Թիւ 37-38 - ԵՐԿՈՒՆՔԸ

 

Ջարդը 1915-ին չսկսաւ, ոչ ալ այդ թուականին վերջացաւ։

Պարզապէս այդ մէկը մեծն էր, տխրահռչակն ու աշխարհահռչակը։

Այդ գլխագիր ջարդի լերդացած արեան, մոխիր դարձած վաստակին եւ համատարած աւերակներուն վրայ ու անոնց մէջէն ծնաւ այս միութիւնը։

Ծնաւ, երբ տեղ մը ահաւոր գերեզման էր, այլ տեղ՝ անհաւատալի յաղթական կամար.- 1918, Մայիս...

Մարդիկ այնքան տխուր էին եւ այնքան խանդավառ, որ մանչուկը իր խանձարուրն ու մսուրը ի՛նք պատրաստեց եւ ինքզինք մկրտեց։

Մոգեր այցի չեկան իրեն։

Ոչ փող, ոչ թմբուկ։ Պարզապէս ծնաւ։ Այսքան։

Իր ծնունդէն ետք առաջին գործը եղաւ ուխտագնացութիւն կազմակերպել դէպի Հայաստան. ու արդէն իր ծնունդէն ե՛տք միայն փողն ու թմբուկը դարձան ահեղագոռ։

Միութիւններուն առջինեկը չեղաւ ան։ Ոչ ալ թերեւս կրտսերագոյնը։

Սակայն, ազնուական ընտանիքի ամէնէն չարքաշ զաւկին պէս, մեծցաւ դղեակէն դուրս, պարիսպներու վրայ ու տակ. տղուն պէս, որուն ծնողքը այնքան կլանուած էին մահով ու հարսանիքով, որ ժամանակ չունեցան իրմով զբաղելու, բայց որոնք յանկարծ զայն տեսան բարձրահասակ ու ժպտադէմ, գեղադէմ ու վայելուչ երիտասարդի կերպարով։

Հանրային մեր կեանքին մէջ ո՞ր միութիւնը եղաւ ամէնէն քիչ ծախսալիցը,

Ամէնէն պարզը,

Ամէնէն տարածունը,

Ամէնէն՝ ամէնունը։

65 տարի է անցեր անոր երկունքէն ու կը թուի, որ տակաւին երկունքը ի լինելութիւն է։

65 հատորով կարելի չէ տալ այս միութեան ամբողջական պատմութիւնը, բայց կարելի է բնորոշել զայն երկուքական բառերով. բարձրացաւ, բարձրացուց, խանդավառուեցաւ, խանդավառեց, մեծցաւ, մեծցուց, շէնցաւ, շէնցուց։

Լեռ կորսնցուցած ժողովուրդի մը լեռնաշղթան եղաւ, դրօշ կորսնցուցած ժողովուրդի մը դրօշը եղաւ, ու իր քայլերգը ազգային քայլերգի վերածած այս միութիւնը պարզապէս քալեց։

Ու այդ իսկ պատճառաւ մամուռ չկապեց։

Իրը եղաւ դաշտն ու ձորը, երգն ու կանչը, մարզականն ու կրթականը. իրը եղաւ Աստուած ու Հայրենիք։

Ան դարձաւ ու մնաց ոչ թէ հայերէն չորս նշանակալից գիր միայն, այլ հայրենաշունչ նկար, հաղորդական պատկեր.

- Հ.Մ.Ը.Մ.

Այս պատկերը զօրացուց դիտողը։

Ասոր համար 65 տարուան աշխատանքի պէտք չեղաւ։ Առաջին օրէն իսկ երկունքո՛վ, Հ.Մ.Ը.Մ. ժայռացաւ ու դարձաւ անխորտակելի։

Գալիք վաթսունհինգ անգամ վաթսունհինգ տարիներուն ալ՝ օտարութեան մաշեցուցին դէմ պահակ այս երիտասարդին, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի կը կոչուի,

Երի՛ցս ողջոյն։

Տարածենք