ կրթութիւնը իր լաւագոյն պայմաններով։

Ազգեր այսպէս կը զօրանան եւ արիւն կը ստանան ապրելու եւ մաքառելու համար։ Մենք, հայերս, որ բազմաթիւ պատճառներ ունինք ուրիշներէն աւելի մտահոգուելու ազգային մեր գոյատեւումով, ամէնէն աւելի պէտք ունինք քաջառողջ սերունդներու, որոնց կերտումը կարելի է մարզանքի ճամբով։

Անյետաձգելի այս պահանջին իրականացման մէջ, ահա, կարեւոր դեր վերապահուած է Հ.Մ.Ը.Մ.ին, որ հայ մարդուն եւ յատկապէս նորահաս սերունդներու ֆիզիքական ու բարոյական դաստիարակութեան կը նպաստէ, ի խնդիր ազգին տեւականացման։ Եւ ճիշդ այս է անոր հետապնդած նպատակն ու իտէալը հանրային-հասարակական մեր կեանքին մէջ, սկաուտութեան եւ մարզախաղերու ճամբով՝

Մարզանքի՛ ճամբով։

Տարածենք