Թիւ 65-66 - ԱՐԻՒՆ ԵՒ ՔՐՏԻՆՔ

 

31 Յունուար 1987։ Պէյրութ, Լիբանան։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան կեդրոնատեղիի բացման հանդիսութիւն։

Փողերախումբ, սկաուտական «Պատուի՜ ա՛ռ», ժողովուրդ, հրաւիրեալ։

Առաջնորդ ու Վեհափառ։

Կեդրոնատեղին, որուն բացման հանդիսութեան առիթով այսքան ծաղիկ ու հեռագիր է տեղացեր, այսքան պաշտօնականութիւն կայ ու ժողովրդական հետաքրքրութիւն, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան կեդրոնատեղին՝ հազիւ քանի մը փոքր սենեակներէ կը բաղկանայ եւ ունի հազիւ մեծ սենեակի մը տարածութեամբ սրահ։

Սակայն,

Փաստօրէն Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան կեդրոնատեղին ըլլալով, ԽՈՐՀՐԴԱՆԻ՛Շ մըն է այս փոքր յարկաբաժինը եւ, իր ներքին միջուկով (թանգարան, «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի խմբագրատուն), ան ճառագայթելու կոչուած աննիւթական հսկայական հարստութիւն է։

Ապա, խորհրդանիշ յարկաբաժինի սրահը զոհի մը անունին է, Վարդգէս Տէր Կարապետեան. ու Վարդգէսով միւս զոհերուն՝ Լեւոնի ու Ներսէսի, Լեւոններու եւ Ներսէսներու նահատակութեան ձեւով մը ՅՈՒՇԱՐՁԱ՛ՆՆ Է այլեւս ինքը, այդ անսահման յարկաբաժինը։

Փոքր տարածութիւն, սակայն բարոյական մեծ լիցքով։

Ու այնքան մեծ ու նշանակալից, որ բացման հանդիսութեան առթած յուզումը ովկիաններ կը կտրէ, կը կտրէ անապատ, լեռ ու անտառ եւ կը սարսռացնէ հազար հազար եղբօր սիրտ։

Արդէն պարզ պատահականութեան մը հետեւանք չէ, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան կեդրոնատեղիի բացման հանդիսութիւնը տեղի կþունենայ 31 Յունուարին։

Այդ մէկը կը զգայ արար աշխարհ։

***

31 Յունուար 1987։ Տիթրոյտ, Միացեալ Նահանգներ։ Ճիշդ այն ժամուն, երբ Հ.Մ.Ը.Մ. Պէյրութի մէջ իր Կեդրոնականի կեդրոնատեղիի բացման հանդիսութիւնը կը կատարէ, այստեղ Հ.Մ.Ը.Մ. կը գումարէ իր 10-րդ Շրջանային Ժողով, ուր ժողովականները կը լսեն Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչին խօսքը.-

«Ամէն ինչ պէտք է մեծնայ, ամէն նախաձեռնութիւն պէտք է հսկայանայ։ Նպատակ հետապնդող ու դատ ունեցող ժողովուրդ մը չի կրնար ու պէտք չէ բաւարարուիլ գիտնայ։ Ահաւասիկ։ Ճիշդ չէ, որ Կեդրոնականը յարկաբաժին ունենայ եւ շէնք չունենայ։ Ճիշդ չէ, որ Կեդրոնականը շէնք ունենայ եւ թաղամաս չունենայ։ Ճիշդ չէ, որ Կեդրոնականը թաղամաս ունենայ եւ քաղաք չունենայ։ Ու երբ քաղաք ունենայ, ճիշդ չէ, որ միայն քաղաք ունենայ եւ հայրենի՛ք չունենայ»։

Համաձայն են բոլորը։

Ու ահա Տիթրոյտէն հեռաձայնի գիծ մը կը հաստատուի Պէյրութի հետ։

- Ալօ՜,- ԳՆԷՑԷՔ ՇԷ՛ՆՔԸ...

Չորս միութենական եղբայրներ, Ժոզէֆ Մելիքեան, Մանուէլ Գարճեան, Յովհաննէս Սթամպուլեան եւ Եղիշ Խոստեղեան հաւաքաբար 120,000 (աւելի քան 13 միլիոն լ. ոսկի) կը դնեն Կեդրոնականի տրամադրութեան տակ, ա՛յդ նպատակին։

Տիթրոյտի մէջ ժողովական Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ յոտնկայս երկար, երկար կը ծափահարեն նուիրատուութիւնը, նուիրատուները եւ հոգիի աչքերով կը հետեւին հեռաւոր բացման հանդիսութեան։

Եղբ. Պետրոս Կարապետեան շուրջ մէկ միլիոն լիբանանեան արժէքով համակարգիչ կը նուիրէ՝ որպէս շէնքին ղրկուած առաջին ընծայ։

Տեղէ մը արիւն կը նուիրուի, տեղէ մը քրտինք։ Ու հեւք ու հաւատարմութիւն ու հաւատք։

Միութիւնը լեռնէն գլորող ձիւնագնդակի մը պէս կը մեծնայ տակաւ։

Այս նուիրատուութիւնները բացման նոր հանդիսութիւններ են, աշխատանքի նոր ոճ, նոր ու ուժեղ օրինակ։ Կարկինները լայն բանալու քաջութիւն։ Կեդրոնը ուժով տեսնելու իմաստութիւն։

Անգամ մը եւս ու ընդմիշտ՝ օրհնեալ ըլլան բոլոր անոնք, որոնք իրենց միութեան ու անոր ճամբով իրենց ազգին կը նուիրեն քրտինք կամ արիւ՛ն,

Կամ՝ ե՛ւ քրտինք, ե՛ւ արիւն...

Տարածենք