Թիւ 349-351 - ՄՐՑԵԼՈՒ ՀՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆ
Կար ժամանակ, երբ ազգային մեր բոլոր միութիւններուն նման, Հ.Մ.Ը.Մ. եւս մրցունակ միութիւն էր։ Յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ, ուր մարզական կեանքը նոր կը կազմաւորուէր 1940ական, 1950ական եւ 1960ական տարիներուն, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ եւ Լիբանանի մարզական խումբերը ո՛չ միայն լուրջ մրցակիցներ էին տեղական ակումբներու, այլեւ՝ ախոյեանական իրենց տիտղոսներով յաճախ քայլ մըն ալ առջեւ էին անոնցմէ։
Այդ օրերուն, հայերու նման օտարներ եւս կ’ըմբոշխնէին Հ.Մ.Ը.Մ.ի միջ-մասնաճիւղային մարզախաղերու տարբեր մրցումները, որոնք իրենց հմայիչ մթնոլորտին հետ մէկտեղ՝ սուր մրցակցութեան, գեղեցիկ խաղարկութեան եւ հպարտալի արդիւնքներու ոգեւորութիւնը կը փոխանցէին ներկաներուն։
Կարեւորը յաղթելն էր, այո՛, ցեղին վերապրումին փաստը տալը, բայց նաեւ՝ որակի եւ մակարդակի հարց կար։ Կարելի չէր ու պէտք չէր մրցապայքարէն հեռու մնալ։ Հայը տեւական ներկայ պիտի ըլլար մարզական կեանքին մէջ եւ, հակառակ իր ունեցած նուազագոյն յարմարութիւններուն, պիտի տար առաւելագոյնը, լաւագո՛յնը եւ կատարելագո՜յնը։ Կ’արժէ անգամ մը աչքէ անցընել այդ ոսկեայ տարիներու Սուրիոյ եւ Լիբանանի մարզական հաւաքականներու կազմերը, տեսնելու համար, թէ քանի՜-քանի՜ Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ իրենց պատուաւոր տեղը ունեցած են անոնց մէջ։ Միջազգային մրցաշարքերու մարզական պատուիրակութիւններ յաճախ Հ.Մ.Ը.Մ.ականներէ միայն կազմուած են, արդար հպարտութիւն ներշնչելով բոլորին։
Այսօր, փոխուած է կեանքը։ Փոխուած են խաղին օրէնքները։ Մրցակցութեան դաշտը նեղցած է այլեւս։ Տեղական ախոյեանութիւններու մէջ, Հ.Մ.Ը.Մ.ական խումբեր կը մրցին երկրորդական եւ երրորդական դասակարգերու մէջ։ Անհատական մրցումներու պարագային՝ հայկական նուաճումները նուազած են, իսկ եթէ կան՝ յաճախ… օտար ակումբներու դրօշին տակ։ Միակ մխիթարանքը մնացած է ներքին մրցակցութիւնը՝ միջ-մասնաճիւղային թէ համահայկական բնոյթի, ուր սակայն ազգային մտահոգութիւնն է գերակշիռը եւ ոչ՝ մարզականը։ Մակարդակ, որակ եւ մրցունակութիւն իրենց տեղը զիջած են ,կարեւորը քով-քովի ըլլալուե, ,քանի մը օր հայերէն լսելու եւ խօսելուե մտահոգութիւններուն։
Անկասկած, յիշեալ մտահոգութիւնները ունին արդարացիութեան իրենց բաժինը, սակայն մարմնակրթական միութիւն մը չի կրնար բաւարարուիլ միայն անոնցմով։ Հայ պատանիները մեր շուրջը համախմբելու չափ՝ կարեւոր է զանոնք մարզական բարձրորակ խումբերու մէջ պահելն ու մեծցնելը։ Նոր սերունդը, վերջին հաշուով, միայն հայկականութիւն չի փնտռեր այսօրուան մարզական միութիւններուն մէջ, այլ նաեւ՝ մրցելու եւ յաղթելու հպարտութիւն։
,Լաւ վաճառորդ ըլլալու համար հարկ է լաւ ապրանք ունենալե, կ’ըսէ ժողովրդային տրամաբանութիւնը։ Յանցաւորը ուրեմն նոր սերունդը չէ անպայման, որ հեռու կը մնայ մեր մարզական շարժումէն, մենք մրցունակ ի՞նչ ունինք տալիք արդեօք 21րդ դարու պահանջներով հասակ նետող մեր տղոց ու աղջիկներուն։ Խրատներն ու բարոյախօսութիւնները յաղթանակներ չեն կրնար ապահովել մարզական ուսման, թեքնիքներու կատարելագործման եւ խստապահանջ աշխատանքի մեր օրերուն։ Օտարներու օրինակը ա՛յդ կը թելադրէ։
Իսկ ինչո՞ւ չօգտուիլ օտարներէն, երբ այս անգամ անոնք երկո՛ւ քայլ առջեւ են մեզմէ։