Թիւ 365-366 - ԹՈՂ ԳՈՐԾԵ՛Ն
Իմաստուն հին խօսք մը կþըսէ. «Եթէ երիտասարդները գիտնային եթէ ծերեր կարենային»։ Առաջիններուն «գիտնային»ը փորձառութիւնն է, իսկ երկրորդներուն «կարենային»ը խանդավառութիւնն է։ Երկուքը զիրար չեն փոխարիներ, զիրար կը լրացնեն։
Ծերերը փորձառութիւն ունին, բայց խանդավառութիւն չունին։ Երիտասարդները խանդավառութիւն ունին, բայց փորձառութիւն չունին։ Ո՞րն է կարեւորը կեանքի մէջ։ Խանդավառութիւնը, անկասկա՛ծ։
Փորձառութիւնը կուտակուած իմաստութիւն է, բայց գործօն տարր չէ։ Խանդավառութիւնը կուտակուած իմաստութիւն չէ, բայց գործօն տարր է։ Առաջինը ապահովագրութիւն է սխալներու դէմ։ Երկրորդը ապահովագրութիւն է անգործօնութեան դէմ։ Փորձառու մարդը նուազ կը սխալի, քան խանդավառ մարդը։ Բայց խանդավառ մարդը աւելի գործունեայ կþըլլայ, քան փորձառու մարդը։ Առաջինը կը մտածէ քայլ մը առնելէ ետք, երկրորդը կը մտածէ քայլ մը առնելէ առաջ։
Աւելի լաւ է սխալիլ, բայց գործել, քան թէ չսխալիլ, բայց չգործել։ Այլապէս, գործելո՛վ կարելի է փորձառու դառնալ եւ ոչ թէ չգործելով։ Կը հետեւի ուրեմն, որ երիտասարդներու խանդավառութիւնը կը նախընտրենք ծերերու փորձառութենէն։ Ասիկա յարգանքի պակաս մը չէ ծերերու հանդէպ, որոնք ատեն մը գործած են, յաճախ իրենց խանդավառութիւնը միայն դրամագլուխ ունենալով։ Ասիկա նաեւ յարգանքի յաւելեալ արտայայտութիւն մը չէ հանդէպ երիտասարդներուն, որոնք օր մը պիտի ծերանան անշուշտ եւ պիտի ուզեն իրենց փորձառութիւնը հակադրել երիտասարդներու խանդավառութեան։
Այս է ընդունուած կարգը հինէն ի վեր։ Մենք բացառութիւն չենք։
Կը բաւէ որ յիշենք հայ մարմնակրթական շարժումին մեծ ռահվիրաները. Շաւարշ Քրիսեան 25 տարեկան էր, երբ կը հիմնէր «Մարմնամարզ» թերթը։ Յովհաննէս Հինդլեան 23 տարեկանին կը դառնար Պոլսոյ եւ Իզմիրի հայ մարզական շարժումին շեփորահարը։ Մինչ Գրիգոր Յակոբեան 27 տարեկանին հիմը կը դնէր հայ սկաուտական անդրանիկ շարժումին։
Երեքն ալ ծեր չէին։ Փորձառու մարդիկ չէին։ Ընդհակառակն, երեքն ալ երիտասարդ էին, զուրկ էին փորձառութենէ եւ իրենց խանդավառութիւնը միայն ունէին իբրեւ դրամագլուխ։
Քրիսեանի, Հինդլեանի եւ Յակոբեանի օրերուն ալ կային փորձառուներ, բայց կը գործեն երիտասարդները։
Այսօր, որոշ հակադրութիւն մը կայ ներկայի եւ անցեալի երիտասարդներուն միջեւ։ Ներկայի երիտասարդները չունին անցեալի երիտասարդներուն գաղափարապաշտութիւնն ու զոհողութիւնը։ Մեր օրերու պայմանները ստեղծած են աւելի հաճոյասէր, նիւթապաշտ եւ անձնակեդրոն նկարագիրով երիտասարդներ, որոնց համար տակաւին կանուխ կը թուի գաղափարներով, միութենականութեամբ եւ ազգով զբաղելու ժամանակը։ Անոնք կը մտածեն, թէ օրը կու գայ այդ բոլորին։
Օրը սակայն չի գար, որովհետեւ այդ օրը այսօրն է։ Ներկա՛ն է։ Վաղը կրնայ ուշ ըլլալ։
Հետեւաբար, միշտ եւ ամէնուր պէտք է կրկնել երիտասարդութեան կապուած մեր արդար սպասումը. այն՝ որ աւելի լաւ է, որ երիտասարդները փորձառու չըլլան, բայց գործեն, քան թէ փորձառու ըլլան եւ չգործեն։ Թող սխալին, վնաս չունի, բայց թող գործե՛ն։ Միայն թէ խորհելով գործեն, ինչպէս պիտի ըսէր Գրիգոր Օտեան։