Թիւ 99-100 - ՅԱՐԳԱՆՔԸ

 

Վէճը նոր չէ, ընդվզումը՝ նմանապէս։

Տարեցները մոռցեր են իրենց երիտասարդ տարիքի երիտասարդական ըմբոստութիւնները ու երիտասարդները մոռցեր են՝ որ տակաւին երէկ երեխայ էին, յետոյ պատանի…

Տարեցները գիտեն՝ որ չեն կրնար մանկանալ, երիտասարդները չեն հաւատար՝ որ պիտի ծերանան։

Տարեցները կառչեր են իրենց փորձառութեան հետեւանքով կուտակուած «իմաստութեան», իսկ երիտասարդները ամէնէն աւելի կ’ատեն ա՛յդ փորձառութիւնը, ա՛յդ իմաստութիւնը ու կþուզեն ապահովել իրենց սեփականը, ի հարկին՝ «իյնալ-ելլելով»։

Մուրալու տպաւորութիւն կը թողու՝ երբ երէց մը կþըսէ՝ «յարգէ՛ մեծդ»։ Կամ կը թարգմանի՝ որ տարեցները բռնատէրեր են…

Միւս կողմէ՝ ազատութեան չարաշահում կը նկատուի երբ երիտասարդ մը բացագանչէ. «Կ’ուզեմ կը յարգեմ, կ’ուզեմ չեմ յարգեր», առանց անդրադառնալու, որ ազատութիւ՛նն ալ իր սահմանները ունի եւ ազատութիւ՛նն ալ… շատ ազատ չէ։

Արդարեւ կը թուի, որ որքա՛ն ազատութիւնը վերելք արձանագրէ, այնքա՛ն վայրէջքը կ’արձանագրէ… յարգանքը։ Կարծէք մէկը միւսին մրցակիցը կամ հակառակորդը ըլլար։

Տակաւ յարգանքի արտայայտութիւնները ձեւ կը փոխեն, ինչ որ հասկնալի է, սակայն յարգանքի ըստ էութեան հասկացողութիւ՛նն ալ երբեմն կասկածի տակ կ’առնուի, ինչ որ ըմբռնելի չէ։

Վէճը, որ կայ մարդուն ծնունդէն ի վեր, տակաւին կը շարունակուի։

Հարցը այն է, որ կողմերը չեն ըմբռնած մէկ բան. գուցէ կարելի է վիճիլ այն մասին որ պզտի՞կը միայն մեծը պիտի յարգէ, թէ մե՛ծն ալ պարտի պզտիկը յարգել։ Գուցէ պէտք է վերարժեւորել յարգանքի արտայայտութեան եղանակները, ձեւերը, տեղը։

Սակայն տարօրինակնօրէն հարցը այն է, որ շատ այլ նիւթերու պէս, հո՛ս ալ վիճելի կը մնայ՝ անվիճելին…

Այս պարագային պարզապէս նոյն ինքը՝ յարգանքը։

***

Յարգանքը վիճակ մըն է, զգացում մըն է, հասկացողութիւն մըն է որ կայ իր իրաւութեամբ, անհրաժեշտութեամբ եւ կիրարկումով։

Յարգանքը աստուածային պատգամ մըն է։

Յարգել կը նշանակէ մեծարել, պատուել, արժեւորել, հետեւաբար՝ ուրախացնել։

Ամէն մարդ, ի՛նչ սեռի, ցեղի եւ գոյնի ալ պատկանի, արժանի է յարգանքի նախ անոր համար՝ որ մարդ է։ Նաեւ ա՛յս պատճառաւ եզրակացուած է որ դիմացինը յարգել՝ ինքզի՛նք յարգել կը նշանակէ։

Յարգանքին մէջ կայ կենցաղագիտութիւն, վարուելակերպ, քաղաքավար մարդու կեցուածք։

Յարգել ստորնանալ չի նշանակեր։ Յարգել ստորադաս ըլլալ չի նշանակեր։ Յարգել՝ իր անհատականութենէն բան կորսնցնել չի նշանակեր։

Յարգողը աւելի՛ կը շահի, քան յարգուողը։

Յարգանքի ակնկալութիւնը, իր կարգին, պատուըուելու փառասիրութիւնը չէ։

Յատկապէս Հ.Մ.Ը.Մ.ի պէս միութեանց պարագային՝ յարգանքը դաստիարակչական նպատակ իսկ է եւ կառուցային հասկացողութիւն։

Հ.Մ.Ը.Մ. բարձրացած է փոխադարձ յարգանքի վրայ եւ անով է որ փառաբանուած է եւ ինքզինք արժեւորած։

Ինպէ՞ս կարելի է բարձրանալ-բարձրացնել՝ առանց յարգանքի։

Հ.Մ.Ը.Մ.ին համար յարգանքը կանոնագիր է, փոխ յարաբերութեան մշակոյթ է, կարգապահութիւն է եւ օրէնքի ճանաչում։

Յարգանքը Հ.Մ.Ը.Մ.ի դաստիարակչութեան հիմքն է եւ այդ պատճառաւ իսկ պէտք է անսաստողներուն յիշեցուի յարգելու պարտաւորութիւնը, յարգանքի անվերապահ կիրարկումը։

Փառքի մուրացկանութիւն չէ յարգանքի պահանջը։ Ա՛յդ եւս գործ է, առաքելութիւն՝ որ կրնայ սիրտ կոտրել, թիւրիմացութիւն ստեղծել, բայց առանց որուն, հեղգութիւնը կրնայ իջնել շարքերուն, ու ծնունդ տալ բարոյալքութեան։

Ի՜նչ աւելի տպաւորիչ պատկեր քան՝ իր աստիճանաւորին առջեւ բարեւի կեցող գայլիկը, ու անոր բարեւին լրջութեամբ բարեւ փոխադարձող պատասխանատուն։

Հ.Մ.Ը.Մ. մանաւանդ ա՛յս է։

Յարգա՛նք։

***

Յարգանքը, մեր պարագային, նաեւ ազգապահպանման միջոցներէն մէկն է եւ կրնայ այդպիսին ալ մնալ, մեզ զատորոշելով մեր շրջապատէն։

Վա՜յ այն տան, որ չէ բարձրացած յարգանքի վրայ։ Վա՜յ այն տան՝ որուն անդամները հայր, մայր ու զաւակ, փոխադարձ յարգանքով զիրար չեն պարուրած։

Ազգի մը նկարագիրը կը ցոլայ նաեւ ա՛յս ճամբով։

Մեծ է ու մեծ կրնայ մնալ միայն այն ազգը, որ յարգանք կը տածէ զինք մեծ պահողներուն հանդէպ։

Յարգանք՝ տարեցներուն հանդէպ, յարգանք՝ երախտաշատ մարդոց հանդէպ, յարգանք՝ մտաւորականներուն, հերոսներուն, ազգային բարերարներուն եւ ազգի պատասխանատուներուն հանդէպ։

Յարգանք պատմութեան հանդէպ ու յարգանք բոլոր անոնց հանդէպ՝ որոնք աշխատած են կամ կþաշխատին ի սէր հայրենեաց։

Բարեբախտաբար յարգանքը մեռելներուն եւ նահատակներուն հանդէպ տակաւին ազգային մեր նկարագրին մաս կը կազմէ եւ այդ մէկը՝ չէ թօշնած…։

Փաստօրէն՝ Մեռելոցին կþայցելենք մեր մեռելներուն, Քառասունքներուն ու Տարելիցներուն կը յիշենք զանոնք, անոնց յիշատակին ծունկ մը աղօթք ու պտղունց մը խունկ կը ծխենք ու ազգային մեր տօնակատարութիւններուն կը փակենք վաճառատուն ու դպրոց, ներկայ կþըլլանք սգատօններուն, փառատօններուն։

Կարելի է ըսել, որ ազգովին մի՛շտ ալ յարգած ենք մեր մեռելները, երբեմն շատ աւելի՝ քան ողջերը…

Յարգանքը ապրեցուցած է մեզ ու յարգանքը մեզ կապած է պատմութեան, անցեալին։

Անհրաժեշտ է այդ յարգանքէն բաժին հանել նաեւ ողջերուն։

Անհրաժեշտ է որ տարիքները իրենց յարգանքի իրաւունքը ստանան, աստիճանները, պաշտօնները հեղինակութիւն մնան, կարգ ու սարքերը արմատանան՝ որպէսզի անհատը երջանկանայ եւ ազգը կրկնապէս ինքզինք ուժեղ ու ամուր զգայ։

Յարգանք՝ մեռելներուն եւ ողջերուն հանդէպ, միաժամանա՛կ։

Թէ՛ անհատական կեանքի մէջ, թէ՛ հաւաքական կեանքի մէջ։

Նահատակներու եւ նահատակութեան պատրաստ սերունդներուն առջեւ, յարգանքի հաւաքական կեցուածքը ազգային փրկութեան նախաքայլը պիտի ըլլայ։

Որովհետեւ յարգանքը միայն անուշ խօսք չէ, այլ մանաւանդ՝ գործակցութեան տրամադրութիւ՛ն։

Տարածենք