Թիւ 97-98 - ԿԱՂԱՆԴ Է ԵՒ ՀՈ՞Ն

 

Կաղանդ է, նորէ՛ն։

Նորէ՛ն լոյսերը լալով կը ժպտին, նորէ՛ն երգեր կը փշրուին պողոտաներուն վրայ՝ թանկարժէք քրիսթալներու վնկոցով ու ղօղանջները, ղօղանջները, յայտնի չէ, կու լա՞ն, կը խնդա՞ն, կ’աւետեն ծնո՞ւնդ թէ կը գուժեն՝ մա՛հ։

Ճինկըլ պէլզ, ճինկըլ պէլզ…

Կաղանդ է, նորէ՛ն։

Յոյս ու յուսահատութիւն, տխրութիւն ու ուրախութիւն թեւ թեւի մտած, աղմկարար զոյգերու պէս կը վազեն ճառագայթներու ետեւէն։

Ամէն ինչ ինքնամոռացումի գինովութիւն է։ Ինքնախաբէութեան քաղցրութիւն։ Հակառակ անոր որ նուէրներու տարափ է, Կաղանդ Պապուկներու զուարթացնող անցք է, տխրութիւնը կը շարունակէ ծորիլ ամէն անկիւնէ։

Տխուր ու տխրեցնող են Կաղանդի պատմութիւննե՛րն անգամ։

Գիրքերը կը խօսին բարութեան՝ չարութեա՛մբ տրուած պատասխաններու մասին, անմեղութիւն յօշոտող՝ չորութիւններո՛ւ մասին ու երբեմն երբեմն կը խօսին նաեւ զոհողութեան՝ երախտագիտութեա՛մբ տրուած աղուորութիւններու մասին, որով մարդ կրկնապէս կը յուզուի…

Հեռատեսիլները հուրի-բերիներ կը ցուցադրեն ու այնտեղ եւս Կաղանդի պատմութիւնները կ’աւարտին տխրեցնող բարութեամբ։

Տարօրինա՜կ. Կաղանդ Պապուկները կը սիրուին, հակառակ անոր որ ծե՛ր են, ի՜նչ փոյթ, թէկուզ՝ կարմրադէ՛մ։

Ամէն ինչ անօրինակ է, տարօրինա՛կ է Կաղանդին։

Արդէն տարօրինակ եղած է աշխարհի բանը աշխարհի սկիզբէն ի վեր, ինչպէս մեր աշխարհը միշտ Կաղանդ եղած է, մեր աշխարհը ըլլալէն ի վեր։

Կաղանդ։

Այսինքն՝ լաց ու ժպիտ, ծնունդ ու մահ, յաղթանակ ու պարտութիւն, ձախողութիւն ու յաջողութիւն, շինարարութիւն ու քանդում, պատերազմ ու խաղաղութիւն, կայունութիւն ու… երկրաշարժ։

Կաղանդ։

Այսինքն ցտեսութեան երգ, առաջին ու վերջին համբոյր մեռնող ու ծնող տարիներուն, փոխանակուող քաղցր մաղթանքներ, առանձնութիւն, յաճախանք հեռաւոր սիրելիներու, կարօտ բացականերու, չքաւորութիւն բախտի, բնութեան, բնաւորութեան։

Կաղանդ։

Ծայրայեղութիւնները երկուորեակներու պէս։ Երկուքը միասին։ Հականիշները այնքան ներդաշնակ։ Ամէն ինչ այնպէս, ինչպէս անձրեւ ու ծիրանի գօտի։

Ժպտացող արցունք։

Կաղանդ։

Հիմա, հարցականը։

Հիմա, որ Կաղանդ է աշխարհով մէկ, Կաղանդ է եւ «Հո՞ն»։

«Հոն»՝ ուր Կաղանդը Կաղանդին չէ եկած… երբե՛ք։

***

«Հոն»ը, հասկնալի է անկասկած, աշխարհի մէջ մե՛ր աշխարհն է, որ կարծէք մաս չի կազմեր աշխարհին։

Արդարեւ ու փաստօրէն ա՛յս Կաղանդն ալ աշխարհին համար բան մը եղաւ, մեր աշխարհին համար եղաւ ուրի՛շ բան։

Ինչպէս՝ մի՛շտ։

Մեր Կաղա՞նդը այս Կաղանդին։

Ահաւասի՛կ։

Արարատի բարձրութեամբ Կաղանդի ծառ է շտկուեր, որուն վայր Լուսաւորչի Կանթեղը լոյս կը մղէ եւ ուր հրեշտակներ կþելեւէջեն։

Շուրջ բոլորը՝ մեռելնե՛ր։

Ալելուիա՜, ալելուիա՜…

Մեր Կաղա՞նդը ա՛յս Կաղանդին։

Երեւակայեցէ՛ք մեռելներ, որոնք Կաղանդի գիշերով այցի կու գան, կը նստին սեղան։ Փոքրիկները կարօտով կը համբուրեն զանոնք, միանգամընդմիշտ մոռնալով բուխերիկները՝ որոնցմէ կրնար չիր ու չամիչ, կօշիկ ու գուլպայ տեղալ։

Չէ՞ մեռելները մէկական արեւ են, անսահման սէր են, ու գուրգուրանք, ու ամէնօրեայ Կաղանդ Պապա։

Փոքրիկներուն համար ի՞նչ են ծնողները հապա։

Երեւակայեցէ՛ք այս անգամ մեծերը. հայրերը օրինակ՝ որոնք Կաղանդին իրենց զաւակները կը տեսնեն դրան առանքէն ու կը վազեն զանոնք գրկելու։

Կա՞յ զաւկէն աւելի քաղցր Կաղանդ։

Ինչպէ՛ս խօսիլ մեռած կամ իրենց մեռած զաւակը Կաղանդ գիշերով գրկած մայրերու մասին։

Պա՞րզ է։ Հոն մեռելներո՛ւ Կաղանդ է։

Այս նուիրական գիշերով հոն ամէնէն շատ մեռելնե՛րն են որ պիտի յիշուին ու նշուին, ամէնէն շատ մեռելնե՛րն են որ պիտի տեսնուին ու Կաղանդը մեռելոց պիտի ըլլայ։

Ու մեռելները իրենք ողջերուն աչքի լոյսի պիտի երթան։

Տարելից ու տարեդարձ։

Կաղանդի գիշերով տարելից պիտի ըլլայ ու տարեդարձի պատրաստութիւն։ Տարելից անոնց հոգուն՝ որոնք նոյնացան հայրենի հողին հետ ու տարեդարձի պատրաստութիւն անոնց համար՝ որոնք հայրենի պատմութիւնը վերակենդանացնելու համար հրապարակ իջան ու բռունցքներով պատռեցին երկնքի կուրծքը։

Տարելից մեռելներուն ու տարեդարձի պատրաստութիւն՝ ծածանած դրօշներուն, բարձրացած բռունցքներուն ու բարձրանալիք բազուկներուն համար։

«Հոն» այս Կաղանդը Սումկայիթ պիտի կոչուի, պիտի կոչուի Սպիտակ, պիտի մկրտուի՝ Արցախ։ Ու դրօ՜շ Եռագոյն։

Ամէն մարդ պիտի զգայ որ հայոց լեռներով սուրբեր, նահատակներ ու հսկաներ են որ կ’անցնին։

Այս Կաղանդին «հոն» Կաղանդ Պապուկը ԵՐԴՈՒՄ պիտի կոչուի ու Սարդարապատի զանգերուն ղօղանջերը Երկինք պիտի հասնին։

Այս Կաղանդին «հո՛ն» ալ Կաղանդ պիտի ըլլայ՝ իրական Կաղանդներու կարօտով։

Կաղանդ պիտի ըլլա՛յ, եւ՝ ի՜նչ Կաղանդ։

Ալելուիա, ալելուիա…

Տարածենք