Թիւ 299-300 - ԱՌԱՆՁԻՆ ԱՐԺԷՔ

 

Արժէքները մահ չունին։ Ամէն մարդ իր մէջ բնական մղում մը կը զգայ արժէք մը ներկայացնելու, իրականացնելու, որովհետեւ անոր մէջ կը գտնէ իր կեանքին իմաստը, գոհունակութիւնը, ապրելու իրաւունքը։

Արժէքներու շարքին կարեւոր տեղ վերապահուած է նկարագիրին։ Մարդկային մշակոյթը չի վարանիր անոր տալ նոյնիսկ շարքին առաջին տեղը, որովհետեւ նկարագիրը իր մէջ կը խտացնէ ազնիւ սկզբունքներով ուժեղ անհատականութիւն, գաղափարականի տէր հոգի եւ տեւաբար լաւին ձգտող կամք։ Ան կը լրացնէ յառաջդիմութեան եւ բարձրացումի ամէնէն անհրաժեշտ պայմանները՝ ներքին միութիւն եւ կեդրոնացում։

Գիտութիւն, արուեստ եւ արհեստ կը նսեմանան նկարագիրին քով։ Միասին՝ մեծարժէք են։ Առանձին՝ վնասակար։

Գեղեցիկ եւ օգտակար են բնական գիտութիւնները, սակայն անոնք կը ճզմեն մարդը, երբ ան իր մէջ չունի հակակշիռը՝ նկարագիրի ուժը։ Կեանքի պայմանները կը բարելաւուին, հաճոյքները կը բազմապատկուին ու աւելի մատչելի կը դառնան գիտութեամբ եւ ճարտարարուեստով, բայց կը դիւրանայ նաեւ վատասերումը։ Եթէ նկարագիրի ուժով մարդ իր ներսը բնակող գազանը չէ սանձած, եթէ չէ իւրացուցած անձնազոհ ու անշահախնդիր մարդասիրութիւն, գիտութիւնը եւ ճարտարարուեստը տեսականօրէն կը շինեն, կը բարձրացնեն, բայց գործնականօրէն կը քանդեն ու մահ կը սփռեն։

Իսկ ո՞ւր է այս բոլորէն մերօրեայ երիտասարդութիւնը։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի նման երիտասարդական կազմակերպութիւն մը ինքզինքին թոյլ կու տայ նման հարցում մը հարցնելու։

Կար ժամանակ, երբ երիտասարդ ըլլալ կը նշանակէր ըլլալ դեռատի, նորածիլ, կարօտ՝ առաջնորդի, ղեկավարի։ Այսօր այդպէս չէ ընդհանրապէս։ Մեր օրերուն ո՞վ կրնայ համարձակիլ դաս տալ երիտասարդներուն։ Այսօրուան երիտասարդը ի՛նք կþորոշէ իր մտատիպարը, արժէքներն ու բարոյականը։ Անհաշտ կռիւ կը մղէ ան ամէն հեղինակութեան դէմ, որ կը յանդգնի չափ ու սահման դնել իր ազատութիւններուն, հաճոյքներուն, սիրոյն եւ ատելութեան։

Իսկ ո՞ւր է փրկութեան ճանապարհը։ Ակնարկները կ’ուղղուին Հ.Մ.Ը.Մ.ին։ Հաւատարիմ իր կոչումին եւ դաւանանքին, երդումին եւ նշանաբանին, Հ.Մ.Ը.Մ. ունի երիտասարդութեան պատշաճող յարմար միջոցները՝ անոնց քայլերը ուղղելու դէպի բարձունքը իսկական նկարագիրի։ Երիտասարդին ոչ մէկ կարիքը անտեսուած է Հ.Մ.Ը.Մ.ական դաստիարակութեան մէջ։ Մարմին ու հոգի, կամք ու միտք, սիրտ ու խիղճ ներդաշնականօրէն ձեռք-ձեռքի տուած կը զարգանան։ Կրօն եւ բարոյական էական տեղ կը գրաւեն իբրեւ գերագոյն արժէքներ, ապա կը յաջորդեն արժէքներու սանդուխին մնացեալ աստիճանները. ազգ եւ հայրենիք, ընտանիք եւ ընկեր։

Հ.Մ.Ը.Մ. կը կրթէ, կը կերտէ ամենապարզ ու գործնական ձեւերով։ Կեանք ու գործ, բնութիւն եւ ճարպիկութիւն, խաղ ու վազք միջոցներ են, որոնք լայն ասպարէզ կու տան պատանիներուն՝ զանոնք մղելով բարձրագոյն արժէքներ իրականացնելու։

Հ.Մ.Ը.Մ.ական կրթութիւն ստացողները լաւագոյն ճամբու մէջ են հասնելու ճշմարիտ նկարագիրի։ Անոնց կը սպասեն ընտանիք եւ հայրենիք, պետութիւն եւ մարդկութիւն։

Անոնք չեն ծերանար ժամանակէն առաջ՝ ինչպէս մեղկ ու անդիմագիծ երիտասարդները։ Իսկ երբ ծերանան, չափահասութեան համեղ պտուղները տալէ ետք, իրենց երիտասարդական ուժը կը պայծառակերպուի ու կը փայլի իբրեւ հասուն իմաստութիւն։

Այս ինքնին առանձին արժէք մըն է արդէն։

Տարածենք