Թիւ 371-374 - ՆՈՐ ՄԵԿՆԱԿԷՏ

 

Մարզական մեր կեանքը չի կրնար համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 9-րդ մարզախաղերէն ետք ըլլալ այն` ինչ որ էր մարզախաղերէն առաջ։ Մարզախաղերը իրագործում մը եղան միութեան 95-ամեայ կեանքին մէջ եւ մեկնակէտը հանդիսացան ապագայի նոր իրագործումներու։

Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 9-րդ մարզախաղերը հանդիսացան Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատմութեան մեծագոյն մարզախաղերը, որոնք լուրջ փորձաքարի ենթարկեցին միութեան կազմակերպական, ֆինանսական ու մարզական ամբողջ կարողականութիւնը։ Փորձաքարը պատուով յաղթահարելը միութեան հաշուոյն բարենիշ մըն էր, բայց նաեւ պարտաւորեցնող հանգամանք՝ յառաջիկային կազմակերպելու նոյնքան եւ աւելի լաւ մարզախաղեր։

Իրագործուած յաջողութենէն ետդարձ կատարելը կարելի չէ։ Բոլորը գնահատեցին Հ.Մ.Ը.Մ.ը։ Քաղաքական թէ կրօնական բարձրաստիճան պատասխանատուներ, հայրենի թէ սփիւռքեան հեղինակաւոր կազմակերպութիւններ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզախաղերուն մէջ տեսան սեփական ժողովուրդին ազգային կորովը բարձր պահող, ազգային միասնականութեան ոգին ամրապնդող նախաձեռնութիւնը։ Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզախաղերը դարձան «հայկական աշխարհի կառուցման շաղախը», հաւաքական մեր ուժի կերտման ցուցանիշը։

Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 9-րդ մարզախաղերով հայրենիքը վերարժեւորեց հայ մարզական մեծագոյն շարժումը, երբ տասնամեակներու ուրացումէ եւ անտեսումէ ետք՝ Հայաստանի Ազգային Ողիմպիական Կոմիտէն, յանձինն իր նախագահին, հովանաւորեց մարզախաղերը, բարոյական ուշացած պարտք մը հատուցելով անոր նկատմամբ։ «Ուշ, բայց ոչ ուշացած» այս քայլը, անկասկած, նոր թափ տուաւ Հայաստանի մէջ մարզական կեանք ծաւալելու Հ.Մ.Ը.Մ.ի ծրագիրներուն։

Արդարեւ, համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 9-րդ մարզախաղերը առիթ մը եղան, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի հայրենի կառոյցը հանդէս գայ մարզական սիրողական խումբերով։ 1990-ականներու սկիզբը ֆութպոլի խումբ մը պահելու ճիգերը կը բախէին անյաղթահարելի դժուարութիւններու։ Այժմ նոր «ձեռնոց» կը նետուէր միութեան՝ միաժամանակ պասքեթպոլի եւ վոլիպոլի խումբեր ունենալու, ճատրակ, փինկ-փոնկ, աթլէթ եւ լող կիրարկելու։ «Ձեռնոց»ը վերցուեցաւ յանդգնօրէն, գործին կարեւորութեան եւ դժուարութեան ամբողջական գիտակցութեամբ։

Սփիւռքեան կողմն աշխարհի, համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 9-րդ մարզախաղերը լաւ վկայութիւն մը տուին մարզական ներքին կեանքի գրաւչութեան եւ յաջողութեան մասին, բոլորին յուշելով, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի միջ-մասնաճիւղային ճակատումները կրնան նոյնքան եւ աւելի գրաւիչ ըլլալ՝ որքան անհաշիւ գումարներ մսխելու գնով՝ կարգ մը շրջաններու մէջ կատարուած տեղական մրցակցութիւնները օտար խումբերու դէմ, շատ յաճախ օտար մարզիկներով։ Ժամանակն է ուրեմն, եթէ անցած չէ, համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզախաղերու փորձառութեան լոյսին տակ, մտածելու մարզական մեր շարժումը աւելի շատ կեդրոնացնելու ներքին մրցաշարքերու վրայ՝ քան խելայեղ մրցակցութեամբ տարուող ախոյեանական անհասանելի տիտղոսներու վրայ։

Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզախաղերը յիշեցին եւ նորահաս սերունդին յիշեցուցին, որ Հ.Մ.Ը.Մ. անցնող 95 տարիներուն ունեցած է տիպար մարզիկներ, հաւատաւոր դէմքեր, որոնց յիշատակը վառ պահելու լաւագոյն ձեւը անոնց նման ազնիւ պայքարի եւ արդար մրցակցութեան ախոյեաններ ըլլալն է, անոնց ազգային-միութենական ուղիով ընթանալն է։ Յովհաննէս Շահինեանէն մինչեւ Վարդգէս Տէր Կարապետեան, Տոքթ. Միսաք Արզումանեանէն մինչեւ Երուանդ Տէմիրճեան եւ տեսլականի ու նուիրումի այլ առաքեալներ հանուր հայութեան փոխանցեցին այն համոզումը, թէ՝

Հաւատքի եւ գիտակցութեան վրայ հիմնուած այս միութիւնը այլ ընտրանք չունի միութիւն մնալու համար։ Կա՛մ կը կառչի իր արժէքներուն կամ կը մղուի այլասերումի եւ դասալքումի։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի նման հոյակապ «մարզական բանակ» ունեցող միութիւն մը, որ կենարար շարժում է, հայաշունչ մթնոլորտ եւ խանդավառութիւն, չի կրնար իր երթը շարունակել առանց իր ազգային-բարոյական սկզբունքներուն եւ միութենական այն արժէքներուն, որոնք արժանի կը դարձնեն զինք Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն կոչումին։

Հիներուն համոզումը, նորերուն յանդգնութիւնը, հաւատքն ու գիտակցութիւնը միայն 95-ամեայ այս միութիւնը կրնան ամուր պահել եւ նորանոր յաջողութիւններու առաջնորդել՝
Ի շահ՝ հայ մարզական շարժումի տեւական վերելքին,
Ի խնդիր՝ ազգակերտման ու ազգապահպանման մեր վեհ նպատակին։

Տարածենք