Թիւ 394-395 - ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՄԲ

 

Պատմական հարիւրամեակներու միջեւ գումարուած կարեւոր իրադարձութիւն մը եղաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի 11-րդ Պատգամաւորական Ժողովը, որ տեղի ունեցաւ Սեպտեմբեր 2015-ին, Աղվերանի մէջ, Հայաստան։ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին յաջորդած այս ժողովը, համազգային հրամայականներէ թելադրուած, վերահաստատեց միութեան պատմական առաքելութիւնը՝ Հայ Մարմնակրթական ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ միութիւն ըլլալու հանգամանքը եւ, առ այդ, միութեան 100-ամեակի սեմին, ուղեգիծ մշակեց ընդհանուրին համար գործելու եւ ընդհանուրը համախմբելու համար։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի 11-րդ Պատգամաւորական Ժողովը միութեան դիմաց բացաւ աշխատանքի անսահման դաշտ մը, որ կ’ենթադրէ անվերջ ծրագրում եւ տքնանք՝ ընդառաջելու համար մեծին ու փոքրին, սկաուտին թէ մարզիկին, վարչականին թէ ծնողքին։ Ամէն մէկը ունի իր կարիքը՝ տեղական պայմաններէ եւ ժամանակի պահանջներէն բխած։ Սկաուտութեամբ եւ մարզախաղերով, Հ.Մ.Ը.Մ. կամաւոր գործ պիտի հայթայթէ բոլորին, պիտի կրթէ եւ ազնուացնէ բոլորը, բարոյական սկզբունքներ եւ ազգային արժէքներ ջամբելով անոնց։

Աշխատանքի անսահման դաշտը աշխարհագրական սահմանափակումներ չի ճանչնար։ Պատգամաւորական Ժողովի տրամադրութիւններով, Հ.Մ.Ը.Մ. կոչուած է գործելու Հայաստանի, Արցախի, Ջաւախքի, նախկին Խ. Միութեան երկիրներու մէջ, այնպէս ինչպէս գործած է ու կը գործէ աւանդական եւ նոր Սփիւռքներու տարածքին։ Առաջնահերթը, բնականաբար, հայրենիքն է, ուր վերջին տարիներուն սկսուած գործը պէտք է ծաւալի եւ ամրապնդուի՝ սկաուտական յաւելեալ միաւորներու յառաջացումով եւ նոր ակումբներու ստեղծումով։

Օրուան հրամայականն է ըլլալ հո՛ն ուր հայեր կան, բայց հայութիւն չկայ, հոն ուր ազգային կեանք ու կառոյցներ չկան։ Պէտք է կազմակերպել, ձեւ ու դիմագիծ տալ անկազմակերպ հայ հաւաքականութիւններուն։ Հ.Մ.Ը.Մ. անյետաձգելի պարտականութիւնը ունի հայութենէ օտարացող բեկորները իրենց արմատներուն վերադարձնելու։

Հ.Մ.Ը.Մ. ընդհանուրին միութիւնն է եւ ընդհանուրին համար գործելը կը պահանջէ ունենալ ընդհանուրին անհրաժեշտ «զէնք»երը. արդի արհեստագիտութիւնը, դաստիարակչական-միութենական ժամանակակից ծրագիրները, ակմբային-ժողովական կեանքի նորագոյն մօտեցումները, եւ այս բոլորին տիրապետող ձեռներէց մարդուժը։ Խոստմնալից տղաք ու աղջիկներ, որոնք իրենց անձնական կեանքի յաջողութիւններուն հետ մէկտեղ, դուրս գան իրենց կաշիէն, իրենց անձնական հետաքրքրութիւններու նեղ շրջանակէն եւ իրենց ուժերու կենսունակութեամբ նոր հորիզոններ բանան ազգային-միութենական մեր կեանքին։

Ընդհանուր միութիւնը տիրութիւն կ’ընէ ընդհանուրին։ Տիրութիւն՝ սակայն ոչ տիրելու եւ տիրապետելու հասկացողութեամբ, այլ՝ հոգալու, խնամելու եւ ծառայելու պատրաստակամութեամբ, այնպէս ինչպէս ըրած էր Ա. Հանրապետութեան օրերուն, Աղեքսանդրապոլ ապաստանած 30 հազար հայ որբերուն։ Այնպէս ինչպէս ըրած էր անկէ քանի մը տարի ետք, գաւառներէն Պոլիս եւ Կիլիկիա համախմբուած 15 հազար հայ որբերուն։ Եւ այնպէս ինչպէս ըրած էր սփիւռքեան կեանքի սկզբնական տարիներուն, Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Յունաստանի որբանոցներուն մէջ հաւաքուած հայ որբերուն։ Այսօր որբեր չկան, սակայն որբացած հայութիւն կայ։ Աներդիք մարդոց ազգային երդիք ապահովելու պահանջը կայ։

Եւրոպական ցամաքամասի ներկայ իրավիճակը խօսուն է։ Հ.Մ.Ը.Մ. փրկարար աշխատանք կը տանի Միջին Արեւելքի տագնապալի կացութենէն խոյս տուած մեր ժողովուրդի զաւակներուն մարդկային ընդունելի միջավայր ստեղծելու եւ ազգային կազմակերպ կեանք յառաջացնելու համար։ Հ.Մ.Ը.Մ. կը մնայ պատնէշի վրայ, հաւատարիմ իր պատմական առաքելութեան, ընդհանուրը համախմբելու եւ ընդհանուրին համար գործելու անխախտ համոզումով։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի դերակատարութիւնն է այդ, որ կու գայ պատմական հարուստ անցեալէ եւ 11-րդ Պատգամաւորական Ժողովի բովէն անցնելով՝ դէպի 100-ամեակ միութեան երթը կը ծառայեցնէ հայութեան հաւաքական ուժին կազմակերպման՝
Վասն հայապահպանման մեր կռուաններուն ամրապնդման,
Ի խնդիր մեր ընդհանրական նպատակներուն իրականացման։

Տարածենք