Թիւ 69-70 - ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ
Գիտենք, որ նուիրել սիրել կը նշանակէ. կը նշանակէ վարձատրել, գնահատել։ Նուիրելը նախադուռն է ՆՈՒԻՐՈՒԵԼՈՒՆ, որ կը նշանակէ ՆՈՅՆԱՆԱԼ։
Արուեստ է նուէր ճշդելը։
Տպաւորիչ նուէրը այն է, օրինակ, որ կու գայ ոչ թէ առիթով մը, այլ կու գայ յանկարծ, չսպասուած, չակնկալուած պահու մը։
Ու տպաւորիչ նուէրը տակաւին այն է, որ քեզ կը մատնէ անակնկալի.- կը սպասէիր արծաթեայ օղ, կու գայ ադամանդեայ մանեակ, կը սպասէիր ադամադեայ մանեակ, ահա մէկ հատիկ կարմիր մեխակ...
Նուէրն ալ իր համն ու հոտը ունի։
***
Հաւաքականութեան եղած նուէրնե՞րը։
Նախ ընդգծենք, որ Սփիւռքի մեր պիւտճէական կազմակերպուածութեան հիմնական ՄՈՒՏՔը նոյնինքն նուիրատուութիւնն է։ Կան անկասկած այլ մուտքեր ալ, սակայն անոնք՝ այդ «այլ մուտքերը» այնքան վտիտ են դժբախտաբար, որ կը ծառայեն միայն յիշուելու։ Փաստօրէն,
«Ազգային Տուրք»ը գոյութիւն ունի որոշ գաղութներու մէջ միայն, այդ ալ նուազագոյն չափով ճշդուած եւ մասնակիօրէն արդիւնաւորուած։
Միութեանց եւ կազմակերպութեանց գանձած ՑԵՆԶԵՐԸ պարզապէս կանոնագրայինի սահմաններուն մէջ են մնացած եւ դարձած՝ ԽՈՐՀՐԴԱՆՇԱԿԱՆ գումար։
ՄՆԱՅՈՒՆ ԱՂԲԻՒՐՆԵՐը այնքան քիչ են ու ազգապատկան կալուածները այնքան նօսր, որ շահարկումի ծրագիրները յաճախ մնացած են փափաքի սահմաններուն մէջ։
Ընդհակառակն, գաղութներու յաջորդական կազմաւորման ընթացքին ու մինչեւ այսօր, իւրաքանչիւր մեծ ու պզտիկ ձեռնարկներուն՝ մեծ ու պզտիկ ի՜նչ նուիրատուութիւններ եղած են, որպէսզի դպրոցները գործեն, միութիւնները իրենց առաքելութիւնը շարունակեն, կազմակերպութիւնները շրջապատին զգացնեն հայութեան գոյութիւնը։
Իւրաքանչիւր գաղութ ինքզինք նորոգած է մէկ կամ քանի մը բարերարներու առատաձեռնութեամբ։ Հո՛ս մեծ հոգի մը դպրոց շինած է, հո՛ն՝ ակումբ, ա՛յլ տեղ՝ հիւանդանոց։
Դիտենք։ Հ.Օ.Մ.ը այսպէս, Համազգայինը այդպէս։ Եթէ հաշուենք Հ.Մ.Ը.Մ.ի՛ն եղած նուիրատուութիւնները ա՛յս տարուան մէջ, արդէն կը լեցուինք հպարտութեան զգացումով.-
Ծանօթ են ՉՈՐՍԵՐԸ, որոնք 120.000 տոլար նուիրեցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան, որպէսզի ան ունենայ իր սեփական շէնքը։ Այդ առիթով, կրկին ծանօթ Հ.Մ.Ը.Մ.ական մը նուիրեց 5000 տոլար արժողութեամբ համակարգիչ։
Այս տարուան մէջ էր, որ Աշոտ Մամիկոնեան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սան Ֆրանսիսքոյի մասնաճիւղին ժառանգ ձգեց 150.000 տոլար։
Լոս Անճելըսի մէջ, վերջին Նաւասարդեան խաղերուն, բարերար Վաչէ Մանուկեան շրջանի Հ.Մ.Ը.Մ.ին նուիրեց 25.000 տոլար, իսկ օրուան հովանաւորը՝ կրտսեր Կարօ Սողանալեան նուիրեց 100.000 տոլար ու հայր Սողանալեան՝ 50 էյքըր հող, որպէսզի դաշտ ունենան երիտասարդները։ Պէյրութի մէջ տէր եւ տիկին Նուպար եւ Նուէր Վարդանեաններ մէկ ու կէս միլիոն Լ. ոսկի ծախսեցին, որպէսզի Հ.Մ.Ը.Մ. ունենայ իր պասքէթի դաշտը։
Վերջին ձայնը ուժեղ, հնչե՛ղ հնչեց... Աւստրալիայէն։ Անդրանիկ եւ Բենիամին Բանոյեան եղբայրներ 250.000 (երկու հարիւր յիսուն հազար) տոլար արժողութեամբ մարզաւանի մը շինութիւնը յանձն առին. ծախս, որ կրնայ բարձրանալ մինչեւ 400.000-ի։
Այսպէս, ժողովուրդը, պարզ ու բարի ժողովուրդը, հազիւ նուիրատուի մը համար իր օրհնութեան աղօթքը աւարտած, սկսաւ նորի մը համար, նոյնքան խոր ու խորոց։
Իրապէ՛ս։ Հարստանալը տալուն մէջ է, ո՛չ թէ ունենալուն։
Իրապէ՛ս։ Կա՞յ աւելի մեծ հարստութիւն, քան Աստուծոյ եւ իր սեփական ժողովուրդի օրհնութեան արժանանալու փաստը։