Թիւ 391-393 - Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆ ԸԼԼԱԼՈՒ ՎԱՅԵԼՔԸ
Առհասարակ, վայելքը կապուած է նիւթական արժէքներու։ Մարդիկ հարստութիւն կը վայելեն, դիրք ու հանգամանք կը վայելեն, աշխա՛րհը կը վայելեն։ Դժուար է ըմբռնել, որ կայ նաեւ վայելքի այլ տեսակ մը, որ կապ ունի մարդկային արժէքներու ծառայութեան հետ, ազգային նուիրաբերումի հասկացողութեան հետ։
Գաղափարի մարդն է միայն, որ կրնայ նման վայելք ապրիլ։ Անձնազոհ մարդն է միայն, որ կրնայ ուրախանալ եւ հպարտանալ այսպիսի վայելքով ապրուած կեանքի մը փորձառութեամբ։
Հ.Մ.Ը.Մ.ականը գաղափարի մարդ է, անձնազոհ է։ Միութենականութիւնը վայելք է իրեն համար։ Օրինակը կու գայ հեռաւո՜ր Արժանթինէն, ուր կեանքի վերջալոյսին մօտեցած հաւատաւոր մը բառերը հատիկ-հատիկ ընտրելով կը խոստովանի. «Ես ապրեցա՛յ Հ.Մ.Ը.Մ.ական ըլլալու վայելքը…»։
Կը խոստովանի ու կը բացատրէ.
Վայելք է ըլլալ միութեան մը մէջ, ուր մեծ հայր, զաւակ եւ թոռնիկ միասին կը գործեն, միասին ժամանակ կ’անցընեն եւ միասին կը մեծնան։ Ակումբը տուն է Հ.Մ.Ը.Մ.ականին համար, իսկ տունը՝ ակումբ, իր բարոյական, միութենական եւ ազգային արժէքներով, հայաշունչ մթնոլորտով եւ ընկերային ապահով միջավայրով։
Վայելք է ըլլալ միութեան մը մէջ, ուր երիտասարդ մնալու բոլոր պայմանները կան։ Հ.Մ.Ը.Մ.ականը չի ծերանար, չի յոգնիր։ Յաղթանակներու բերկրանքը, յաջողութիւններու գոհունակութիւնը սպիտակահեր մարդը անգամ կը պահէ կայտառ ու կենսուրախ, ապագայի նուաճումներով միշտ խանդավառ։
Վայելք է ըլլալ միութեան մը մէջ, որ աշխարհագրական սահման չի ճանչնար։ Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզախաղեր, բանակումներ եւ ժողովներ քով-քովի կը բերեն աշխարհասփիւռ հայեր, որոնք կը ստեղծեն գեղեցիկ ծանօթութիւններ, հաճելի մտերմութիւններ։ Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարդը կը ծանօթանայ աշխարհի չորս ծագերը ապրող իր նմանին, մարդո՛ւն, հայո՛ւն, միութենականին։ Կը բաժնէ անոր մտահոգութիւնները։ Կը կիսէ անոր յաջողութիւնները։
Վայելք է ըլլալ միութեան մը մէջ, որուն հիմնադրութեան պայմանները եւ հեռաւոր նպատակները կը նոյնանան իր ժողովուրդի անկատար տենչերուն եւ ազգային տեսլականներուն հետ։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մէջ մարդ կ’ապրի ու կը գործէ հայութեան հետ, Հայաստանի համար։ Ինքնանպատակ գործունէութիւն չունի ան, քանի Հ.Մ.Ը.Մ.ը ակումբ չէ, շահակցական ընկերակցութիւն չէ, այլ՝ ազգին կարիքներէն ծնած, ազգին համար ապրող միութիւն է։
Վայելք է ըլլալ միութեան մը մէջ, որուն բովէն անցած են մեծեր եւ մեծութիւններ։ Սովորական միութիւն մը եղած չէ Հ.Մ.Ը.Մ.ը եւ, հետեւաբար, սովորական մարդիկ եղած չեն Հ.Մ.Ը.Մ.ի մէկ դարեայ պատասխանատուները, որոնք աշխարհին տուած են գերագոյն նուիրաբերումի գեղեցկագոյն օրինակները՝ Շաւարշ Քրիսեանէն Վահան Չերազ, Վարդգէս Տէր Կարապետեանէն Վարդան Բախշեան։ Առանց մոռնալու օրինակները միւսներուն՝ անոնց, որոնք իրենց բովանդակ կեանքը դարձուցին ամէնօրեայ նուիրաբերում, մարդկօրէն ապրելու եւ հայօրէն գոյատեւելու իրենց արդար իրաւունքին ի խնդիր։
«Ես ապրեցա՛յ Հ.Մ.Ը.Մ.ական ըլլալու վայելքը, իսկ դուք ինչո՞ւ չապրիք», կը յարէ արժանթինահայ վաստակաշատ եղբայրը եւ խորհրդածել կու տայ իր հրաւէրին մասին։
Իրա՛ւ, իսկ դուք ինչո՞ւ չապրիք այդ վայելքը…