Թիւ 59-60 - ԲԱՆԱԿՈՒՄԸ

 

Սկաուտութեան հազարանուն աղուորութեանց թագուհին ինքն է՝ բանակումը։

Արդէն սկաուտ՝ ձեւով մը բանակում կը նշանակէ։

Ով սկաուտ չէ եղած (նաեւ՝ ով սկաուտ եղած է, սակայն, բանակումի չէ գացած), անկասկած կարեւոր բան է կորսնցուցած իր պատանեկան տարիներէն, որովհետեւ չէ կրցած յիշատակներու ծառաստանի վերածել իր հոգին։

Պէտք է ընդունիլ։

Մանկութեան ու պատանութեան օրերէն շատ բան անպայման կը մոռցուի. նոյնիսկ դասընկերներու դէմքեր ժամանակին հետ կ’աղօտանան, կը մաշին, կ’անյայտանան, սակայն կը դիմանան բանակումի յիշատակները, ինչպէս ժայռի վրայ քանդակուած արձան։

Միօրեայ բանակումին ալ բանակում կ’ըսենք, սակայն բանակումի բանակումը միւսն է. այն, որ կը տեւէ եօթնէն 10-15 օր։ Այսինքն այնքան ժամանակամիջոց, որ տղան ԼՐԻՒ կտրուի տունէն, նոյնանայ բնութեան հետ եւ, գոյատեւելու համար, փարի ընկերներուն ու, մանաւանդ, ապաւինի ինքն իրեն։

Բանակումի երթալ՝ արդէն կը նշանակէ խզուիլ ընթացիկ կեանքէն եւ կեանքի սանձը ձգել բնութեան մէջ, ինչպէս ազատ հովուն հետ մրցող ձի։

Բանակումի երթալ՝ տեսակ մը մեծնալ է պզտիկին համար, ու երիտասարդանալ է մեծին համար։

Չե՞նք նշմարած, թէ ինչպէս պզտիկները մեծնալ, մեծի պէս հագուիլ, նստիլ, շարժիլ, խօսիլ կը սիրեն։

Եթէ մեծերը ինչե՜ր պիտի չտային պզտիկնալու համար,- ինչ որ անկարելի է,- պզտիկները ինչե՜ր պիտի չուզէին տալ մեծնալու համար, ինչ որ անխուսափելի է։

Յամենայնդէպս, բնական է, որ ամէն տարիք սիրէ բանակումը, որովհետեւ ամէն տարիք կը սիրէ ջուրը աղբիւրէն խմել եւ օդին լաւագոյնը քաղել ամպերէն։

Սկաուտը, ինչպէս թռչուն կամ նախամարդ, ի՛նք պիտի շինէ իր բոյնը, ի՛նք պիտի սարքէ իր վրանը, ի՛նք պիտի եփէ իր կերակուրը, ի՛նք պիտի պաշտպանէ ինքզինք։

Սկաուտը փորձառութեամբ պիտի տեսնէ որ միայն ընկերներո՛վ կարելի է յաղթահարել կեանքի դժուարութիւնները, որ մէկ ձեռքով կարելի չէ ծափել, որ ինք երբ քնանայ՝ իր վրայ հսկող պահակ կայ, որ երբ ընկերը քնանայ, ինք պարտի հսկել անոր ապահովութեան։

Բարութեան եւ օգնութեան փոխադարձութիւնն է, որ սկաուտները կը կիրարկեն բանակումին։

Սենեակներու մէջ աւանդուած գիտելիքները դաշտերու մէջ կամ լեռներու վրայ է, որ կ’ենթարկուին փորձարկումի եւ կ’իմաստաւորուին։

Ոչ մէկ կերակուր այնքան համով է, որքան բանակումի աւազախառն փիլաւը կամ տակը վառած ինչ որ բան։

Առաւօտեան շատ կանուխ կ’արթննաս, կը շտկռտես անկողինդ, կը հագուիս, կը լուացուիս, մարզանք կ’ընես, կ’առնես նախաճաշդ, ապա կը սկսիս... անօթութեան պատրաստուիլ։

Մինչեւ կէսօր կը յոգնիս, կը շարժիս, կը ստեղծագործես, կը վատնես էնէրժի՝ կէսօրին արջու ախորժակով սեղան նստելու համար։

Իրիկուն եւ առաւօտ իրարու կը յաջորդեն ժամու չափ արագ։

Այս բոլորին հակառակ զարմանալի չէ բնաւ, որ բանակումը կարգ մը սկաուտներու համար բացուի «դժգոհութեամբ». ու կրկին զարմանալի չէ, որ սկաուտներէն ոմանք աճապարեն տուն դառնալ դժգոհութեան պատճառաւ։

Տունը, տան ճաշը, ծնողքը, ամէ՛ն ինչ կրկնապէս կը քաղցրանայ, երբ կը կորսնցնենք զանոնք նոյնիսկ ժամանակաւորապէս։ Ճիշդ ատո՛ր համար վերադարձին կրկնա՛կ ուժով կը սիրենք զանոնք՝ տունը, տան ճաշը, ծնողքը, ամէ՛ն ինչ։

Ասիկա արդէն շահ է, կորսնցնելէ ետք վերագտնելու գերերջանկութիւնը։

Բանակումի աղուորութեան, հաճելիութեան, օգտակարութեան գերագոյն փաստն ալ միւսն է. այն, որ «դժգոհները» տուն դարձէն ետք ամէնէն առաջ իրե՛նք կ’աճապարեն պատրաստուիլ... յաջորդ բանակումին։

Տարածենք