Թիւ 346-348 - ՆԵՏՈՒԱԾ ՁԵՌՆՈՑԸ

 

Ակներեւ աշխուժութեան մէջ է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի շրջանը։ Ֆութպոլի դաշտի եւ դպրոցի բացումը, ԼԵՎԱՄ-ի մարզախաղերու մեծ յաջողութիւնը, ֆութպոլի երկրորդական խումբերու ախոյեանութիւնը, Մայիսեան փառատօնը, վեթերան ֆութպոլիստներու նուիրուած ձեռնարկը երեւելի ցուցանիշներ են շրջանին ապրած զգալի զարթօնքին։

Տակաւին, տեղի հասկնալի պատճառներով, «Մարզիկ»ի յաջորդ թիւին վերապահուած են շրջանին կարգ մը այլ յաջողութիւններուն արձագանգները, որոնք այլեւս ողջունելի են, ինչպէս՝ համահայկական խաղերու աննախընթաց ու մեծաթիւ մասնակցութիւն, խաղերու նախապատրաստութեան յատուկ ճաշկերոյթի կազմակերպում, պասքեթպոլի տղոց խումբի վերակազմակերպում՝ սերպ հանրածանօթ մարզիչի մը հսկողութեամբ, «Արարատեան» կարգի յուշամետալներու տուչութիւն՝ վաստակաշատ խմբապետ-խմբապետուհիներու, մասնաճիւղերու սկաուտական տարեշրջաններու փակման հանդիսութիւններ, տարեկան բանակումներ եւ այլն։

Ամէնէն ուշագրաւը, անկասկած, ԼԵՎԱՄ-ի մարզախաղերն ու ֆութպոլի երկրորդական խումբերու ախոյեանութիւններն են, որոնք անցնող վեց ամիսներուն, Հ.Մ.Ը.Մ.ի մարզադաշտերուն մէջ համախմբեցին շուրջ 1800 պատանի տղաք ու աղջիկներ, պահ մը զանոնք հեռու պահելով յոռի բարքերէ, օտար ու այլասերիչ ազդեցութիւններէ։ 1200 աշակերտներ եւ 600 կրտսեր ֆութպոլիստներ յաղթել-պարտուելէ առաջ, ծանօթացան իրարու, ծանօթացան Հ.Մ.Ը.Մ.ին եւ այն բոլոր արժէքներուն, որոնք բնորոշ կը դարձնեն Հ.Մ.Ը.Մ.ական մրցակցութեան ազնիւ սկզբունքները։ Անոնց հետ, դասընկեր-բարեկամներու եւ ծնողներու ստուար թիւ մը հետեւեցաւ մրցումներուն, քաջալերեց զանոնք եւ ծափահարեց Հ.Մ.Ը.Մ.ին իր նշանակալից իրագործումին համար։

Ուշագրաւ երկրորդ երեւոյթը յիշեալ ձեռնարկները կազմակերպող «կամաւոր բանակ»ն է, բաղկացած միութենական միջին եւ երիտասարդ սերունդի նոր դէմքերէ, որոնք մեծերու շուքին տակ, առաւելագոյնը զոհեցին իրենց ժամանակէն ու հանգիստէն՝ յաջողցնելու համար յիշեալ ձեռնարկները։ Գործը միացուց բոլորը եւ բոլորը միասնաբա՛ր նպաստեցին գործին յաջողութեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի վերելքին եւ նորահաս սերունդներու կազմաւորման, բարոյական առողջ միջավայրի եւ ազգային կենարար մթնոլորտի մէջ։

Լիբանանի յետ-պատերազմեան շրջանի ամէնէն նշանակալից հանգրուանն է այս, ուր հեռատես մօտեցումով լուրջ քայլեր կ’առնուին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի ընտանիքին ապագայ 10-15 տարիներու հաշուոյն։ Գնահատելի՛ քայլեր, որոնք սակայն պակասաւոր կը մնան, եթէ չամբողջանան լրացուցիչ այլ քայլերով։

Այսպէս, ի՞նչ ընել եւ ի՞նչպէս ընել, որ տարբեր մարզախաղերու ճամբով Հ.Մ.Ը.Մ.ի շուրջ համախմբուած 1800 պատանիները, խաղերու ընթացիկ խանդավառութենէն ետք, մնա՛ն Հ.Մ.Ը.Մ.ի երդիքին տակ, դաստիարակչական յատուկ ծրագիրներով ծանօթանան անոր վեհ նպատակին եւ ներգրաւուին անոր սերնդակերտ աշխատանքներուն մէջ։ Յուսախաբ պէտք չէ ընել դեռատի այդ տղաքը եւ մնայուն գուրգուրանքով պէտք է կարենալ պահել զանոնք միութեան մէջ կամ շուրջ։

Ի՞նչ ընել եւ ի՞նչպէս ընել, որպէսզի օրէ օր ծաւալող մարզական շարժումը ունենայ կազմակերպչական իր արդի վարչամեքենան, որ համապատասխան ձեռնհասութեամբ իրականացնէ մրցաշարքեր, որոնք մէկ կողմէ ծառայեն միութենական պատասխանատու նոր մարդուժի պատրաստութեան, իսկ միւս կողմէ՝ նորահաս նոր պատանիներու ներգրաւման, յատկապէս անոնց՝ որոնք ըլլալով հանդերձ հայ, այսօր կը կրեն լիբանանեան տեղական ակումբներու շապիկները։

Այս իմաստով ձեռնոցը նետուած է արդէն։

Պէտք չէ վախնալ զայն վերցնելէ։

Տարածենք