Թիւ 396-397 - ԻՐԱՐՄՈՎ ՀԶՕՐ
(Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԹԻՖԼԻՍԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԱՌԻԹՈՎ)

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի իւրաքանչիւր նոր մասնաճիւղի հիմնադրութիւն գոհունակութեան եւ հպարտութեան առիթ է, որովհետեւ ան ցուցանիշն է միութեան յաղթանակին ընդդէմ՝ ձուլումին, այլասերումին եւ օտարացումին։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի դերն ու առաքելութիւնն է այդ. ամէնուրեք արմատներ նետել, մեծնալ, բազմանալ, հզօրանալ, հայանալ եւ հայացնել։

Հ.Մ.Ը.Մ.ը հայացնող միութիւն է։ Աշխարհասփիւռ հին թէ նոր գաղութներ Հ.Մ.Ը.Մ.ի կարօտովը կ’ապրին, որովհետեւ գիտեն, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ներկայութեամբ իրենց մատղաշ սերունդները ապահովագրուած են տեսակ-տեսակ մոլութիւններու եւ ապազգայնացնող երեւոյթներու դէմ։ Հ.Մ.Ը.Մ.ը կարեւոր պատնէշ մըն է մեր վտանգուած գոյութեան դէմ։ Իր հայկական մթնոլորտով եւ հայաշունչ ոգեւորութեամբ ան մարմնակրթանքէ աւելի հոգեկրթանք կը կատարէ։ Հայեցի ոգի կը ջամբէ, պատմութիւն եւ մշակոյթ կը փոխանցէ՝ ազգային ժառանգութեան մը հաւատարիմ պահապանը հանդիսանալով։

Սակայն, ինչպէս ամէն օրէնք, այս հաստատումը եւս ունի իր բացառութիւնը։

Միութիւնը նաեւ ի՛նք կը հայանայ եւ հայեցի շունչով կը ջերմանայ, երբ արմատ կը նետէ ազգային պարարտ հողի վրայ։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հայաստանի մասնաճիւղերը այդ կը վկայեն՝ Երեւանէն մինչեւ Էջմիածին, Հրազդան, Չարենցաւան, Գիւմրի, Մարտունի եւ այլուր։ Այդ կը վկայեն նաեւ Վրաստանի հայաբնակ Ախալքալաքի եւ Ախալցխայի մասնաճիւղերը, որոնց կը միանայ չքնաղ Թիֆլիսը՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի իր նորաստեղծ մասնաճիւղով։

Թիֆլիսը Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարդուն համար եղած է ու կը մնայ կտոր մը հայրենիք՝ հայրենիքէն դուրս, դարաւոր անցեալի իր անկրկնելի փառքով, տխուր թէ ուրախ յիշատակներով։

Արդարեւ՝

Թիֆլիսը հայութեան համար Վահան Չերազի կառափնարանն է, ուր Բերիան մահուամբ պատժած է հայ սկաուտութեան «դաշնակ» գործիչը։ Ան Մետեխի տխրահռչակ բանտն է եւ Խոջեվանքի ազգային պանթէոնը։

Թիֆլիսը Սայաթ Նովայի Հաւլաբարն է, Թումանեանի Վերնատունն է, Ղազարոս Աղայեանի եւ Սերգէյ Փարաճանովի ստեղծագործական հայրենիքը։

Թիֆլիսը Հ.Մ.Ը.Մ.ականին համար աւելին է՝ քան սովորական հայաշատ որեւէ քաղաք։ Ան արեւելահայ մտաւորականութեան երբեմնի կեդրոնն է, ուր ազգային մշակոյթը իր ծաղկումը ապրած է Րաֆֆիով եւ Արծրունիով, Ծերենցով ու Մուրացանով, Սունդուկեանով եւ Պռօշեանով։

Թիֆլիսը հայ լուսաւորութեան օճախ Ներսիսեան վարժարանն է եւ Գայանեան աղջկանց վարժարանը։ Մեր մարդկային եւ ազգային գիտակցութիւնը արթնցնող հրապարակագրութեան քաղաքն է ան՝ բազմատասնեակ իր թերթերով, որոնց լուսապսակը կը կազմեն «Մշակ»ն ու «Հորիզոն»ը, «Յառաջ»ն ու «Դրօշակ»ը։

Թիֆլիսը ինը հայ քաղաքապետներու մայրաքաղաքն է, ուր իրենց քաղաքական տաղանդը երկրի զարգացման ի սպաս դրած են Մատինեաններ, Իզմիրլեաններ եւ Խատիսեաններ։ Հայութեան աշխատասիրութեան եւ բարերարութեան հոմանիշները ապրած ու գործած են Թիֆլիսի մէջ՝ Մանթաշեաններէն մինչեւ Արամեանցներ, Լալայեաններէն մինչեւ Աֆրիկեաններ։

Եւ դեռ, հայ ազատագրական շարժման աննման հնոցն է Թիֆլիսը՝ իր «Մշեցի բանուորներու խումբ»ով եւ «Երիտասարդ Հայաստան»ով, «Դրօշակ»ով եւ «Ժողովրդական կամք»ով։ «Հայկական նոր ասպետութեան»՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան օրրանն է Թիֆլիսը եւ ազգային-կուսակցական գործունէութեան անոր վառ դարբնոցը։

Այս բոլորն է Թիֆլիսը, հայ մարդուն հայաբոյր եւ հայադրոշմ ոստանը, որուն պատմութեան հազարումէկ դրուագները ազգային յիշողութեան եւ ժառանգութեան մէկական գանձեր են, իբրեւ նուիրական անցեալի մը փայլուն էջեր։

Հ.Մ.Ը.Մ.ը Թիֆլիսի անցեալէն առնելիք մը ունի անպայման եւ տալիք մը ունի անոր ներկային։ Հ.Մ.Ը.Մ.ը կը մեծնայ Թիֆլիսի ազգային շունչով, կը գօտեպնդուի թիֆլիսեցի Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու յաջողութիւններով եւ, իր կարգին, համահայկական իր ընտանիքը կը պատուաստէ Թիֆլիսեան պատմական փորձառութեամբ։

Այսպէս, Հ.Մ.Ը.Մ.ն ու Թիֆլիսը իրարմով կը զօրանան եւ իրարու կը կապուին անքակտելի այն ուխտով, որուն աւանդապահը կը մնայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի նորաստեղծ մասնաճիւղը։

Բարի երթ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Թիֆլիսի մասնաճիւղին։

Վահան Չերազի աճիւնները այժմ կրնան անխռո՜վ հանգչիլ։

Տարածենք