Թիւ 83-84 - ԱՄԵՆԱՅՆ ՍՐԲՈՑ
Մեր անկրկնելի միութեան եօթանասունամեակի առաջին բաժակը վերցուցինք կենացը մեր մայրերուն, մեր կիներուն ու քոյրերուն.
Անոնք էին, որ մեզ մղեցին Սրբազան Խենթութեան։
Եօթանասունամեակի առթիւ մենք խօսեցանք մեր «զօրավար» գայլիկներու մասին.
Անոնք վերածնած Դաւիթներ էին Սասնայ։
Ու երգեցինք փառքը հայ զինուորին.
Ան մեր անցեալի ուժն էր եւ Ան կռուանն էր մեր երջանիկ վաղուան։
Ու տակաւին բաժակ բարձրացուցինք մեր Խոնարհներուն կենացը.
Անոնք էին արտը՝ ուր ծառ ու ծաղիկ, որթատունկ ու ցորենի հասկ՝ բերք դարձան։
Չմոռցանք անգամ բացակաները, ի՜նչ փոյթ, անոնց ներկայութեա՛ն միայն բաժակ բարձրացնելու խոստումով։
Մեր միութեան եօթանասունամեայ փառատօնը հազիւ սկսած, ահա՛ տարին, որ կը խառնուի դարուն։ Բաժակի իրաւունքէն դուրս մնացած են այնքան դէմքեր ու դէպքեր՝ որոնք մեզ մերը ըրին, գործընթաց մը Պատմութեան վերածեցին. այնքան՝ որ առանց անոնց՝ այդ դէմքերուն ու դէպքերուն՝ տօն ու տօնակատարութիւն կը թուին կիսաւարտ. ու ոչինչ կրնայ փառատօն մկրտուիլ։
Այդ իսկ պատճառաւ՝ այս ամենայն Սրբոց է։
***
Ու ամենայն սրբոց է մանաւանդ անոր համար, որ մեր քրտինքով ու հաւատքով լեցուած բաժակը արդէն կը յորդի Հայրենիքի արեամբ։ Ու «մարմին»ը որուն համար «առէք կերէք» կը հրահանգուի՝ նոյնինքն Արարատեան Աշխարհն է, հազար անգամ բզկտուած։
Տեսակ մը Խաչէն տակաւին վար չառնուած Յիսուս, փշապսա՛կ ճակատով։
Ե՛ւ ժողովուրդն Հայոց, ե՛ւ Հայրենիքն Արմենական։
Այս ամենայն սրբոց տօնակատարութիւն ալ չէ, այլ՝ սրբութիւն սրբոց պատարա՛գ։
Հայրենիքէն դուրս բոլոր տօնակատարութիւնները Կաղանդի գիշեր եղան մեզի համար կեղծ, կեղծ, կեղծ Կաղանդ պապուկով ու կեղծ՝ ամէն ինչով։
Ո՞վ կրնայ երեւակայել ու հասկնալ՝ որ հայրենի միութիւն եւ հայրենիքէն դուրս ծնի, հայրենիքէն դուրս ապրի…
Մերը այդպէ՛ս եղաւ։
Մենք տօնակատարութիւններ սարքեցինք դիմադրականութիւն ու տոկունութիւն ամբարելու համար ու իրականին մէջ մերը տօն ու տօնակատարութիւն չեղաւ արդէն, այլ վերաքաղ՝ տարուած սրբազան գործին, արձանագրուած հաւատարմութեան, մարգարտացած քրտինքին։
Ու մանաւանդ՝ գալիք եօթանասունամեակներու պատրաստութեան համար երդումի արարողութիւններ եղան մեր տօնակատարութիւնները ի սփիւռս աշխարհի։
Յամենայնդէպս, 1988 տարին սկսաւ զանգերու ուրախ ղօղանջով, սակայն նոյն տարին փակուեցաւ զանգերու տխրահունչ հծծիւնով։
Ոչ մէկ սուրբ, կամ բոլոր սուրբերը համախումբ՝ չկրցան օգնել մեզի, այսինքն Հայաստանին։
Երկրաշա՛րժ։
Կէս մնաց շատ բան, յետաձգուեցաւ շատ բան, ջնջուեցաւ ամէ՛ն բան։
Ակնթարթի մը համար խորտակուեցաւ մեր եռանդն անգամ։
Հիմա, ահա այս տարուան, կամ եօթանասունամեակի, կամ հայոց տասհազարամեայ պատմութեան վերջին բաժակը՝ որ կը հրամցուի ամենայն սրբոց։
Ու ահա մեր սուրբերուն հետ աշխարհի բոլոր սուրբերուն ու անգամ անսուրբերուն բողոքը.
- Տէ՜ր, դա՛ռն է Բաժակը, դառն է անգո՛ւթ…
Սակայն, ամենայն սրբոց համար բարձրացած բաժակը մենք կը պարպենք ահաւասիկ, ցմրո՜ւր, ինչպէս Քրիստոս՝ Յարութեան ինքնավստահութեամբ։
Այս՝ վերջին էջն է արդէն եօթանասունամեայ տօնակատարութեան. Հայոց Պատմութեան նմանակ, տեսակ մը արեամբ մկրտուած՝ ի՛նք Ամենայն Սրբոց…