Թիւ 388-390 - ՉԱՓ ՈՒ ՍԱՀՄԱՆ
Բնութեան օրէնքով ամէն բան ունի իր չափն ու սահմանը։ Ամէն ինչ իր չափին ու սահմանին մէջ հաճելի է, օգտակար է։ Սակայն երբ չափն ու սահմանը կը խախտին, ամէնէն օգտակար նկատուած բաներն անգամ կը դառնան վնասակար։
Բնութեան օրէնքը կիրարկելի է նաեւ մարդոց համար։ Ամէն տարիքի, ամէն խաւի ու դիրքի մարդիկ ունին, պէ՛տք է ունենան չափի ու սահմանի իրենց զգացողութիւնը, որ պիտի կանոնաւորէ մարդկային յարաբերութիւնը։ Կրտսեր մանուկը չի կրնար շրջանցել ծնողքին սահմանը եւ կատարել բաներ, որոնք մեծահասակներու միայն կրնան արտօնելի ըլլալ։ Մարզիկն ու սկաուտը չեն կրնար ներկայացնել անսահման պահանջներ եւ ակնկալել, որ պատասխանատուները ընդառաջեն իրենց։
Պետութիւններ, միութիւններ եւ հաստատութիւններ ունին իրենց օրինագիրքերը, որոնք կը ճշդեն իւրաքանչիւր անհատի իրաւունքներուն եւ պարտաւորութիւններուն չափն ու սահմանը։ Շրջանցողները կը նկատուին կանոնազանց ու կ’ենթարկուին համապատասխան տնօրինումի։
Այս բոլորը ընդունուած եւ ընդհանրացած երեւոյթներ էին մինչեւ մեր մօտիկ անցեալը, երբ տակաւին գոյութիւն չունէր ընկերային հաղորդակցութիւններու մերօրեայ աշխարհը։ Մինչեւ երանելի այն օրերը, երբ ամէն ինչ կը մնար ժողովական, ակմբային սեղմ շրջանակի մէջ։ Երբ մարդիկ հեղինակութիւններ կը ճանչնային ու հանգամանքներ կը յարգէին։ Մեծերէն կ’ակնածէին, փոքրերուն հաշիւը կ’ընէին։ Չըլլա՜յ, թէ մեծերը վրդովէին, իսկ փոքրերը սխալ օրինակ տեսնէին։
Երանելի այդ օրերուն ամէն մարդ գիտէր իր չափն ու սահմանը, ըսուելիքը եւ չըսուելիքը, նաեւ՝ այդ բոլորը ո՞ւր ըսելը եւ ինչպէ՛ս ըսելը։ Մարդիկ տասը կը մտածէին եւ մէկ կ’արտայայտուէին։ Խօսքը արժէք ունէր, խօսքը պատասխանատուութիւն կ’ենթադրէր։
Այսօր աշխարհը տարբեր է։ Չափ ու սահման չի ճանչնար։ Մարդիկ ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներու մէջ իրենց խօսքը, նկարն ու տեսանիւթը կը փոխանցեն սանձարձակ ազատութեամբ։ Ամէն մարդ ինքզինքին իրաւունք կու տայ արտայայտուելու ամէն ինչի մասին, առանց մտածելու, թէ ըսելիքը, տեղն ու ձեւը կը պատշաճի՞ն իր հանգամանքին։ Վարժապետը դաս կու տայ վարչապետին, անառակը՝ կղերականին, նորեկ մարզիկը՝ վարչական պատասխանատուին, միութենէն հեռացուածը՝ միութենականին եւ շարքը երկար է։
Կարելի չէ շարունակել այսպէս, անհաշիւ ու անպատասխանատու մօտեցումով։ Պէտք է վերադառնալ մեր բնական չափերուն եւ սահմաններուն։ Ընկերային հաղորդակցութեան միջոցները չեն կրնար փոխարինել ժողովական քննարկումները։ Առօրեայ դժուարութիւնները չեն կրնար բեմ գտնել միլիոնաւոր մարդոց դիմաց։ Ժամանակն է, որ մարդիկ՝ ֆէյսպուքահայեր գիտնան, թէ ո՞ւր ի՛նչ կրնան ըսել։ Ամէն մարդ ամէն մարդու հաշուետուութեան չի կրնար կանչել հանրային քննարկումով։ Հաշուետուութեան տեղը ուրիշ է։ Հասցէն ծանօթ է, կարգը՝ նոյնպէս։
Չափ ու սահմանի խախտումէն ոչ ոք կ’օգտուի։ Բոլո՛րը կը վնասեն։ Իսկ մեծագոյն վնասողը կ’ըլլայ բարոյական արժէքներու մեր համակարգը, առանց որուն կը դադրինք կազմակերպ հաւաքականութիւն եւ ազգ ըլլալէ։
Կը դադրինք սերունդներու տէրն ու ծառան ըլլալէ։