Թիւ 313-316 - ԳՈՐԾ ՈՒ ԱՐԴԻՒՆՔ

 

Դժուար է սահմանել այն, որ կը զգացուի, կ’ապրուի, բայց չի կրնար գրուիլ։ Այն, որ մեր առօրեայ կեանքին մաս կը կազմէ, բայց այդ կեանքէն վեր կը մնայ, իբրեւ գործ ու արդիւնք։

Հ.Մ.Ը.Մ. մաս կը կազմէ մեր առօրեային եւ իր գործով ու արդիւնքով խօսուն, շարժուն, կենդանի՛ իրականութիւն է, որուն տրոփուն բազկերակները կու գան վկայելու, թէ գոյութիւն ունի հայ երիտասարդութեան ներկայ մը, շնչող, ապրո՜ղ ներկայ մը, որ իր սեփական աճումին կը գումարէ տարիները։

Հ.Մ.Ը.Մ. 90 տարիէ ի վեր մեր կեանքին մէջ ներկայ մըն է, որ կոչուած է նաեւ ապագայ ունենալու, այնքան ատեն որ ան կը հասնի հո՛ն, ուր հայ մարդիկ ազգապահպանման տենչով իր կարիքը ունին, իրեն կը սպասեն։

Հ.Մ.Ը.Մ. աւելին է՝ քան մարմնակրթական սովորական միութիւն մը։ Ու եթէ այդպէս չըլլար, անկարելի պիտի ըլլար հասկնալ այն մեծ զարգացումը, զոր այս միութիւնը ունեցաւ, մեծցաւ եւ ուռճացաւ, աշխարհի հինգ ցամաքամասերուն մէջ ծնունդ տալով 100 մասնաճիւղերու։

Հայը հպարտ է Հ.Մ.Ը.Մ.ով, օտարը իր յարգանքը չի սակարկեր Հ.Մ.Ը.Մ.ին։ Արդարեւ, 90 տարի շարունակ, Հ.Մ.Ը.Մ. եղաւ իր առաքելութեան եւ կոչումին գիտակից այն միութիւնը, որ հաւատք եւ ոգի ներշնչեց հայ երիտասարդութեան, լծուեցաւ երախտաշատ աշխատանքի, պետական հասունութիւն ցուցաբերող միութեան մը մօտեցումով։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի գաղափարապաշտ հիմնադիրներու ոգին միշտ վառ մնաց սրտին մէջ այն բազմահազար երիտասարդներուն, որոնք իրենց կորովն ու խանդավառութիւնը ի սպաս դրին հայանուէր այս միութեան վերելքին ու զարգացման։ Հայկական Ցեղասպանութենէն անմիջապէս ետք, հրաշքի մը պէս յարութիւն առնող մեր ժողովուրդին ապրելու եւ յաղթանակելու կա՛մքը մարմնաւորեց Հ.Մ.Ը.Մ։

Անկասկած, բազմաթիւ դժուարութիւններ դիմագրաւեց ան իր գոյութեան ընթացքին։ Եւ սակայն, հաւատքով ու վստահութեամբ շարունակեց իր երթը եւ այդ հաւատքով ու վստահութեամբ ալ յաղթահարեց բոլոր դժուարութիւնները, շնորհիւ մեր աննման ժողովուրդին, որ իր սրտին այնքան մօտ զգաց այս միութիւնը, վստահեցաւ ու հետեւեցա՛ւ անոր։

Անցնող 90 տարիներուն, Հ.Մ.Ը.Մ.ի ակումբներուն եւ դաշտերուն մէջ նկարագիր եւ դիմագիծ ստացած երիտասարդներուն թիւը դժուար է ճշդել, առանց հաշուելու համակիրները, որոնք տասնեակ հազարներով բոլորուեցան անոր շուրջ։ Այսպէս, քանի մը սերունդ կրթեց, ոգեւորեց, ներշնչեց եւ մեր ժողովուրդին յանձնեց Հ.Մ.Ը.Մ.։

Այսօր, 26 հազարի կը հասնի Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ընտանիքի անդամներուն թիւը։ Հին ու նոր անդամներ, մեծ թէ փոքր, բոլորն ալ իրենց հոգիէն, մտքէն ու հանգիստէն բան մը կը զոհաբերեն, բարձր բռնելու համար այն դրօշը, որ իրենց աւանդ ձգուեցաւ միութեան հիմնադիրներուն կողմէ, իբրեւ մեր նահատակներու ձեռքէն փոխանցուած անմար ջահ։

Փա՜ռք այդ պանծալի դրօշին։

Պատի՜ւ այդ դրօշը բարձր բռնած եւ պատնէշի վրայ կանգնած «Կամաւոր բանակ»ի իւրաքանչիւր «զինուոր»ին։

Եւ յարգա՜նք այս մեծ միութեան, որ իր գործով ու արդիւնքով ազգային բարիք եւ շունչ տուաւ մեր կեանքին, իր անջնջելի կնիքը դնելով անցնող 90 տարիներու մեր պատմութեան վրայ։

Տարածենք